Ռուսիոյ հարաւարեւմտեան Քուրսքի կառավարիչը յայտարարեց, թէ հինգ մարդ վիրաւորուած էª Քուրսք քաղաքի գնացքներու կայարանին վրայ անօդաչու թռչող սարքերով ուքրանական յարձակումի պատճառով: Ըստ կառավարիչին, սարքը բախած է կայարանի տանիքինª յառաջացնելով հրդեհ, մինչ մարդիկ թեթեւօրէն վիրաւորուած են ապակիի փշուրներէն:
Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պնդեց, որ ՙՈւքրանիոյ պատերազմը պիտի չաւարտի նախքան Քիեւի ազգայնական վարչակարգի կործանումը, նոյնիսկ եթէ անոր համար անհրաժեշտ ըլլան տարիներ կամ տասնամեակներ՚: Մետվետեւի խօսքով, Ուքրանիոյ մէջ Արեւմուտքին պարտութիւնը հաստատ է, իսկ որոշ երկիրներու դիրքորոշումը պիտի փոխուի եւ անոնք պիտի պահանջեն առկախել հակամարտութիւնն ու բանակցիլ:
Այլ գիծի վրայ, Ռուսիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը հրապարակեց որոշում մը, որուն հիմամբ սահմանափակեց Ինթըրփոլի աշխատանքը երկրին մէջ: