Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Սամիհ Շուքրի կոչ ուղղեց լուծումներ գտնելու սուրիական ճգնաժամի բոլոր երեսներուն: Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետըրսընի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Շուքրի արծարծեց Սուրիոյ հարցով արաբական նախարարական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, կոչ ուղղելով պահպանելու Սուրիոյ կայունութիւնն ու ամբողջականութիւնը: