Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

July 17, 2023
in Մշակութային
0
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Թիւ 13

«Երբ հարցը կը վերաբերի մարդու արժանապատուութեան, չենք կրնար զիջում կատարել»:

Անկելա Մերքէլ, Գերմանիոյ նախկին վարչապետ, քաղաքական գործիչ

Մարդու արժանապատուութիւնը մարդուն միջնաբերդն է, այսինք բերդին այն մասն է, որ եթէ իյնայ թշնամիին ձեռքը՝ ալ կորսնցնելիք բան չի մնար: Մարդը կրնայ ըլլալ անօթի, սակայն կը մնայ արժանապատիւ: Ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը մարդուն ամենակարեւոր իրաւունքներն են, որ կորսնցնելու պարագային կը դառնայ ստրուկ մտային եւ ֆիզիքական: Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդը պայքարած է իր արժանապատուութիւնը պահելու համար: Երբ դէմ դրած է ահեղ թշնամիին, նախընտրած է նահատակուիլ քան կորսնցել իր արժանապատուութիւնը: Ազատ կեանքը եւ արժանապատուութիւնը անզիջելի իրաւունքներն են ամէն մարդու, որ ցեղին ալ որ պատկանի ան: Աստուածային պատուիրաններուն նպատակը եղած է ուսուցանել մարդուն յարգել իր եղբայրը, անոր հետ վարուիլ արժանապատուութեամբ եւ համեստութեամբ: Սակայն, մարդը կրցա՞ծ է պահել Աստուծոյ խօսքը եւ յարգել իր եղբայրը: Կրցա՞ծ է յարգել իր եղբօր արժանապտուութիւնը, որուն ամենակարեւոր իրաւունքը կեանքն է: Մարդուն կեանքը:

Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը վար առաւ դիմակը մարդու տգեղ դէմքէն: Արեւմուտքը իր «մարդասիրական» լոզունգին տակ հազարաւոր ուքրանացի երիտասարդներ կը ղրկէ մահուան, ազատութեահ եւ անկախութեան լոզունգին տակ: Ուքրանացիին կու տայ զէնք, որ սպաննէ իր ցեղակից ռուսը: Ըստ ստոյգ տեղեկութեան, ցարդ սպաննուած են 750 հազար երիտասարդներ երկու կողմէն ու կան մէկ միլիոնէ աւելի վիրաւոր զինուորներ: Ո՞ւր է մարդկային խիղճը, արժանապատուութիւնը: Ա՞յս է մարդասիրութիւնը: Շատ ճիշդ է հայ բանաստեղծը երբ կ’ըսէ. «Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքեմ քո ճակատին:» Դժբախտաբար տակաւին կան գեհենային ուժեր, որոնք կը գործեն աշխարհի վրայ, որոնց համար մարդուն կեանքը անարժէք է եւ այդ համակարգն է որ կը հրամայէ այս պատերազմները: Մեր տեսած ղեկավարները գործը դարձնող հլու հնազանդ կամակատարներ են միայն: Պատմութիւնը վկայ եւ երկու ահաւոր համաշխարհային պատերազմները վկայ: Նաեւ ահաբեկչութիւնը կ’օգտագործուի անարգել ձեւով հասնելու պետութիւններ իրենց կամքին ենթարկելու համար «մարդասիրական» լոզունգ օգտագոծող պետութիւններու կողմէ: Ահաւոր է վիճակը, անմարդկային շատ բան կայ այս անողորմ աշխարհին մէջ:

Ֆրանսացի գեղանկարիչ Փօլ Սեզան, հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ եւ չեխ գրող Միլան Քունտերա հիւրերն են մեր այսօրուան «Մշակոյթի Անդրադարձ»ին:  Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, Աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով փաստեցին, որ արժանապատիւ կեանքը մարդուն համար անհրաժեշտ է օդի եւ ջուրի նման: Կեանքը պայքար է մարդուն եւ իր շրջապատին միջեւ՝ պահելու համար իր արժանապատիւ կեանքը: Մարդը իրաւունք չունի խլելու իր եղբօրմէն արժանապատուութիւնը եւ ազատ կամքը, որոնք մարդուն տրուած են Արարիչին կողմէ, կարենալ վարելու համար աստուածահաճոյ կեանք, որպէս մաս Տիեզերքի դրական ուժերու փաղանգին: Կեանքը Արարիչին շնորհն է եւ մարդը իրաւունք չունի խլելու իր եղբօր կեանքը իր անձնական հաշիւին համար: Ոճիրը մեղք մըն է, որուն գինը պիտի վճարէ ոճրագործը կամ ապսպրողը, ուշ կամ կանուխ: Բնութեան անգիր օրէնքն է որ կը գործէ, որ շատեր կը կոչեն նախախնամութիւն:

 

ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՓՕԼ ՍԵԶԱՆ (1839-1906)

Ֆրանսացի մեծ գեղանկարիչ: Ան կը պատկանի յետ-տպաւորապաշտ (Post-Impressionist) դպրոցին: Ան դարձաւ այն օղակը, որ միացուց 19-րդ դարու տպաւորապաշտ դպրոցը 20-րդ դարու սկիզբը յառաջացած դպրոցներուն, որոնցմէ ամենանշանաւորն էր քիւպիզմը:

Իր առաջին գործերը կը կրեն վիպապաշտ  (Romantic) դպրոցին ազդեցութիւնը, սակայն տարիներու ընթացքին ան վերատեսութեան ենթարկեց տպաւորապաշտ դպրոցի շատ մը յատկութիւններ ու ստեղծեց իր ուրոյն գիծը: Սեզանի յաճախ կրկնուող, հետախուզական վրձնահարուածները շատ բնորոշ են եւ յստակօրէն ճանաչելի: Ան կ’օգտագործէր գունաւոր հարթութիւններ եւ փոքր վրձնահարուածներ, որոնք կ’օգտագործուէին բարդ դաշտեր ձեւաւորելու համար։ Նկարները կը փոխանցեն Սեզանի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը իր նիւթերուն ու կերպարներուն: Ե՛ւ Հանրի Մաթիսը, ե՛ւ Փապլօ Փիքասօն կը նշեն, որ Սեզանը «մեր բոլորին հայրն է»։

Փօլ Սեզան առաջին նկարիչն էր, որ սկսաւ իրերը բաժնել պարզ երկրաչափական ձեւերու: 1904 թուականի Ապրիլ 15-ի իր շատ յիշուած նամակին մէջ՝ ուղղուած նկարիչ եւ արուեստի տեսաբան Էմիլ Պեռնարին, որ հանդիպած էր Սեզանին իր վերջին տարիներուն, ան գրած է. «Վերաբերիլ բնութեան հետ որպէս գլան, գունդ եւ կոն: Դրէք բոլորը տեսադաշտին մէջ այնպէս մը որ իւրաքանչիւր կող կամ մակերես տանի դէպի կեդրոնական կէտ մը»:

 

 

ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ (1914 -1984)

Յովհաննէս Շիրազ  (Օննիկ Թադեւոսի Կարապետեան) մեծ բանաստեղծ է, Հայկական ԽՍՀ պետական մրցամակի դափնեկիր իր «Համամարդկային» բանաստեղծութեան ժողովածույի համար: 1935 թուականին կը դառնայ ԽՍՀՄ Գրողներու միութեան անդամ:

Ծնած է Կիւմրի եւ կը համարուի ծիծաղող բանաստեղծ: Զինք այցելող գրողներ ամերիկացի Ճոն Սթայնպէք, ռուս Եւկենի Եւթուշենքօ եւ Ալեքսանտր Կիտովիչ միշտ կը յիշեն իրենց ծիծաղով անցուցած օրերը Շիրազի հետ:

Առաջին գիրքը՝ «Գարնանամուտ» վերնագիրով, կը հրատարակուի 1935 թուականին։ Նորավիպագիր Ատրպետը տաղանդաւոր բանաստեղծին կու տայ  «Շիրազ» գրական անունը, որովհետեւ «Այս երիտասարդին բանաստեղծութիւնները Շիրազի թարմ եւ ցօղով ծածկուած վարդերի բուրմունքն ունեն» (Շիրազը քաղաք է Իրանի մէջ, որ յայտնի է իր վարդերով եւ բանաստեղծներով)։

