Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը բողոքեց, թէ Լիբանանի մէջ գործադրուած սխալ քաղաքականութիւնները երկիրը հասցուցած են պետական հաստատութիւններու փլուզումի եզրին: Ռահի կիրակնօրեայ քարոզին մէջ վերստին կոչ ուղղեց անյապաղ ընտրելու երկրի նոր նախագահը: