Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

July 17, 2023
in Գաղութային
0
ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ) ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչինª Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումովª Վարդավառի ժողովրդային տօնով£ Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակը տօնուեցաւ£ Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը£

Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ ՙՏէ՜ր, բարւօք է մեզ աստ լինել՚ (Մատթէոս 17.4) Պետրոս առաքեալի խօսքով, որ արտասանած էր Թափօր լերան վրայ, որպէս փափաք ընդմիշտ մնալու Քրիստոսի Պայծառակերպութեան ներկայութեան. եւ խօսելով տօնի պատգամին եւ խորհրդանիշերուն մասինª եզրակացուց նո՛յն խօսքին իմաստը պարզելով ներկայ դարաշրջանի պայմաններու լոյսին տակ£

Քրիստոս, Իր երկրային կեանքի վերջին հանգրուանը թեւակոխելէ առաջ, երեք առաքեալներունª Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ առանձնացաւª Թափօր լեռ բարձրանալով£ Լեռը Աստուծոյ բնակարանին խորհդանիշն է, ըսաւ սրբազանը£ Հոն, անոնց երեւցան Մովսէս մարգարէն, որ Հին Կտակարանին մէջ օրէնքի խորհրդանիշն է, եւ Եղիա մարգարէն, որ մարգարէները կը խորհրդանշէ£ Այս դիտել կու տայ, որ Յիսուս անոնցմէ մէկը չէր, այլª անոնց Տէրն էր£ Քարոզիչ սրբազանը ապա նշեց, որ Քրիստոսի Աստուածութեան երկրորդ խորհրդանիշը ամպն էրª Աստուած մարդոց հետ կը հաղորդակցի ամպերուն ընդմէջէն, իսկ երրորդըª Պայծառակերպութեան ճամբով առաքեալներուն յայտնաբերելն էր գալիք օրերու չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որպէսզի առաքեալները ընկալէին աստուածային կամքը այս բոլորին մէջ£ Առ այդ, սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները Աւետարանը կարդալու ո՛չ թէ ՙմարդկային ակնոցով՚ այլª ՙաստուածային ակնոցով՚£

Անդրադառնալով մեր ժողովուրդին Պայծառակերպութեան տօնը Վարդավառ ազգային տօնի ճամբով նշելուն, Գեղամ արքեպիսկոպոս վերյիշեցուց հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու յատկանիշը, որուն միջոցով հայ ազգը կը պահէ իր ինքնութիւնը£ Ուստի, եզրափակելով իր քարոզը, ան դարձեալ մէջբերեց Պետրոս առաքեալին խօսքը եւ քաջալերեց հաւատացեալները մնալու հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, այն վայրին մէջ, ուր կը պահուին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող ազդակները, մանաւանդ ներկայ դարուս ծայրայեղ յոռի երեւոյթներուն դիմաց եւ ըսաւ. ՙՏէ՜ր, բարւօք է մեզ աստ լինել՚£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԺՈՂՈՎ ԱՌԱՆՑ ՅՍՏԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Next Post

ՌՈՒՍԻԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Next Post
ՌՈՒՍԻԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

ՌՈՒՍԻԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.