ՙՈչինչ, աշխարհի մէջ ոչինչ չի համեմատուիր Մալաթիոյ ծիրանի այգիներու գեղեցկութեան հետ£ Գուցէ միայն Քեբրոնի խաղողի այգիները, սակայն այդ մէկ ուրիշ յաւերժական պատմութիւն է, որ ես հիմա չեմ պատմեր, նոյնիսկ չնայած իմ մեծ ցանկութեան£ Որովհետեւ ես անոնք մօտիկէն չեմ տեսած, սակայն փոխարէնը ես տեսած եմ Մալաթիոյ ծիրանենիները, եւ հաւատացէքª այդ աշխարհի լաւագոյն ծիրանն է՚, ՙՄալաթիոյ ծիրանները՚ անունը ստացած իր ռուսերէն գիրքին մէջ այսպէս կը խօսի Մալաթիոյ մասին վրացահայ հեղինակ Գէորգի Յարութիւնովը£
Դժուար է չհամաձայնել, որ այստեղª Եփրատի աջ ափով ձգուող ու երեք կողմէ լեռներով շրջապատուած կախարդական Մալաթիոյ դաշտավայրին մէջ է, որ ամենայստակն ու ամենամօտիկը կը զգաս Եդեմի բոյրը£ Կարելի է, ի հարկէ, վիճել, թէ արդեօք Մալաթիո՞յ ծիրանն է աւելի համեղ, թէ՞ Արարատեան դաշտինը, այսինքնª հայաստանեանը£ Այս խօսքերէն, թերեւս, քիչ մը պիտի վիրաւորուէր ամենազգացմունքային ու ՙամենահայ՚ մալաթիացինª Հրանդ Տինքը, որ վստահ էր, որ ինք ծնած է ոչ այլուր, քան ՙՀայաստանի՚ª Մալաթիոյ մէջ…
Հայկական Մալաթիանª ժամանակի, ուծացման ու երկրաշարժերու դէմ
Հին Մալաթիան, նոյն ինքըª պատմական Մելիտենէն կը գտնուի ներկայի Մալաթիա քաղաքէն մօտ 7 քմ հարաւ, ուր անոր հինաւուրց անցեալի մասին մնացած են յուշելու միայն կիսաւեր պարիսպն ու հին բնակատեղիներու համեստ մնացորդներ£
Տեղին պիտի ըլլայ ըսել, որ դրախտային Մալաթիոյª տարածաշրջանի զարգացած ու տնտեսապէս ծաղկուն քաղաքներէն մէկը դառնալու բոլոր հնարաւորութիւնները պատմութեան ընթացքին ՙմսխած են՚ պարբերաբար այստեղով անցնող ու զայն արնաքամ ընող պատերազմները, ինչպէս նաեւ Մալաթիան պատուհասած քանի մը ուժգին երկրաշարժերը£ Անոնցմէ վերջինը 2023-ի Փետրուարի սկիզբը լուրջ աւերածութիւններ պատճառեց քաղաքին: Մալաթիոյ հայ համայնքը 4 զոհ ունեցաւ, որոնցմէ 3-ըª նոյն ընտանիքէն: Մինչ քաղաքի նորակառոյց բարձրայարկերը մէկը միւսին ետեւէն կը փլուզուէին, Մալաթիոյ պատմական հայկական թաղամասին շուրջ 150-200 տարուան տուները մնացին կանգնուն:
ՙՄեծ հայրս մինչեւ 1915 շինարարութեան վարպետ էր: Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուելու պատճառն ալ այդ էր, քաղաքապետարանի շէնքին շինարարութիւնը կիսատ կը մնայ, մեծ հայրս աքսորի ճանապարհէն ետ կը կանչեն, որ աւարտին հասցնէ: Յետոյ հայրս ստանձնեց նոյն գործը: Հայրս աշակերտներ ալ ունէր, Սթամպուլի մէջ ալ Քարաքէոյի շրջանին մէջ երկու հան կառուցած է, մինչ օրս կանգուն են, 1999-ի երկրաշարժին դիմացան: Որեւէ շէնք կառուցելու ատեն հօրս առաջին մտածմունքը երկրաշարժի հաւանականութիւնն էր: Սա էր անոր փիլիսոփայութիւնը եւ ես միշտ հպարտ եղած եմ անոր աղջիկը ըլլալով՚, կը յիշէ սթամպուլաբնակ մալաթիացիներէն Է.Օ.-ն:
Մինչ օրս որեւէ երկրաշարժ չէ յաջողած ոչնչացնել նաեւ Եփրատի աջակողմեան վտակ Տոհմայի ափին պահպանուած ՙԱռիւծի բլուրը՚, նոյն ինքըª ներկայի Արսլանթեփէն, որ կարծես լուռ, բայց շատ վստահ մնացած է պատմելու Փոքր Հայքի համեստ գեղեցկուհիինª Մալաթիոյ երբեմնի փառքին մասին: Շուրջ 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող հնաւայրի ու այստեղ տարածուած Մելիտ-Քամմանիի հնագոյն պետական կազմաւորման մասին հետաքրքրական անդրադարձ կատարած է խորհրդային արեւելագէտներէն Տիաքոնովը, որ նաեւ վստահ էր, որ Մելիտ-Քամմանիին եւ Արմէ-Շուփրիան (պատմական Սասունի եւ մասամբ Մուշի տարածքին) էական դեր խաղցած են հայոց պետականութեան ձեւաւորման մէջ:
Ոտքերու վրայ ամուր կանգնած հանգուցեալը
Ժամանակակից Մալաթիոյ մէջ Հրանդ Տինքի հայրական տունէն բացի, որ այլեւս չկայ, կայ եւս մէկ անկիւն, ուր կարեւոր է կանգ առնել£ Այդ Մալաթիոյ հին հայկական գերեզմանատունն է£ Ծնունդով Մալաթիայէն Հրանդ Տինքը, կը հանգչի Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ£
ՙՀայրս դեռ այդ մայթին պառկած է, մէկդ ձեռք մեկնեցէքª վեր կենայ՚, ըսած էր Հրանդի աւագ դուստրըª Տելալը:
Եւ իսկապէս, Հրանդ Տինքիª Մալաթիոյ լեռներէն մինչեւ Պոլիս, Հայաստան ու Սփիւռք բարձրացող, բայց միեւնոյն ժամանակ այդքան խլեցուած ձայնին մենք կը փորձե՞նք ականջ դնել£ Արդեօ՞ք ոչ թէ ամբոխներու ականջը շոյելու, այլ ցաւոտ իրականութեան մասին առաւելագոյն անկեղծ խօսելու տինքեան համարձակութիւնը ունինք£ Արդեօ՞ք կը գիտակցինք, որ երբեմն ճշմարտութեան համար ծանր գին կը վճարեն, ինչպէս Տինքը, սակայն մեր լռելու համար այդ գինը կը վճարեն հազարները£
ՙԱնշուշտ, մահէն կը վախնամ, սակայն մահը ոչինչ է, եթէ հանգուցեալը կրնայ ըլլալ ոտքերուն վրայ ամուր կանգնած մէկը…՚, կ՛ըսէր Տինքը ու կը շարունակէր հաւատալ իր խօսքին, գաղափարին ու գացած ճանապարհին£
ՙԵրեք խորանի՚ վեր չբարձրացած խաչ
Այժմ Չաւուշօղլիի անունը կրող, նախանպէս հայաշատ թաղամասի կեդրոնին վեր կը խոյանայ Մալաթիոյ գեղեցկուհինª Սուրբ Երրորդութեան հայկական տաճարը£ Իր բաւականին տարբերող ճարտարապետութեամբ, ըստ մալաթիացիներու, այն պարտական է ոչ թէ հայ, այլ յոյն ճարտարապետի, որ Սուրբ Երրորդութեան կառուցումը ստանձնած էր 1878-ին եւ աւարտին հասցուցած 1893-ին£
1895-ին ապտուլհամիտեան ջարդերուն ժամանակ տեղի հայերու զինուած ինքնապաշտպանութեան կեդրոններէն մէկը դարձած, վերջին պատարագը 1915-ին կայացուած ու մէկ դար շարունակ անտէրութեան մատնուած Սուրբ Երրորդութիւնը նախանցեալ տարուընէ վերաբացուած է նոր, հայկական աչքին քիչ մը անսովոր ոճով ու ՙձեւաչափով՚£ Թրքական մամուլին մէջ բաւականին ախշուժօրէն արծարծուեցաւ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն կամ, ինչպէս մալաթիացիները յաճախ կ՛անուանեն, ՙԵրեք խորան՚-ի վերաբացումը, իսկ 2021-ի Օգոստոս 29-ին Պոլսոյ պատրիարք Սահակ Մաշալեանի մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ պատարագ, որ առաջինն էր այստեղ շուրջ մէկդարեայ լռութենէն յետոյ£
Սուրբ Երրորդութիւնը, սակայն, վերաբացուեցաւ ոչ թէ որպէս գործող եկեղեցի, այլ ՙմշակոյթի ու արուեստի կեդրոն՚ª վերեւը չունենալով տասնամեակներ առաջ իջեցուած խաչն ու գործնականին մէջ որեւէ կերպ չպակսեցնելով Մալաթիոյ մէջ հատուկենտ մնացած քրիստոնեայ հայ ընտանիքներուª մկրտութեան կամ եկեղեցական տօներու արարողութիւններու համար հարեւան Կեսարիա, Տիարպեքիր կամ Սթամպուլ հասնելու հոգը£
Ըստ Սթամպուլի մէջ գործող Մալաթիացի հայ բարերարներու միութեան խորհուրդի անդամ Կարապետ Օրունոզիª մօտ 60 հոգինոց մալաթիացի հայ համայնքին կը թոյլատրուի Սուրբ Երրորդութեան մէջ իրականացնել մկրտութեան եւ հարսանեկան ծէս, կիրակնօրեայ պատարագի եւ քահանայի մշտական ներկայութեան մասին այստեղ այլեւս վաղուց չեն երազեր£
ՙԿեավուրի թաղ՚
Տարէց մալաթիացիներու տուեալներովª հայ համայնքը 1950-ականներու սկիզբի դրութեամբ կը կազմէր մօտ 100 տուն, մեծ մասը արդէն հայերէն չէին խօսեր£ Թաղամասը, ուր կեդրոնացած էին հայ ընտանիքները, կը կոչէին ՙԿեավուրի թաղ՚, ինչպէս գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր պահպանուած էին հայեր£ Շրջակայ գիւղերուն մէջ, սակայն, եւ յատկապէս Մալաթիային կից Արաբկիրի շրջանում բաւականին շատ հայեր փրկուած էին, որոնք ժամանակի ընթացքին արտագաղթեցին Կ. Պոլիս£
Մալաթիացի հայերը միաբերան կը նշեն, որ տեղի թուրքերը, ալաուի քիւրտերն ու թուրքմենները հայերու հանդէպ յարգալից ու բարեկամական էին, սակայն աւելի ուշ Մալաթիան Էրզրումէն բաւականին լուրջ ներգաղթ կ՛ընդունի, եւ այս ՙնորեկները՚ բազմաթիւ նեղութիւններ կը պատճառէին հայ համայնքին£
Ի դէպª մալաթիացիներու Պոլիս բերած թօփիկը, թերեւս, միակն է, որ արժանացած է թրքական ճաշարաններուն մէջ իր անուան դիմաց ՙէրմենի՚ յիշատակման: Պահքի յայտնի ուտեստը թերեւս միակն է, որ մեծահոգաբար մեզ թողած եւ չեն վիճարկեր:
ՙԿար-չկար՚
Փոքր Ասիոյ կեդրոնական հատուածին մէջ կը տարածուի Սըվազը, նոյն ինքըª պատմական Սեբաստիան, որուն անունը բարդ է պատկերացնել Մալաթիայէն անջատ£ Պատմութեան տարբեր հանգոյցներով այս կամ այն կերպ միմեանց ճակատագիրը կիսած մալաթիացի ու սեբաստացի հայերը Պոլսո յ մէջ ալ հանդէս կու գան մէկ ընդհանուր միութեամբª կազմելով Սթամպուլի հայ համայնքին մէջ բաւականին պատկառելի թիւ£
ՙԿար-չկար՚. այսպէս կը նկարագրէ Սեբաստիոյ հայերու գոյութեան մերօրեայ հետքերը թուրք պատմաբան եւ լրագրող Օսման Քյոքերը թրքական ՙՊիանեթ՚ նախագիծի կայքին մէջ 2009-ին հրապարակուած եւ սեբաստացի հայերուն նուիրուած իր անդրադարձին մէջª թուարկելով Սեբաստիոյ երբեմնի հարուստ հայկական մշակութային ժառանգութեան համեստ մնացորդները£
Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մաղաքեայ Օրմանեանիª 1912-ին Սըվազի սանճաքին մէջ հայերու լուսաւորչական հայերուն թիւը շուրջ 97.000 էր, անոնցմէ բացի Սեբաստիան ունէր եւս 5500 կաթոլիկ եւ 2000 բողոքական հայ բնակչութիւն£ Յոյն հետազօտող Ճորճ Սոթիրիատիսի պնդմամբª հայերը այստեղ ունէին աւելի քան 165.000 բնակչութիւնª կազմելով սանճաքի ընդհանուր բնակչութեան 32,5 տոկոսըª ընդամէնը 5 տոկոսով զիջելով թուրքերուն, գրեթէ հաւասար ըլլալով պոնտացի յոյներուն եւ էապէս գերազանցելով քիւրտերը£
Այսօր Սեբաստիա քաղաքին մէջ ապրիլ շարունակող եւ հազիւ 20-ի հասնող քրիստոնեայ հայ ընտանիքներու վիճակին մասին խօսիլը բարդ է£ Ժամանակին մէկը միւսէն երեւելի ու բազմամարդ եկեղեցիներ ու վանքեր ունեցած սեբաստացիները իրենց կրօնական արարողությունները իրականացնելու համար յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան մեկնիլ հարեւան Կեսարիաª Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ այժմ Արեւմտեան Հայաստանի ու Փոքր Հայքի տարածքին մասամբ գործող հայկական 5 եկեղեցիներէն մէկն է (միւսներըª Տիարպեքիրի, Վանի Աղթամարի, Մուսալեռի Վագըֆ գիւղի, Ալեքսանտրեթի մէջ) եւ որուն պահպանութեամբ զբաղելու համար քանի մը տարի առաջ Սթամպուլէն հայրենի Կեսարիա վերադարձած է պարոն Կարօն£
Սեբաստիոյ կեդրոնին մէջ ժամանակին գոյութիւն ունեցած 5 հայկական եկեղեցիներէն վերջինը պատմութեան հրաժեշտ տուաւ Սուրբ Աստուածածնի տաճարը, որ 1950-ին պայթեցուեցաւ բանակայիններու կողմէ, որմէ յետոյ ալ տեղի հայ համայնքը օր օրի սկսաւ նօսրանալª բռնելով Պոլսոյ ճանապարհը ու մեծամասամբ այնտեղ շարունակելով սեբաստացիներու շրջանին մէջ մինչ օրս մեծ տարածում ունեցող ոսկերչութեան արհեստը£
Ինչպէս եւ միւս նախկին հայաշատ գաւառներուն մէջ, Սեբաստիոյ մէջ նոյնպէս կրօնափոխ հայերու թիւին վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւնները կը բացակային, քանի որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեան կարգավիճակ կը ստանան միայն կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքները, որոնց թիւը հնարաւոր է հաշուել պաշտօնական մկրտութիւններու արձանագրութիւններուն շնորհիւ£ Ազգային փոքրամասնութիւններ Թուրքիոյ մէջ, ըստ այդ երկրի սահմանադրութեան, չկան, քանի որ Թուրքիոյ հետ քաղաքացիութեամբ կապուած իւրաքանչիւր ոք ՙթուրք՚ կը համարուի£
Սեբաստիոյ Զարայի եւ Կիւրունի (ծնունդով Կիւրունէն էր նաեւ Հրանդ Տինքի հայրըª Սարգիս Տինքը-հեղ) շրջաններու հեռաւոր լեռնային գիւղերուն մէջ իսլամացուած եւ ալաուիացած հայերու հոծ խումբերուն մասին, սակայն, վաղուց կը խօսին ժամանակակից հայ, թուրք եւ քիւրտ հետազօտողներու եւ գրողներու վէպերը, ուսումնասիրութիւնները, փաստագրական ֆիլմերն ու իրենքª ՙսուրի մնացորդներու՚ ժառանգները£
ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
www©mediamax©am
(2023)
Նկար 2
Հրանդ Տինքըª մանուկ հասակին
Նկար 4
Այսպիսին էր Սուրբ Աստուածածնի տաճարը