Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

July 17, 2023
in Միջազգային
0
ՌՈՒՍԻԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

 

Ռուսիան խստօրէն կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` շտապ միջոցներ ձեռնարկելու Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու համար: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսաստանի դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը եւ մտահոգիչ համարած է, որ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը զարգանայ բացասական բնագրով:

ՙՄարդասիրական ճգնաժամը երլալով կը խորանայ: Բնակչութիւնը սննդամթերքի, դեղորայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակաս ունի, գործնականին մէջ զրկուած է ելեկտրականութենէն ու կազէն: Սա կրնայ ամենադրամատիկ հետեւանքները բերել Ղարաբաղի հայութեան` շրջանի հասարակ բնակիչներուն համար: Մենք խստօրէն կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` շտապ միջոցներ ձեռնարկելոպ` Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու, երկու ուղղութեամբ քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու, բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու համար, ինչպէս նաեւ վերականգնելու ելեկտրամատակարարումը՚, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութենէն նաեւ նշած են, որ 2022 թուականի Հոկտեմբերին եւ 2023 թուականի Մայիսին ԵՄ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցող հանդիպումներուն Հայաստանը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս:

ՙՄենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, բայց այդ արմատապէս փոխած է այն հիմնարար պայմանները, որոնց ներքոյ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին կարգավիճակը: Կը կարծենք, որ այս պայմաններուն մէջ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագրին պատասխանատուութիւնը պէտք չէ տեղափոխուի երրորդ երկիրներու վրայ: Անհրաժեշտ է անյապաղ սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը` նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ՚, նշած են Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութենէն:

Ռուսական կողմը շեշտած է, որ այդ համաձայնագրի անբաժանելի մասը պէտք է ըլլան Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան յուսալի եւ յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ պայմանագրերու ամբողջ փաթեթի խիստ կատարումը, այդ շարքին` ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը:

Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութենէն յաւելած են, որ հաշուի առնելով վերոգրեալը` ռուսական կողմը կը հաստատէ ԼՂ-ի մէջ բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքեուն աշխուժօրէն նպաստելու իր վճռականութիւնը: Ռուսիան պատրաստ է մօտ ապագային Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպում` քննարկելու ամենաբարձր մակարդակով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղիները, այդ շարքին` խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման հարցը` ռուս-ատրպէյճանա-հայկական գագաթաժողովի կազմակերպման հեռանկարով` այդ փաստաթղթի ստորագրման համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՄԵՂՈՒԱԲՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՄԵՂՈՒԱԲՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.