Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալման Ժետտայի մէջ տեսակցեցաւ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտէլ Լահիանի հետ: Ըստ Ռիատի, զրուցակիցները արծարծած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, հետագայ համագործակցութեան միջոցները եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Իրանի ՙԻՐՆԱ՚ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս առաջին անգամն է, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնակատար մը կը տեսակցի Մոհամմատ Պըն Սալմանի հետ: Ապտէլ Լահիան հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռիատի հետ աշխատանքը կը շարունակուիª ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնութիւն կնքելու համար, աւելցնելով որ սէուտցի իշխանը խոստացած է յարմար պահուն այցելել Թեհրան: