Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանի անունով փողոց Պէյրութի մէջ. ՙհայկական փափուկ ուժի՚ օրինակ մը
Վերջերս հրապարակային քննարկման նիւթ կը դառնայ ՙփափուկ ուժ՚ (soft power) եզրը եւ անոր դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Փափուկ ուժի յղացքը հասկնալու համար բնականօրէն պէտք է դարձնել մետալը, ուր իշխող է ՙկարծր ուժ՚ը (hard power). առանց մէկուն կարելի չէ հասկնալ միւսը:
ՙՓափուկ ուժ՚ եւ ՙկարծր ուժ՚ հասկացութիւններուն հեղինակը կը հանդիսանայ Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն քաղաքագէտ Ժոզֆ Նայ (Joseph Nye): Իր 1980-ական թուականներէն սկսեալ առաջադրած գաղափարները բիւրեղացած են, արդէն դասական դարձած ՙՓափուկ ուժ. համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն՚ (2004) գիրքին մէջ: Նայի այս աշխատութիւնը լայնօրէն եւ յաճախակի օգտագործուող աղբիւր եւ յղում է քաղաքական առաջնորդներու եւ դերակատարներու, մամուլի գործիչներու, գիտաշխատողներու եւ բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու համար: Երբեմն նոյնիսկ իր հիմնական պարունակէն դուրս կամ սխալ ձեւով օգտագործուած են Նայի գաղափարները:
Ըստ Նայի սահմանումին, ՙփափուկ ուժը՚ կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան` գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն (լայն իմաստով), քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն: Մինչդեռ ՙկարծր ուժը՚ կþընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտագործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Նայ կը պնդէ, որ ուժի կիրառութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ ՙփափուկ ուժը՚ կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ ՙկարծր ուժը՚ լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով:
Փափուկ ու կարծր ուժերու կիրարկման աշխարհահայեացքի այս լայն շրջագիծէն անդին` եթէ աւելի նեղ դիտանկիւնէ նայինք հայկական կեանքի ներքին դրսեւորումներուն, մանաւանդ ինքնութեան վերաբերող մօտեցումներուն, կը տեսնենք որ ՙհայկական կարծր ուժ՚ կþօգտագործուի յատկապէս ՙդասական՚ կառոյցներու կողմէ: Հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը կը դիտարկուին խիստ ազգայնական կամ պարտադրական (essentialist) մօտեցումով:
Տասնամեակներով, սփիւռքի ՙաւանդական՚ կառոյցները իրենց կանոնական մօտեցումները ունեցած են հայկական ինքնութեան մասին եւ ունին իրենց ձեւակերպումները եւ արդարացումները ՙհայու՚ սահմանումներուն նկատմամբ: Մէկ կողմէ կայ ՙկարծր ուժ՚ի կիրառութիւն` ինքնութեան մասին ենթադրութիւններ եւ ՙքաղաքականապէս ճիշդ՚ սահմանումներ, ակնկալութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ թէ ՙո՞վ է հայը՚: Այս ՙկարծր՚ մօտեցումը ունի վճռորոշ չափանիշեր. օրինակ` հայերէն խօսիլ, հայ ՙարիւն՚ ունենալ, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ պարտաւորութիւններ ունենալ եւ ալյն:
Միւս կողմէ, 21-րդ դարուն, ինքնութեան ՙփափուկ ուժ՚ը տարբեր դրսեւորում ունի: Նոր ինքնորոշուած եւ հաստատուած ՙհայկական ինքնութիւնները՚ կը գերակշռեն աշխարհով մէկ սփռուած յետցեղասպանութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի հայկական շրջանակները: Անոնց շարքին են, օրինակ, ոչ միայն գծիկներով բաժնուած հայերը (ամերիկա-հայ, լիբանանա-հայ, ռուսա-հայ եւ այլն), այլեւ տոկոսային հայերը (կէս, քառորդ, 1/8 հայ եւ այլն) եւ վերջին տարիներուն քննարկուող ՙիսլամացած հայ՚ ինքնութեան իրականութիւնը:
