ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, ընթացք առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) գործակցութեան արդիւնքª ՙՀայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին՚ գիտաժողովը, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Բարիգալուստի բացման խօսքին մէջ, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ ՙայս գիտաժողովը կը նպատակադրէ … հայագիտութեան տարբեր մարզերու մշակները հրաւիրել, որ նորովի դիտարկեն վերջին երեսնամեակի հայ քաղաքական իրականութեան վերածնունդըª Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հռչակումին ելակէտէն դիտեն մեր մօտիկ անցեալի 120 տարին, ըստ այդմ ուղեգիծեր ճշդեն եւ նորատեսակ ընթացք առնէ հայութեան կենսագործունէութիւնը՚:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցէր նաեւ 2022 Ապրիլէն Արցախի հանրապետութեան պետական նախարարի տեղահանուածներու եւ փախստականներու, ընկերային աշխատանքի, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Էլինա Մխիթարեանը: Դժբախտաբար, սակայն Ատրպէյճանի ապօրէն շրջափակումը Արցախի հանրապետութեան, անկարելի դարձուց Տիկ. Մխիթարեանի ժամանումը Պէյրութ: Փոխարէնը ան հեռակայ, կարճառօտ ելոյթ ունեցաւ, ուր շեշտեց թուրք-ատրպէյճանական առանցքին կողմէ Արցախի բնակչութեան բարօր զարգացման միջազգային իրաւունքի բռնաբարումըª ՙգոյաբանական եւ անվտանգային բազմակողմ սպառնալիքների տակ… նպատակ ունենալով … Արցախի բնիկ ազգաբնակչութեանը, հասցնել ինքնակամ գաղթի: …1988-ին Արցախեան շարժումը պատմութեան քառուղիներում շատերիս առկայութիւնը դարձրեց ներկայութիւն…: Արցախեան առաջին պատերազմում տարած յաղթանակը հայի ինքնութեան արժանապատուութեան դրսեւորումն էր: Սակայն …2020-ին պարտուեցինք բոլորով:… Կը ցանկանամ գիտաժողովի ողջ ընթացքում բոլորի մօտ եւ իւրաքանչիւրի մտքում առանձին առկախ լինի մի հարց. ի՞նչպէս, յստակ ո՞ր քայլերով պէտք է փրկել հայրենիքը: Աւելի շօշափելի քան Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ սփիւռքահայը… ոչ ոք չի գիտակցում հայրենիքի կորստի ցաւը…: Արցախցիները պատրա՛ստ են իրենց երեխաներին պահել կիսաքաղց ու թշնամի դիպուկահարների հարուածի տակ: Բայց նպատակը, նպատակը պէտք է յստակ լինի աշխարհի բոլոր երկրների հայերի համար: Վայրկեան առաջ թօթափել թմբիրը, անտարբերութիւնը, այլապէս անդառնալի իրավիճակի պիտի հասնենք… հայոց պետականութեան եւ հայութեան ոչնչացման սպառնալիքը պարտադրում է գործելու, անյապա՛ղ գործելու… Արցախը սեւ չարիքի զսպաշապիկն է, Արցախը կործանման շղթայի տոմինոյի առաջին քարն է միայն …կոչ եմ անում բոլորին փրկե՛նք Արցախը՚:
Ողջոյնի իր գիրին մէջ, որ ընթերցեց Դոկտ. Էտկար Յովհաննիսեան, ՀՊՄՀ նախագահ, փրոֆեսոր Սրբուհի Գէորգեան ընդգծեց, որ ՙքննարկուող հարցերի շրջանակը ոչ միայն ակադեմիական հետաքրքրութիւն է առաջացնում, այլեւ մի շարք հիմնախնդիրների կիրառական լուծումներ կարող է առաջադրել: …Հայ եկեղեցու, համահայկական բազմաթիւ այլ հասարակական-քաղաքական կառոյցների, հայկական մշակոյթի, հայ ինքնութեան, հայութեան աշխարհընկալման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական պետականութեան հանդէպ մեր ընկալումների յարափոփոխ ընթացքի ուսումնասիրութիւնն ու դրա գնահատումը ե՛ւ արդիական է ե՛ւ գնահատելի: Յոյս ունենք, որ հարցերի այս շրջանակի քննարկումը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ առաւել պատրաստ դիմագրաւել գալիք փոխակերպումներին՚:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման հիւր բանախօս Դոկտ. փրոֆեսոր Խաչատուր Ստեփանեան իրª ՙԻ. դարում տեղաշարժերով պայմանաւորուած հայութեան փոխակերպման գործընթացի փուլերը՚ զեկոյցին մէջ հայկական փոխակերպման գործընթացները բաժնեց երեք տարբեր փուլերու, եւ ներկայացուց հայութեանª այդ փուլերուն ընթացքով տեղի ունեցած կենցաղային, ընկերային, լեզուամշակութային եւ այլ հիմնական փոխակերպումները£
Պաշտօնական բացման նիստի փակման իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան հարց բարձրացուց թէª ՙմեր ազգային պետական կամ ոչ-պետական իրականութեան մէջ, որո՞ւն պարտականութիւնն է բիւրեղացնել այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որ պիտի նպաստէ հայկական ապահովութեան-անվտանգութեան, ազգային, կրթա-դաստիարակչական, ռազմական, զինուորական, լեզուական, բարոյակրօնական, ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, cyber, եւ այլ ոլորտներուն՚ եւ նկատեցª ՙՍփիւռքեան լայն տարածքին վրայ, կենսական է որ ռազմավարութիւնները ունենան պատմական, գիտական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային խորք, որ կը հասնի Երեւանէն շատ անդին եւ կը կարգաւորէ ընդհանրական հայկականութեան գոյութիւնը՚:
Գիտաժողովի յաջորդող երկու օրերունª Չորեքշաբթի 28 եւ Հինգշաբթի 29 Յունիսին, սահիկաշարերով (powert point) ներկայացուեցան 17 զեկոյցներ: Փրոֆեսոր Վաչագան Գրիգորեան վերլուծեց Ի. դարու հայ արձակի փոխակերպումները, Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան մանրամասնեց արեւմտահայերէնի փոխակերպումները, Փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեան կատարեց պատումը Կարպատեան Եւրոպայի հայերունª 1900-էն ի վեր, Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան (հեռակայ)ª լուսաբանեց Մուսա լերան հայերու փոխակերպումները, Դոկտ. Լուսինէ Սահակեանª համշէնահայերու Ի. դարու արտագաղթերու հետեւանք ինքնութենական փոխակերպումներու մարտահրաւէրները, Դոկտ. Կարէն Մկրտչեան քննարկեց Իրանի հայօճախի 1979-2020 շրջանի տեղաշարժերուն հետեւանքով յառաջացած ընկերային-կրթական խնդիրները, Դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան խօսեցաւ սուրիահայերու 1946-2010 շրջանի տեղաշարժերուն եւ ասոնց հետեւանքª փոխակերպման մարտահրաւէրներուն մասին, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին փոխակերպումները, Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան գնահատումը կատարեց Հայ Եկեղեցւոյ հաստատութենական աշխարհիկացմանª ԺԹ.-ԻԱ. դարերուն, Դոկտ. Ռաֆֆի Չերչեան քննեց հայ կրօնական ճարտարապետութեան մէջ յառաջացած փոխակերպումները, Դոկտ. Էտկար Յովհաննիսեան կեդրոնացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1920-30-ականներուն ապրած տարագրութեան եւ փոխակերպումի դրուագներուն վրայ, Դոկտ. Լիլիթ Յովհաննիսեան լուսաբանեց յետ-անկախական հայրենի պատմագրութեան փոխակերպումներըª Հայկական Հարցի 1878-1923 շրջանի դիւանագիտական երեսակներու լուսաբանման առնչութեամբ, Վիլէն Մնացականեան մանրամասնեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական քաղաքականութեան փոխակերպումըª ծրագրային եւ շուկայական տնտեսութեան ժամանակաշրջաններուն, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան բացայայտեց Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման փոխակերպումներըª անցեալ, ներկայ եւ նոր ուղղութիւններու համապատկերին մէջ, Դոկտ. Յակոբ Թադէոսեան վերլուծեց հայրենասիրութեան ընկալման եւ դրսեւորումներու ընկերահոգեբանական փոխակերպումները, տիար Յարութ Սասունեան արծարծեց Սփիւռքի ներկայացուցչականութեան փոխակերպումները եւ սփիւռքահայ խորհրդարանի մեկնարկման ծրագիրը, իսկ Տիգրան Եկաւեան քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու փոխակերպումները:
