Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ՎԱՅՐԵՐԸ

July 21, 2023
in Գաղութային
0
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ  ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ՎԱՅՐԵՐԸ

 

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ընկերային դիւանին, Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2023-ին, տեղի ունեցաւ բացառիկ շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի գեղեցիկ լեռները:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, շրջապտոյտը սկիզբ առաւ Նոր Հաճնոյ յարակից մայրուղիէն մեկնելով դէպի Ֆարայա, ուր զետեղուած էր Սուրբ Շարպէլի հսկայ արձանը գիւղի բարձրագոյն բլուրին վրայ:

Ուխտաւորները այցելեցին եկեղեցին եւ իրենց աղօթքները բարձրացուցին առ Աստուած, եւ մաքուր օդը վայելելով հիւրասիրուեցան սուրճով եւ նախաճաշով:

Ապա մեկնեցան դէպի Լիբանանի նշանաւոր գիւղերէն Ֆաքրա, ուր ծանօթացան տեղւոյն գեղեցիկ պանդոկներուն եւ ձմեռ ժամանակ դահոյկի յատուկ կեդրոններուն:

Նոյն ճամբուն վրայ ծանօթացան նաեւ Քանաթ Պաքիշ յայտնի բլուրին, եւ ապա դէպի Քֆարտպիէն, հանրածանօթ Պիսքանթա գիւղը եւ ապա դէպի Սաննին:

Սաննինի մուտքին այցելեցին Սուրբ Սասին վանքը, ուր հիւրընկալուեցան վանքի մայրապետներուն կողմէ օշարակներով եւ քաղցրաւենիքներով:

Վանքի եկեղեցւոյ պատմութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ կատարուած հրաշքներու մասին լայն բացատրութիւն տուաւ վանքի մայրապետներէն մին: Ներկաները մեծ գոհացում ստացան:

Հասան Սաննինի բարձրագոյն լերան գագաթը, ուր համադամ ճաշերը պատրաստուած էին եւ բոլոր ներկաները ճաշեցին լիբանանեան համով խորովածներն ու աղանդերները:

Ներկաները շատ բարձր տրամադրութեան մէջ էին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին  երգերով եւ պարերով: Ճաշէն ետք շրջապտոյտը շարունակուեցաւ դէպի Պթղրին գիւղը, ուր համտեսելէ ետք համով պաղպաղակները, այցելեցին մայրավանքը եւ իրենց աղօթքներն ու ուխտերը կատարելէ ետք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան դէպի Պէյրութ:

Այսպիսի շրջապտոյտներ առիթ կու տան տիկիններուն ծանօթանալու Լիբանանի տեսարժան վայրերուն, եւ օգկտակարը հաճելիին միացնելով կը մոռնան եւ կ’անջատուին իրենց առօրեայ տաղտուկներէն եւ մտահոգութիւններէն, անցընելով ուրախ եւ անմոռանալի օր մը:

Վարձքը կատար Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ընկերային դիւանի բոլոր անդամներուն, որոնք ջանք չէին խնայած առաւելագոյն կերպով լաւ կազմակերպելու սոյն շրջապտոյտը եւ բարձր գոհունակութիւն տալու բոլոր մասնակիցներուն:

 

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Next Post

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Next Post
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.