Ասոր առընթեր կայ հայկական ինքնութեան պետականակեդրոն սահմանումը հայկական սփիւռքին: Օրինակ` Խորհրդային շրջանին, 1976-ին հրատարակուած արմատական արդի բառարանը սփիւռքը կը սահմանէ իբրեւ` ՙՍովետական Հայաստանէն դուրս գտնուող հայաբնակ վայրերու ամբողջութիւնը՚: Սփիւռքի ինքնութեան սահմանումին մէջ մեծ դեր կը խաղայ հայկական պետութեան ՙքաղաքականութիւնը՚: Խորհրդային ժամանակներէն սկսեալ եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, պետականակեդրոն հասկացութիւնն ու վերաբերումը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առանցքը եղած են: Թերեւս կան արդարացի պատճառներ նման քաղաքականութեան համար, սակայն անոր մէջ առկայ է ՙկարծր ուժի՚ մօտեցումը:
Իր կարգին, Սփիւռքը ունի իր սեփական ինքնաըմբռնումը կամ ընկալումը, ուր հայկական պետականութիւնը պարտադիր իր ինքնութեան առանցքը չի կազմեր: Հոս է որ հայկական ինքնութեան տարբեր տեսակէտերու բանաձեւումը պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ վէճերու դուռ կը բանայ:
Սփիւռքի դերը իբրեւ ՙփափուկ ուժ՚
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մէջ ՙկարծր ուժը՚ կրնայ խնդրայարոյց ըլլայ, սակայն ի՞նչ է ՙհայկական փափուկ ուժը՚ ընդհանուր առմամբ: Աշխարհը այսօր հայութիւնը ընդհանրապէս կը ճանչնայ իր մշակոյթով, գիտական միտքով եւ ստեղծագործութեամբ, առեւտուրի մարզի յաջողութիւններով եւ դրական այլ յատկանիշերով: Միջազգային մակարդակի վրայ հայերը ծանօթ են, օրինակ` երաժշտութեան մէջ իրենց ներդրումով, Կոմիտասով, Արամ Խաչատուրեանով, Ազնաւուրով, Սերժ Թանքեանով: Նոյնքան ճանչցուած են արուեստի եւ մշակոյթի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ ստեղծագործող տասնեակ հազարաւոր հայերով: Այս մեր փափուկ ուժի կարեւոր մէկ մասն է: Գիտութեան մէջ ունեցած ենք գիտնականներ, որոնք բազմաթիւ յայտնաբերումներ կատարած են տարբեր երկիրներու մէջ: Վերջին այս քանի մը տարիներուն, օրինակ Covid-ի շրջանին, Նուպար Աֆէեանի ՙModerna՚-ն պատուաստ տրամադրեց մարդկութեան: Այս նաեւ հայկական փափուկ ուժ է: Նոյնն է business-ի աշխարհին մէջ. Ալեքս Մանուկեան, Գըրգ Գրիգորեան եւ բազմահազար ուրիշներ: Կարճ. սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս ճանչցուած են իրենց փափուկ ուժով:
Սփիւռքի փափուկ ուժը, սակայն, այսօր կը գտնուի աւելի անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, որեւէ տեղ կամ երկիր ապրող հայ անհատներ կրնան իրենց փափուկ ուժը օգտագործել կամ ուղղակի կապեր հաստատել Հայաստանի հետ ցանցային միջոցներով: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը հետզհետէ նուազած է սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ: Բնականաբար, տակաւին կան լոպիիսթական խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, սակայն ազդեցութեան աւելի մեծ ներուժը կը գտնուի անհատ հայերու մօտ: Այսուհանդերձ, այսօր առկայ է այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը` զայն վերածելով մնայուն եւ համակարգուած կառոյցի, որ կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ եւ բովանդակալից փոփոխութիւններ ստեղծել, որովհետեւ առանց փոփոխութեան ներուժի` հաւաքական ուժը բաւարար չէ: Ներկայիս, հակառակ իր ունեցած միջոցներուն եւ կարողականութեան, սփիւռքը ամբողջովին չէ օգտագործած այս հաւաքական ուժը` մնայուն եւ հաստատութենական ազդու կառոյց մը ստեղծելու համար:
Թէեւ սփիւռքի հայկական փափուկ ուժը այսօր կրնայ ուղղակի նպաստել Հայաստանին, սակայն ինքնաբուխ ջանքերը կրնան երկարատեւ ազդեցութիւն չունենալ եւ յարատեւելու դժուարութիւն կրնան ունենալ առանց պատշաճ համակարգումի: Փաստօրէն, աւանդական կառոյցները վերանայումի կը կարօտին: Ըստ մեր տասը երկիրներու մէջ կատարած Հայկական Սփիւռքի Հետազօտութեան (ADS), սփիւռքահայերուն երեք քառորդը այսօր կապ չունի աւանդական հաստատութիւններու հետ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է նաեւ ստեղծումը նոր հաստատութիւններու, որոնք կրնան կենսաւորել եւ երկարատեւ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչել: Թէեւ անհատները կրնան գալ, աշխատիլ ու երթալ, սակայն անհատները քով-քովի բերող համակարգուած եւ կայուն կառոյց մը կրնայ երաշխաւորել հայկական փափուկ ուժի յարատեւող ազդեցութիւնը:
Անշուշտ պէտք չէ թերագնահատել աւանդական կառոյցներու կարեւորութիւնը: Յետեղեռնեան շրջանին, Սփիւռքի կառոյցները վճռորոշ դեր խաղցան հայկական ինքնութեան պահապանման մէջ` մշակոյթի, լեզուի եւ այլ միջոցներով: Սակայն, ապագայի հեռանկարով` տասնամեակներ առաջ ստեղծուած այս կառոյցները չեն համապատասխաներ 21-րդ դարու պահանջներուն: Այս պատճառով է որ ձեւով մը անոնք կամաց-կամաց կը կորսնցնեն իրենց գոյութեան իմաստը, կամ` մարդիկ կը հեռանան անոնցմէ: Այսօր, իբրեւ կարեւոր նիւթ, սփիւռքեան օրակարգի վրայ կը գտնուի նոր կառոյցներու ստեղծումը կամ եղածներուն էական վերափոխումը` նոր շունչով եւ ծրագրային նոր մօտեցումներով: Սփիւռքի մէջ սկսած են ի յայտ գալ նոր կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, ուր անհատներ ցանցեր (networks) կը կազմեն ու կþաշխատին միասին: Սակայն, կարեւոր է անցումային կապի մը ստեղծումը արդէն գոյութիւն ունեցող եւ նոր ստեղծուող կառոյցներուն միջեւ:
Սփիւռքը դէմ-յանդիման կը գտնուի նաեւ ղեկավարութեան տագնապի: Վերը նշուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ տեսիլք ունեցող ղեկավարներու պակաս կայ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Իր կարգին, փափուկ ուժը, իր անհատական հունաւորումով հանդերձ, կը դիմագրաւէ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս հեռաւորութիւնները եւ ժամանակը, նաեւ` հասարակական յարափոփոխ կեանքը: Ժամանակի սղութիւնը եւ հսկայ տարածքներով սփռուած ըլլալու իրականութիւնը նկատի առնելով, մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան որակաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանքներու, միջոցառումներու կամ ձեռնարկութիւններու, որ բնականաբար կþազդէ աւանդական կառոյցներու հետ անոնց ներգրաւուածութեան վրայ: Տակաւին, համաշխարհային փոփոխութիւնները, ինչպէս արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ զուգահեռ զարգացող եսակեդրոնութիւնը, մեծ ազդեցութիւն ունին սփիւռքեան կեանքին վրայ: Այս բոլորը ազդեցութիւն ունին եւ պէտք է հաշուի առնուին նոր կառոյցներ ձեւաւորելու կամ գոյութիւն ունեցողները բարեփոխելու գործընթացին մէջ:
Կրնայ հարց տրուիլ, թէ այս փափուկ ուժը որքանո՞վ արդիւնաւէտ ու ազդու կրնայ ըլլալ, երբ օրինակ Հայաստան զինուորական յարձակումի մը կամ պատերազմի վտանգին տակ գտնուի: Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի փափուկ ուժը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկել: Պէտք է ի մտի ունենալ, որ փափուկ ուժը վիճակ մը չէ, որ կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել ճգնաժամի մը ժամանակ: Փափուկ ուժը կը պայմանաւորէ նախօրօք ծրագրում եւ հետեւողականութիւն, որովհետեւ կþընդգրկէ մշակութային, գիտական, առեւտրական եւ համոզիչ այլ լծակներու օգտագործումը ազդեցութիւն բանեցնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Փափուկ ուժը արդիւնաւէտ կերպով զօրաշարժի ենթարկելու համար պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցները պէտք է ժամանակ եւ ջանք ի գործ դնեն մշակութային մեր ժառանգութիւնը, գիտական նուաճումները եւ առեւտրական ներդրումը միջազգային հանրութեան ցոյց տալու եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու համար: Փափուկ ուժի ամուր հիմերը կառուցելով` պետութիւն ու հաստատութիւններ դրական դիմագիծ մը կրնան ստեղծել, որ կþարձագանգէ եւ կþարդիւնաւորուի ճգնաժամի մը ստեղծումէն առաջ` ներգործելով հանրային կարծիքին վրայ եւ աջակցութիւն ակնկալելով: Արդիւնաւէտ գործի գետինը պէտք է պատրաստ ըլլայ ճգնաժամէն շատ առաջ: Մտածուած, լուրջ եւ ծրագրուած ջանքերը էական են փափուկ ուժի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ անհատական կապերէն դուրս, աւելի լայն ծաւալով ազեցութիւն ունենալու համար:
Փափուկ ուժի կիրառութեան գործընթացը պէտք է ունենայ յստակ պատասխանատուութիւն, նպատակ ու գործունէութեան ծրագիր: Օրինակ` Խորհրդային Հայաստանի մշակութային կապերը սփիւռքի հետ: Խորհրդային Հայաստանէն Լիբանան, Սուրիա եւ սփիւռքեան այլ համայնքներ կþայցելէին բազմաթիւ երգիչներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, բանաստեղծներ, գրողներ ու մշակութային գործիչներ: Մեծ ոգեւորութիւն կըյառաջացնէին համայնքներու կեանքին մէջ: Նաեւ, Խորհրդային Հայաստանը կը հրատարակէր արեւմտահայերէն գիրքեր եւ զանոնք կþուղարկէր սփիւռքի դպրոցներ: Ուստի, երբ ունիս ծրագիր եւ քու արտաքին քաղաքականութեան կամ որեւէ քաղաքականութեան մէջ կը կարեւորես տուեալ գործօնը, ապա զայն պէտք է ընդգրկես քու քաղաքական կամ պետական օրակարգին վրայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը զայն իրականացնելու միջոցներն ու յարմար մարդուժը գտնելն է, եւ փորձը ցոյց կու տայ, որ նման մօտեցումները արդիւնք կու տան:
Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները Սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը չէ կրցած իր ՙփափուկ ուժ՚ը դրսեւորել եւ կիրառել սփիւռքի մէջ: Սփիւռքն ալ իր հերթին չէ կրցած լրիւ իմաստով իր ՙփափուկ ուժ՚ը օգտագործել իր իսկ հաւաքական կամ համայնքային կարիքներուն համար:
Նիւթական սահմանափակ միջոցներու իրողութիւնը եւ մեր ՙփոքր ազգ՚ ըլլալու հանգամանքը մատնանշողներու թիւը շատ է: Բիւր մարտահրաւէրներ վստահաբար կան, հարցը առաջնահերթութիւններու մասին է: Հայաստանի պետութեան համար, սփիւռքի փափուկ ուժի օգտագործումը որքանո՞վ կարեւոր է կամ ռազմավարական ի՞նչ արժէք ունի: Եթէ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է, ուրեմն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ համապարփակ ծրագիրի մը մշակումին եւ ըստ այնմ անդրադառնալ միջոցներու ստեղծման հարցին: Ծրագրումէն առաջ նիւթականի մասին խօսիլը կը խափանէ փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն: Հետեւաբար, կարեւոր է կեդրոնանալ հայեցակարգումին եւ ծրագրումին վրայ` իբրեւ նախպայման:
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
ՙՏարբերակ21՚