Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

August 21, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատարի գրասենեակը ժխտեց վառելանիւթի նաւերուն հարցով նախարարին ուղղուած ամբաստանութիւնները: Հաղորդագրութիւնը պնդեց, որ վառելանիւթի նաւերը Լիբանան կը բերուին օրինական գնումի միջոցներով եւ կառավարութեան համաձայնութեամբª գործադրելու համար ելեկտրականութեան արտակարգ ծրագիրը: Հաղորդագրութիւնը յիշեցուց, որ նախարարութեան ծրագիրը կը կեդրոնանայ ելեկտրամատակարարումի ժամերը բազմացնելու զուգահեռ վճարներուն սակագինը բարձրացնելու վրայ, աւելցնելով որ ելեկտրականութեան սակագինը 40 առ հարիւրի չափով նուազ է ելեկտրածին սեփական սարքերու վճարներէն: ՙԼիբանանի մէջ ելեկտրականութեան ոլորտին վիճակը յուսահատական չէ, թէեւ այդպէս կը փորձեն քարոզել որոշ ծանօթ շրջանակներ ու լրատուամիջոցներ՚, նշուած է Ուժանիւթի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: ՙԵլեկտրամատակարարումի ժամերը բազմացան եւ աւելի պիտի բազմանան, եթէ բոլոր առնչակից կողմերը համագործակցին ու վառելանիւթի նաւը հասնի Լիբանան, որովհետեւ Ելեկտրականութեան հաստատութեան մօտ մնացած վառելանիւթը բաւարար է միայն մէկ ամսուան համար: Առանց վառելանիւթ ներածելու կարելի չէ բարելաւել ելեկտրամատակարարումը՚, նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կտրականապէս կը մերժէ 30 միլիոն տոլար տրամադրել վառելանիւթի նաւերուն համար, հաւաստիացնելով որ Լիբանանի մէջ մինչեւ Հոկտեմբեր բաւարար վառելանիւթ կայ, նաեւ ուժանիւթի նախարարը խախտած է կառավարութեան որոշումին կցուած պայմանները, մերժելով յայտարարել վառելանիւթ գնելու նուազուրդ: Ուստի, բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ այս տարակարծութիւններուն լոյսին տակ բացառուած չէ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կրկնուի ելեկտրականութեան ճգնաժամը:

Իսկ հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալ Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի եւ նաւահանգիստի ելեկտրամատակարարումը կը համարուի կարմիր գիծ մը, սակայն այդ առաքելութիւնը կարելի չէ իրականացնել առանց ֆինանսաւորումի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Next Post

  ԺԱԱԺԱԱ. ՙՀԱՍՐՈՒՆԻ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ ՉԷ՚

Next Post
  ԺԱԱԺԱԱ. ՙՀԱՍՐՈՒՆԻ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ ՉԷ՚

  ԺԱԱԺԱԱ. ՙՀԱՍՐՈՒՆԻ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ ՉԷ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.