Իր հրատարակած մօտ քառասուն երկերով ու իր համամարդկային սէրով, Յովհաննէս Շիրազ դարձաւ հայ ժողովուրդին սիրոյ աղբիւրը: Շատ բան տուաւ Շիրազ իր ժողովուրդին: Ապրեցաւ անոր ցաւերով, տառապանքով, որպէս որբ երեխայ, ապա որպէս հայրենասէր, համամարդկային սէրով համակուած բանաստեղծ: «Որբանոցից շատերն էին փախչում,― կը պատմէ Շիրազ իր ինքնակենսագրութեան մէջ,― մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես՝ դէպի Արփաչայի հովիտները՝ փնտռելու հայրիկիս բոստանը։ Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մէջ մոռանում էի, որ որբ եմ…»։

Իր «Կտակ» բանաստեղծութեան մէջ Յովհաննէս Շիրազ իր զաւակին կը կտակէ ազատագրել Մասիս լեռը եւ իր սիրտը թաղել այդտեղ:  Իսկ իր «Սփիւռքի հայութեանը» բանաստեղծութիւնը ինքնատիպ կոչ մըն է ուղղուած բանաստեղծէն ամէն մէկ հայու, որ կ’ապրի օտար երկինքի տակ՝ չմոռնալու իր Մայր Հայրենիքը:

 

ԿՏԱԿ

Որդիս, քեզ ի՞նչ կտակեմ, ի՞նչ կտակեմ, իմ բալիկ,

Որ ինձ յիշես վշտի մէջ, թէ խինդի մէջ քո գալիք.

Գանձեր չունեմ, բայց գանձն ի՞նչ, գանձը լոյսն էր աչքերիս,

Դու ես միակ իմ գանձը, դու ես գանձը գանձերիս:

Քեզ այնպիսի գանձ կ’ուզեմ ես կտակել հայրաբար,

Որ չի կարող կտակել ուրիշ երկրում ոչ մի հայր, –

Ես քեզ այն եմ կտակում, որին այս մեծ մեր դարում

Փոքրիկ մարդիկ են բանտել ու շղթայել ամպերում.

Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,

Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,

Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով

Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս` արդարութեանդ ուժն է ծով,

Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,

Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես

Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,

Որ շիրմում էլ` դարաւոր հուր կարօտից չմրսի:

 

Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,

Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան:

 

Սփիւռքի հայութեանը

Ես, որպէս ծաղիկն Արազի ափին,
Նայում ջրերին, կարօտում եմ դեռ,
Դուք, որ հեռացաք այն սեւ օրերին, –
Դուք չէ՞ք կարօտում, իմ հեռաւորներ,
Իմ պանդուխտ հայեր:

Նայում Սեւանայ երազ ծովակին,
Նայում կարօտով, կարօտում եմ դեռ,
Կարծես նայում եմ մօրս աչքերին, –
Դուք չէ՞ք կարօտում, իմ հեռաւորներ,
Իմ պանդուխտ հայեր:

Նայում Մասիսին մեր նուիրական,
Հալուել եմ ուզում կրծքին ալեհեր,
Ինչքան նայում եմ՝ կարօտում այնքան, –
Դուք չէ՞ք կարօտում, իմ հեռաւորներ,
Իմ պանդուխտ հայեր:

Ու երբ մի գիշեր չեմ տեսնում նրանց,
Թւում է, ձեզ հետ որբ եմ կարեւեր,
Դուք ինչպէ՞ս օտար աշխարհներ ընկած՝
Չեք մեռնում վշտից, իմ հեռաւորներ,
Իմ պանդուխտ հայեր:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԻԼԱՆ ՔՈՒՆՏԵՐԱ (1929 – 2023)

Քսաներորդ դարու չեխ մեծ գրող: Ըլլալով ազատախոհ գրող, ան բախում ունեցաւ Չեխիոյ իշխող Համայնավար կուսակցութեան հետ ու 1975 թուականին ձգեց երկիրը ու ապաստան գտաւ Ֆրանսայի մէջ ու 1979 թուականին իրմէ առնուեցաւ չեխ քաղաքացիութիւնը: 1981-ին դարձաւ Ֆրանսայի քաղաքացի: Համայնավար վարչակարգի փլուզումէն ետք վերադարձաւ երկիր ու 2019 թուականին իրեն վերադարձուցին չեխ քաղաքացիութիւնը:

Քունտերա ծնած է Չեխիոյ հանրապետութեան Պռնօ քաղաքը: Հայրը մեծ երաժշտագէտ էր, դաշնակահար: Մայրը ուսուցչուհի էր: Երաժշտութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդ Միլանի վրայ: Երաժշտութիւնը ազդեցութիւն ունեցած է գրողին երկերուն վրայ: Փրակայի «Չարլզ» համալսարանին մէջ ուսանեցաւ գրականութիւն, ապա՝ բեմադրութիւն եւ ժապաւէններու գրականութիւն:

Իր գաղափարները դէմ էին չեխ Համայնավար կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ու ան վտարուեցաւ կուսակցութենէն 1950 թուականին: Այս թուականէն սկսաւ իր պայքարը արժանապտուութեան եւ ազատութեան համար, մինչեւ որ 1975 թուականին ձգեց երկիրը:

Միլան Քունտերա, Ֆրանց Քաֆքա եւ Վացլավ Հավըլ կը համարուին 20-րդ դարու չեխ ամենակարկառուն գրական դէմքերը: Քունտերայի «The Unbearable Lightness of Being» որպէս նիւթ ունի ազատութեան գաղափարը, որ ի յայտ եկաւ, երբ 1968 թուականին Խորհրդային ուժեր մտան Չեխոսլովաքիա՝ զսպելու համար հակահամայնավար շարժումը: Երկին հիմնական նիւթն է մարդուն փխրուն կեանքը եւ ճակատագիրը: Երկին մէջ կայ ընդհանուր նիւթ մը, որ կեանքի կրկնութիւնն է յարատեւող Տիեզերքի մը մէջ: Հիմնական կերպարը չեխ վիրաբուժ մըն է, որ երբ կը վերադառնայ իր երկիրը, նկատուելով այլախոհ իրեն կ’արգիլեն աշխատիլ իր ասպարէզին մէջ ու կը դառնայ ապակի մաքրող գործաւոր, հմայելով բազմաթիւ կիներ:

Աւելի խորանալու համար այս գիրքին մէջ, կարդանք կարգ մը խօսքեր:

«Իւրաքանչիւր այն, որուն  նպատակը «աւելի բարձր բան» է, պէտք է սպասէ, որ օր մը գլխապտոյտ պիտի ունենայ: Ի՞նչ է գլխապտոյտը: Իյնալու վա՞խ: Ոչ, գլխապտոյտը ուրի բան է, քան իյնալու վախը: Մեր վարի պարապութեան ձայնն է, որ կը գայթակղեցնէ եւ կը հրապուրէ մեզ, իյնալու փափաքն է, որմէ սարսափած կը պաշտպանուինք»։

«Սէրը մեր կորսնցուցած միւս կէսին կարօտն է»:

«Մարդը որ կը փափաքի լքել իր ապրած վայրը, դժբախտ մարդ է»:

«Եւ անոր մէջն է մարդու դժբախտութիւնը: Մարդկային ժամանակը շրջանաձեւ չ’ընթանար. ան յառաջ կ’երթայ ուղիղ գիծով: Ահա թէ ինչու մարդը չի կրնար երջանիկ ըլլալ՝ երջանկութիւնը կրկնութեան կարօտն է»։

 

ՊՐԻՍՄԱԿ

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՄԵՂՈՒԱԲՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Next Post

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ՎԱՅՐԵՐԸ

Next Post
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ  ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ՎԱՅՐԵՐԸ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԵՂԱՏԵՍԻԼ ՎԱՅՐԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.