Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի 6-րդ միջազգային բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցներ` ուղեկցութեամբ համագումարի պատուաւոր նախագահ փրոֆեսոր Արա Բաբլոյեանի£
Հանդիպման ընթացքին, Արա Բաբլոյեանը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ներկայացնելով համագումարի մասնակիցները, տեղեկություններ փոխանցեց համագումարի աշխատանքներուն եւ արձանագրուած արդիւնքներուն մասին:
Փրոֆեսոր Բաբլոյեան ընդգծեց, որ համագումարին հեռավար կերպով իրենց գործուն մասնակացութիւնը բերած են նաեւ Արցախի բժիշկներըª անդրադարձ կատարելով Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամին£
Իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներունª Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց համագումարին առիթով աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու մէկտեղումը Հայրենիքի մէջ, որով իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն Հայաստանի մէջ առողջապահութեան զարգացման գործին£ Հայոց Հովուապետը գովելի եւ խրախուսելի նկատեց նման միջոցառումներու կայացումն ու բժիշկներունի միջեւ մասնագիտական փորձի փոխանակումըª ի նպաստ հայրենիքի մէջ առողջապահական նոր մշակոյթի ձեւաւորման եւ բժշկագիտութեան զարգացման£
Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ու առողջապահական ճգնաժամինª Հայոց Հայրապետը կարեւորեց սփիւռքահայ բժիշկներու հետեւողական աշխատանքը իրենց երկիրներուն մէջ գործող բժիշկներու հետ համախումբ պաշտպանելու Արցախի մէջ ապրող հայորդիներու անվտանգ կեանքի եւ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը£
Աւարտին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը համագումարի մասնակից բժիշկներուի առաքելութեան մաղթեց բարի արդիւնաւորումª պատգամելով ամէնօրեայ գործունէութեան ընթացքին առաջնային տեղ յատկացնել հայրենիքի առաջ ծառացած գոյաբանական ու անվտանգային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման£
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՇԽԵՑ ՙՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՚ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց 5-10 Յուլիսին Հայաստանի մէջ կայացած ՙՍուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր՚ համահայկական ուխտագնացութեան մասնակիցները£
Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միագորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀԵՄ հոգեւոր տեսուչ եւ Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն հոգեշնորհ Տ. Թովմա վարդապետ Խաչատրեանըª հայցելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը, ներկայացուց ուխտագնացութեան ծրագիրը եւ տեղեկացուց, որ համահայկական ուխտագնացութեան կը մասնակցին շուրջ 150 երիտասարդներª Նուիրապետական Աթոռներէն, Հայրապետական պատուիրակութիւններէն, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր թեմերէն£
Ներկաները ողջունեց նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդ, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանըª արձանագրելով, որ եկեղեցասէր երիտասարդները անցեալը գալիքին հետ կապող ոսկէ կամուրջ են ու այսօր եկած են վերանորոգուելու Սուրբ Էջմիածինի խորհուրդով եւ ստանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը£
Այնուհետեւ երիտասարդներուն իր պատգամը փոխանցեց Հայոց Հայրապետըª ուրախութիւն յայտնելով աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած տեսնելու առիթով:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ խորհրդանշական է համահայկական ուխտագնացութեան խորագիրըª ՙՍուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր՚, քանի որ այս տարի կը լրանայ Մայր Տաճարի հիմնադրման 1720-ամեակը:
ՙՍուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ շնորհն է եւ պարգեւը, որ սնուցած է մեր ժողովուրդին հաւատք, որով կերտուած է հայի ինքնութիւնը, նկարագիրն ու ոգին, ազգային եւ հոգեւոր ամբողջ արժեհամակարգը՚, նշեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսըª հաստատելով, որ քրիստոնէական զօրեղ հաւատքի շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակները կրցած են դիմագրաւել իրենց առջեւ ծառացած բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները£
Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը այսօր ալ կը շարունակէ յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի պայքարիլ տարատեսակ մարտահրաւէրներու դէմ, ինչպիսիք են համաշխարհայնացումը, հոգեւոր, բարոյական օտարամուտ արժէքները, Արցախի շրջափակումը, հայրենեաց սահմաններուն նկատմամբ ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները եւ ազգի անվտագային խնդիրները£
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յորդորեց ուխտաւոր երիտասարդները, որ իւրաքանչիւրը իր երկրին մէջ իր ձայնը բարձրացնէ արցախահայութեան ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներու կանխարգիլման համար£ Հայոց Հովուապետը պատգամեց հայորդիներուն, որ չթերագնահատեն իրենց կարողութիւնները եւ երիտասարդական աւիւնով ջանքեր գործադրեն ի խնդիր հայրենիքի զօրացման ու շէնացման եւ ի նպաստ կարիքի մեջ գտնուող ազգի զաւակներուն£ Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն յորդորեց նաեւ անխաթար պահել ազգային, հոգեւոր ու բարոյական արժեհամակարգը, ինչպէս նաեւ մեր հայրերէն ժառանգած աւանդութիւններն ու սրբութիւնները£
Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ուխտագնացութեան կազմակերպիչներունª ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին եւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ եւ Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա վարդապետ Խաչատրեանին, երիտասարդական միութիւններուն հետ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու եւ հայրենաշէն ծրագիրներուն աջակցելու համար£
Հայոց Հովուապետը նաեւ իր օրհնութիւնը բերաւ թեմակալ բոլոր առաջնորդներուն, ովքեր կը քաջալերեն, կը խրախուսեն եւ կը հովանաւորեն եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններուն եկեղեցանպաստ առաքելութիւնը:
Աւարտին, Հայոց Հայրապետը ուխտաւոր հայորդիներուն մաղթեց, որ Տէրը ունկնդիր ըլլայ անոնց խնդրանքներուն եւ նորոգէ ու զօրացնէ անոնց ուխտը£