Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍՏԱՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՍՑԷԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

July 12, 2023
in Միջազգային
0
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍՏԱՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՍՑԷԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

 

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի եւ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորէլի գրասենեակները դատապարտած եւ անընդունելի որակած են Եւրոմիութեան մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Վակիֆ Սատիքովի պահուածքը, որ սպառնալիքներ հնչեցուցած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու հասցէին, որոնք այցելած էին Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած էին Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակին£ Վակիֆ Սատիքովը Թուիթըրի վրայ ԵԽ պատգամաւորներու հասցէին կատարուած սպառնալից գրառման համար կանչուած է Արտաքին կապերու եւրոպական ծառայութիւն£

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեանª Հայաստան կատարած այցի վերաբերեալ Սատիքովը գրառում կատարած էր Թուիլըրովª սպառնալիքներ հնչեցնելով ԵԽ պատգամաւորներու հասցէին£ Ան տեղադրած էր ատրպէյճանական արտադրութեան դիպուկահար հրացանի պատկեր եւ նկարագրութիւնª հետեւեալ մակագրութեամբ. ՙՙԱնոնք գիտեն, թէ ինչ կ՛ընեն պաշտպանուելու համար£ Ատրպէյճանի մէջ արտադրուած ՙԻսթիկլալ Իստ-14.5՚ դիպուկահար հրացանը ունի մօտ 3000 մեթր կրակի արդիւնաւէտ հեռահարութիւն£ Հեռո՛ւ մնացէք Ատրպէյճանի պետական սահմանէն…՚£

Թեմային անդրադարձած էր ՙOC Media՚ լրատուական հարթակըª մէջբերելով ԵՄ խօսնակի եւ Հայաստան այցելած պատուիրակութեան ղեկավար, ԵԽ պատգամաւոր Նաթալի Լուազոյի արձագանգները Սատիքովի գրառման£ Եւրոպական միութեան խօսնակը ընդգծած էր, որ կը դատապարտեն նման պահուածքը, որ յարիր չէ ԵՄ-ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանին£

Ատրպէյճանի դեսպանին սպառնալից գրառման անդրադարձած է նաեւ ՙEuobserver՚-ը, որ զրուցած է Եւրոխորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի պատգամաւոր Նաթալի Լուազոյի հետ, որ ղեկավարած էր Հայաստան այցելած ԵԽ պատուիրակութիւնը£

Լուազօն յայտնած է, որ Սատիքովի գրառման վերաբերեալ նամակներ յղած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին եւ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու հարցով բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորէլին£ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի մամուլի խօսնակը պատասխանած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու հասցէին ուղղուած որեւէ սպառնալիք անընդունելի է£ ՙՄենք կ՛ուսումնասիրենք այս հարցը՚, ըսած է Մեցոլայի խօսնակը£

ժոզեփ Պորէլի գրասենեակէն նշած են, որ Արտաքին կապերու եւրոպական ծառայութիւնը այդ գրառման հետ կապուած կանչած է Ատրպէյճանի դեսպանը եւ անոր յստակ ըսած է, որ կ՛ակնկալեն, որ այդ վերջին անգամը ըլլայ, երբ ատրպէյճանական դիւանագիտութեան կողմէ նման անյարգալից վերաբերմունք կը դրսեւորուի ԵՄ-ի հիմնարկներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն նկատմամբ£

Նաթալի Լուազօն յաւելած է, որ ԵՄ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին սպառնալից ու վիրաւորական գրառումը միակը չէ Հայաստան այցելած ԵԽ պատգամաւորներու հասցէինª յստակացնելով, որ ատրպէյճանցի այլ պաշտօնեաներ ալ զանոնք փտած անուանած են£ Լուազօն ընդգծած է, որ անձամբ Ատրպէյճանի նախագահն ալ նման հռետորաբանութիւն կ՛օգտագործէ£

Յիշեցնենք, որ Սատիքովը մեկնաբանութիւն թողած էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեանի գրառման տակ, որ Թուիթըրով յայտնած էր Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու այցին մասինª մէջբերելով Ատրպէյճանին ուղղուած անոնց կոչը առ այն, որ Ատրպէյճանը պէտք է ՙանյապաղ հեռանայ Հայաստանի տարածքէն եւ յարգէ իր միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները, այդ շարքինª դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակումը՚£

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 6-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Next Post

ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱԾ Է ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ

Next Post
ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱԾ Է ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ

ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱԾ Է ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.