Բրիտանական ՙՖայնենշըլ Թայմզ՚ օրաթերթը յայտարարեց, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի ծրագիրըª դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, պիտի ըլլայ դրական քայլ մը շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Սակայն, կան խոչընդոտներ այս հարցին մէջ: Ըստ օրաթերթին, դրական քայլ մը այս ուղղութեամբ պիտի բանայ իսլամական աշխարհի դուռերը Իսրայէլի առջեւ: Փոխարէնը Սէուտական Արաբիա պիտի ունենայ քաղաքացիական հիւլէական ծրագիր: Սէուտական Արաբիոյ պայմաններէն մէկն է Իսրայէլի կողմէ զիջում կատարել Պաղեստինի մէջ ու պաղեստինեան պետութեան հիմնումը: