Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեժախօսազրոյց կատարած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի հետ: Երկու կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցող խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններուն: Արցախի բնակչութեան մարդկային իրաւունքի եւ ապահովութեան հարցն ալ քննարկումի նիւթերէն մէկն էր: Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան հրամայականութիւնը կարեւոր է: Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Լաչինի միջանցքի փակումին Ատրպէյճանի կողմէ, իր ժխտական հետեւանքներով: