Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

August 11, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

 

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարարը ողջունած է նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւններ մաղթած է հայաստանեան առաքելութեան ընթացքին: Երկուստեք կարեւորուած է հայ-իրանեան ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները եւ զայն խորացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՙՈւրախալի է փաստել, որ մեր յարաբերութիւնները լաւ կշռոյթներով կը զարգանան, բայց առկայ է մեծ ներուժ այլ ուղղութիւններով եւս յարաբերութիւնները զարգացնելու, խորացնելու համար՚, ըսած է նախարարը` ընդգծելով յատկապէս ուժանիւթային ոլորտին մէջ առկայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է համատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը: Նախարարը կարեւորած է ծրագիրները սահմանուած ժամկէտերու մէջ աւարտելու անհրաժեշտութիւնը:

Ընդգծած է յատկապէս Իրան-Հայաստան երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծի շինարարութիւնը շուտափոյթ աւարտելու անհրաժեշտութիւնը: Դեսպանը հաւաստիացուցած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներով աշխատանքները սահմանուած ժամկէտերու մէջ աւարտին:

Երկուստեք կարեւորուած է իրանեան շինարարական ընկերութիւններու ներգրաւուածութիւնը հայաստանեան շինարարական գործընթացներուն: Քննարկուած են նաեւ ճանապարհաշինութեան, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտներուն վրաբերող հարցեր:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՙՓԱՓՈՒԿ ՈՒԺԸ՚ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ

Next Post

ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Next Post
ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.