Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի տեսակցեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ եւ քննարկեց զինուորական հաստատութեան հարցերը: Միքաթի եւ Աուն նաեւ անդրադարձան Լիբանանի հարաւային սահմանին վրայ տիրող կացութեանª իսրայէլեան վերջին ոտնձգութիւններու լոյսին տակ:
Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական ընդհանուր իրավիճակը: