Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԲՈՂՋ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԻ ՇՈՒՐՋՕՐԵԱՅ ԵԼԵԿՏՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄ` ՎԵՑԺԱՄԵԱՅ ՀՈՎՀԱՐԱՅԻՆ ԱՆՋԱՏՈՒՄՆԵՐՈՎ

July 11, 2023
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԲՈՂՋ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԻ ՇՈՒՐՋՕՐԵԱՅ ԵԼԵԿՏՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄ` ՎԵՑԺԱՄԵԱՅ ՀՈՎՀԱՐԱՅԻՆ ԱՆՋԱՏՈՒՄՆԵՐՈՎ

Արցախի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է մինչեւ Յուլիս 11-ի առաւօտեան Արցախի ամբողջ տարածքին ապահովել շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարում` վեցժամեայ հովհարային անջատումներու նոյն ժամանակացոյցով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. ՙՀաշուի առնելով Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարման վերականգնումը եւ նաեւ վառելանիւթի խիստ սղութեամբ պայմանաւորուած ինքնաշարժի կազալիցքաւորման մեծ պահանջարկը` կառավարութեան կողմէ որոշում կայացուած է մինչեւ Յուլիս 11-ի առաւօտեան Արցախի ամբողջ տարածքին ապահովել շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարում: Անոր շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել ինքնաշարժի կազի կայարաններու շուրջօրեայ աշխատանքը եւ հնարաւորինս մեծ քանակի ինքնաշարժի կազալիցքաւորումը:

Նշուած ժամկէտի մէջ ելեկտրականութեան յաւելեալ ծաւալի մատակարարումը պիտի կազմակերպուի Սարսանգի ջրամբարի պաշարներու յաւելեալ օգտագործմամբ ելեկտրուժի արտադրանքի ծաւալի աւելացման շնորհիւ: Յուլիս 11-էն ելեկտրամատակարարման համակարգը կրկին պիտի գործէ վեցժամեայ հովհարային անջատումներու նոյն ժամանակացոյցով, քանի որ Ատրպէյճանը Յունուար 9-էն ի վեր կը շարունակէ խափանած պահել Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը:

Կը խնդրենք բոլորին հնարաւորինս խնայողաբար օգտագործել ելեկտրականութիւնը` խուսափելու համար ցանցի յաւելեալ ծանրաբեռնուածութենէն ու վթարներէն: Իսկ ինքնաշարժի կազի կայարաններու աշխատակիցներուն ու ինքնաշարժի վարորդներուն կը յորդորենք հետեւիլ անվտանգութեան ու ճանապարհափոխադրութեան երթեւեկութեան բոլոր կանոններուն` խուսափելու համար պատահարներէն ու աւելորդ հերթերէն՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Next Post

ԿԻՒՄՐԻԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԵՆՑԱՂԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.