Ամերիկեան ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ օրաթերթը հրապարակեց, թէ ԱՄՆ եւ Իրան համաձայնեցան ամերիկացի բանտարկեալներու ազատ արձակումին շուրջ: Ըստ համաձայնութեան, Իրան ազատ պիտի արձակէ 5 ամերիկացի բանտարկեալներ, իսկ ԱՄն Իրանին պիտի վերադարձնէ իր սառեցուած գումարէն 6 միլիառ ԱՄՆ տոլար: Բանտարկեալներէն երեքը ամբաստանուած են ԱՄՆ-ի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու մէջ: ԱՄՆ-ի նախագահութեան գրասենեակը իրանեան այս քայլը համարեց խրախուսիչ:
Իսկ ՙՌոյթըրզ՚ լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ ԱՄՆ իր կողմէ իրանցի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակէ: