Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի տեսակցեցաւ մարոնիներու պատրիարքին հետ ու հաւաստիացուց, որ Քորնէթ Սաուտայի միջադէպին առնչութեամբ հետաքննութիւնները կը շարունակուին լրջութեամբ: Ըստ Խուրիի, Հիւսիսի մէջ կալուածային հարցերու դատախազը ամբողջացուցած է 6 բնակավայրերու սահմանագծումը եւ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ամբողջացնէ երկու այլ բնակավայրերու սահմանագծումը: