Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻՒՄՐԻԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԵՆՑԱՂԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ

July 11, 2023
in Հայաստան
0
ԿԻՒՄՐԻԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԵՆՑԱՂԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ

Կիւմրու ամենայայտնի`  ՙԺողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան՚-ը յաջորդ տարի պիտի նշէ իր գործունէութեան 40-ամեակը: Թանգարանը այցելուներու պակաս չունի` Ապրիլ-Յունիսին ունեցած է 10 հազար 350 այցելու, կը կատարուի հնարաւորը` թանգարանը այցելուներուն համար ալ աւելի հետաքրքրական դարձնելու. նախադպրոցական ու դպրոցական տարիքի երեխաներուն համար կ՛իրականացնեն յատուկ մշակուած փոխգործուն կրթական ծրագրեր: ՙԿը նուազեցնենք հատուած մը` պատմելը ձանձրալի չդարձնելու համար, փոխարէնը, գործուն շփման միջոցով դպրոցահասակները հաղորդակից կը դառնան թանգարանին՚, նշեց թանգարանի տնօրէն Անի Նազարեանը` տեղեկացնելով, որ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ թանգարանային ցուցադրութեան թարմացման ուղղութեամբ:

ՙՎերջին տարիներուն ցուցադրութեան փոփոխութիւններ չեն եղած` ՙքարացած՚ ցուցադրութիւն եղած է: Հիմա կը փորձենք փոփոխութիւններ ընել, բայց, մինչ այդ, ցուցադրական նոր ծրագրի մշակում պէտք է ըլլայ՚, կը նշէ տնօրէնը` յաւելելով, որ աշխուժացած են նաեւ թանգարանի ընկերային էջերը: Թանգարանը շուտով պիտի ունենայ նաեւ քարտէզներ, իսկ տարեդարձի համար` քաթալոկ:

Թանգարանը, որ Կիւմրիի մէջ աւելի շատ յայտնի է որպէս Ձիթողցեաններու տուն, պատկանած է մեծահարուստ վաճառական Պետրոս Ձիթողցեանին: Այն հարուստ ֆոնտ ունի`  մատեաններուն մէջ արձանագրուած ու մշտական ցուցադրութեան յանձնուած  2269 ցուցանմոյշ, որմէ 1822-ը մշտական ցուցադրուած առարկաներն են: Թանգարանին մէջ ներկայացուած առարկաներէն ու կենցաղային իրերէն շատերը խօսուն վկաներն են դարաշրջանի ու Ալեքփոլի հարուստ ժառանգութեան: Ալեքսանդրապոլը` ներկայիս Կիւմրին, արդիւնաբերական քաղաք էր արդէն 19-րդ դարուն:

19-րդ դարի վերջերու ու 20-րդ դարի սկիզբները քաղաքին մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս յայտնի կը դառնայ կիրի ու աղիւսի գործարաններու արտադրանքը: Յակոբ Քեանտարեանի կիրի ու աղիւսի գործարանը կը գտնուէր Թիֆլիսեան փողոցին վրայ: Գործարանին վառարանները կը վառէին ամէն տարի Ապրիլ 1-էն Նոյեմբեր 1: Իւրաքանչիւր վառարանին մէջ կը լեցուէր 5 հազար փութ կրաքար, որու մշակումէն կը ստացուէր 3 հազար փութ կիր: Նոյն  փողոցին վրայ կը գտնուէր նաեւ Խաչատուր Իսակովի կիրի-աղիւսի գործարանը: ՙ20-րդ դարի 10-ական թուականներուն այս երկու գործարանները կը միաւորուին: Թանգարանի  ցուցադրութեան մէջ կայ այդ միացեալ ընկերութեան արտադրութեան աղիւսը: Մեծ պահանջարկ կը վայելէր յատկապէս դաջազարդ (տոմետ) աղիւսը, որ արտադրող գործարանին տնօրէնը Արտաշէս Տայանցն էր. կիւմրեցիները կ՛ըսէին Տայոնց գործարան: Այդ գործարանը ունեցած է իր գրասենեակը, նաեւ իրաւունք` պատուէրներու ընդունման յայտարարութիւն տալու ՙԱխուրեան՚ թերթին մէջ՚, ներկայացնելով ցուցադրուած դաջազարդ աղիւսը, կը նշէ թանգարանի տնօրէնի օգնական Անահիտ Մինասեանը:

Միւս ցուցանմուշը, որ վկան է քաղաքի արդիւնաբերական զարգացման` միջատներ ոչնչացնող նիւթի արտադրութիւնն է. ՙ1840-50-ական թուականներուն Ալեքսանդրապոլի մէջ իր առաջին քայլերը կը կատարէ հակամիջատային արտադրութիւնը, որ արդէն 1870-ական թուականներուն լայն ծաւալ կը ստանայ: Այն անուանած են ՙԼուի ծաղիկ՚՚, կը պատմէ թանգարանի աշխատակցուհին` նշելով, որ անոնք կը վաճառուէին գունազարդ թիթեղեայ տուփերով` ինչպէս Ալեքսանդրապոլի մէջ, այնպէս ալ Ցարական Ռուսաստանի մէջ: Կը ստանային սովորական երիցուկի ծաղիկներէն` փթերով կը հաւաքէին, կը վերածէին փոշիի ու գունազարդ թիթեղի տուփերով կը վաճառէին: ՙԼուի ծաղկի՚ առեւտուրով զբաղած են Սիմոն Թումանեանցը` Փեթերպուրկի մէջ, Սարգիս եւ Միքայէլ Միրզոյեանները` Մոսկուայի մէջ: Միրզոյեաններու արտադրանքը Մարսէյի ցուցահանդէսին մէջ արժանացած է ոսկէ մետալի:

Թանգարանի շինութիւնը կառուցուած է վաճառական, յայտնի բարերար Պետրոս Ձիթողցեանի կողմէ 1872 թուականին: Շինութիւնը ունի 1860-70-ականներուն Ալեքսանդրապոլի մէջ տարածուած կարմիր եւ սեւ տուֆ քարի սիսթեմաթիք համադրութիւն: Սկզբնական շրջանին կառոյցը ծառայած է որպէս շահութաբեր տուն, իսկ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն յետոյ տունը ազգայնացուած է եւ ունեցած է զանազան գործառոյթներ` հասարակական, բնակելի եւ այլն:

1984 թուականին այստեղ բացուած է եւ մինչեւ օրս կը գործէ Կիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԲՈՂՋ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԻ ՇՈՒՐՋՕՐԵԱՅ ԵԼԵԿՏՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄ` ՎԵՑԺԱՄԵԱՅ ՀՈՎՀԱՐԱՅԻՆ ԱՆՋԱՏՈՒՄՆԵՐՈՎ

Next Post

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱպրողները՚ շարքով պիտի փորձի խօսիլ Արեւմտեան Հայաստանի մասին ոչ միայն մահացածներու, այլեւ ապրողներու մասին յիշեցնելով:

Next Post
ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱպրողները՚ շարքով պիտի փորձի խօսիլ Արեւմտեան Հայաստանի մասին ոչ միայն մահացածներու, այլեւ ապրողներու մասին յիշեցնելով:

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱպրողները՚ շարքով պիտի փորձի խօսիլ Արեւմտեան Հայաստանի մասին ոչ միայն մահացածներու, այլեւ ապրողներու մասին յիշեցնելով:

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.