Գիտաժողովի առաջին օրուան Բ. նիստին տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Մութաֆեանի նորագոյնª Jerusalem et les Armeniens jusqu՛a la conquete ottomane (1516) գիրքին շնորհահանդէսը, ուր Դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց անխոնջ եւ բեղուն գիտնականին վաստակը, իսկ հեղինակը ներկայացուց հատորը եւ հատորին ընդմէջէնª հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ մինչեւ ԺԶ. դարասկիզբ:
Գիտաժողովի ութ նիստերը վարեցին դոկտորք Վաչագան Գրիգորեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Խաչիկ Մուրատեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Եղիա Թաշճեան:
Զեկուցողներէն իւրաքանչիւրին յատկացուած էր կէս ժամ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի խորքային-վերլուծական-քննական ու գործնական յառաջադրանքներ ներկայացնել:
Գիտաժողովին մէջ յատկանշական էին զուգահեռներըª Մուսա լերան, Համշէնի եւ Կարպատեան Եւրոպայի հայկական, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Սուրիոյ հայօճախներու ենթախումբերուն միջեւ: Համապատկերային բնոյթ կը կրէին լեզուի եւ գրականութեան գիտական մեկնաբանութիւնները: Հաստատութենական առումով ուշագրաւ էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ աւետարանական եւ առաքելական Եկեղեցիներուն նուիրուած քննարկումները: Յղացք-հասկացութենական (conceptual) առումով շահեկան էին հայրենասիրութեան, պատմագրական մեկնաբանութեան, ճարտարապետական վերլուծութեամբ մեկնաբանուած զեկոյցները: Կարեւոր նորութիւն էր տնտեսական բնագաւառին եւ հոգեբանութեան ելակէտէ մեկնած նիւթերուն ընդգրկումը. ասոնք կենսական այլ երեսակներ աւելցուցին գիտաժողովին եւ զայն դարձուցին առաւել ընդգրկուն: Եւ անշուշտ ընդգծելի էին հայութեան եռամիասնութեանª Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կառոյցներու կառավարման-ներկայացուցչականութեան եւ փոխգործակցութեան նուիրուած տեսլական եւ քննական զեկոյցները:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր շեշտը դրուած էր հայութեան վերջին 120-ամեայ իրականութեանց, նորագոյն այս փուլի խնդիրներու քննարկման եւ դէպի ապագայ նայելու հրամայականին, ելակէտ ունենալով պետականութեան փաստը:
Գիտաժողովի ընթացքին նկատելի դարձան Հայաստան-Սփիւռք թիւրիմացութիւններու առկայութեան նուազումը, երիտասարդ սերունդ եւ աւանդական մօտեցումներ բախումը, բայց մանաւանդ հայ իրականութեան վարումի, ապագայի ծրագրաւորումի խնդիրներուն հրատապաութեան զգացողութիւն-գիտակցութիւնը եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
Գիտաժողովին ընթացքին յառաջացաւ ջերմ, ազատ, անմիջական միջավայր մը: Նորատեսակ այս հարթակին նախանձախնդիր, երկար քննարկումներուն եւ վերլուծումներուն, միտքերու բախումին, որոնումներուն, յղկումին, բիւրեղացումին մասնակցեցան գիտաժողովին ներկայ եղած հիւրեր, երիտասարդներ, որով գիտաժողովին բարձրաձայնուած խնդիրները հանրայնացուեցան եւ քայլ մը եւս առնուեցաւ հանրութիւնը առաւել մասնակից դարձնելու նման հրատապ հարցերու արծարծման:
Տեղին է նշել, որ գիտաժողովին առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 29-30 Յունիս 2022-ին, ՀՊՄՀ-ի մէջ: Այս երկրորդ գիտաժողովը որոշակիօրէն յստակ դարձուց հայ իրականութեան ընելիքներուն ծիրը եւ խթան կը հանդիսանայ, որ շարքին երրորդը աւելի նպատակաուղղուած յառաջադրանքներով կիրառելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ առաջարկէ յօգուտ հայ իրականութեան աւելի բարենպաստ ապագայի: