Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԹԱՏՐՈՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԵՆ ՏՈԿՈՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ՚

July 6, 2023
in Յօդուածներ
0
ՙԹԱՏՐՈՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԵՆ ՏՈԿՈՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ՚

 

 

ՙԹատրոնը աշխարհի մէջ այն միակ հաստատութիւնն է, որ կը մեռնի արդէն չորս հազար տարիէ ի վեր եւ երբեք չի մահանար: Զայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ՚:  Այս խօսքերը կը պատկանին ամերիկացի գրագէտ, գրականութեան նոպէլեան մրցանակակիր Ճոն Սթայնպէքի:

Սթայնպէքի այս խօսքերը որքա՛ն կը պատշաճին այսօր լիբանանահայ իրականութեան, որ վերջերս ականատես կ՛ըլլայ թատերական կեանքի աշխուժութեանª ձեւով մը վերածնունդի, մասնաւորաբար քորոնայի եւ տնտեսական տագնապի պարտադրած…ՙմահէն՚ ետք: Փաստօրէն լիբանանահայ թատրոնը կը մերժէ մահանալ շնորհիւ ՙտոկուն եւ նուիրուած մարդոց՚ª մեր բեմադրիչներուն, դերակատարներուն, բայց մանաւանդ վարագոյրին ետեւ գտնուող եւ վարչական ու թեքնիք գործերով զբաղող նուիրեալներուն:

Իսկ գնահատանքի առանձին խօսք լիբանանահայ թատերասէրին, որ լեցուն սրահներով վերակենդանացուց հայ բեմըª գիտակցելով անոր կարեւորութեան:

Աշխարհի մը մէջ, ուր այսօր թէեւ կը գերակշռեն արհեստագիտական եւ թուայնացած նորարարութիւնները, թատրոնի եւ թատերախաղերու յարատեւ գրաւչութիւնը փաստօրէն կը շարունակէ հրապուրել հանդիսատեսը: Պէտք չէ մոռնալ, որ բեմը կը ծառայէ իբրեւ անփոխարինելի միջոց մը, որ կը հրամցնէ ժամանցի, դաստիարակութեան եւ ինքնաճանաչումի իւրայատուկ խառնուրդ մը, թէեւ մեր երիտասարդ բեմադրիչներէն մէկը վերջերս շեշտը կը դնէր ժամանցին վրայª անկախ բովանդակութենէն ու անոր կարեւորութենէն:

Թատրոնը ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ ժամանցի հարթակ մը, ուր կը դիմէ հանդիսատեսը հեռանալու առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ փոխադրուելու դէպի երեւակայութեան աշխարհ:  Թատրոնը կը կախարդէ հանդիսատեսը, որովհետեւ ան միաժամանակ կրնայ ծիծաղ ու խնդուք պատճառել, արցունք, հետաքրքրութիւն եւ հարցադրումներ զարգացնելª ստեղծելով ներքին հակազդեցութիւններ, որոնք անհատները խորապէս զիրար կը կապեն մարդկային մակարդակի վրայ: Բեմին վրայ է, որ պատմութիւնները կեանք կ՛առնենª խթանելով ընդհանուր փորձառութիւն մը, որ կրնայ ըլլալ թէ՛ խռովիչ, եւ թէ՛ հանգստացնող:

Իր ժամանցային արժէքին կողքին, թատրոնը ունի նաեւ դաստիարակիչ կարեւոր դերակատարութիւն: Թատերախաղերը կը ծառայեն իբրեւ միջոցներ պատմական դէպքերու, մշակութային արժէքներու եւ ընկերային հարցերու քննարկման: Ականատես ըլլալով բեմին վրայ ծաւալող պատմութիւններուն` հանդիսատեսը պատկերացումներ կ՛ունենայ տարբեր տեսակէտերու եւ փորձառութիւններու մասին: Թատրոնը դէմ-յանդիման կը դնէ մեզ բարդ թեմաներուª խրախուսելով քննական մտածողութիւնը եւ մարդային կարեկցանքը: Կենդանի խաղարկութեան ուժին միջոցով կարելի կը դառնայ ըմբռնել մարդկային էութիւնը, ընկերային խարխափումները եւ մեր կատարած ընտրութիւններուն հետեւանքները: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ ինչո՞ւ ժամանակին, նոյնիսկ լիբանանահայ բեմին վրայ թատերախաղեր յաճախ գրաքննութեան կ՛ենթարկուէին ու կ՛արգիլուէին:

Թատրոնը միշտ հանդիսացած է միջոց մըª արտայայտելու միտքեր, գաղափարներ եւ յոյզեր հանրային միջավայրի ու շրջագիծի մը մէջ: Թատերագիրները, դերասաններն ու բեմադրիչները բեմը կ՛օգտագործեն իբրեւ պաստառ մը` անոր վրայ նկարագրելու մարդկային վիճակներ, բացայայտելու ընդհանրական ճշմարտութիւններ եւ գծելու ինքնաճանաչման ուղիներ: Երկխօսութեան, տարբեր միմիքներու եւ երանգաւորուած դերատարութեան ուժը կը ստեղծեն արտայայտութեան այնպիսի խորք մը, որ կարելի է իւրայատուկ կերպով փոխանցուիլ միայն կենդանի թատրոնին միջոցով: Ան յուշարար է մեր ընդհանրական մարդասիրութեան եւ կ՛երաշխաւորէ, պէտք է երաշխաւորէ այն հարթակը, ուր նաեւ անտեսուած ու խտրականացուած հարցեր լսելի կը դառնանª խթանելով ընկերային համապարփակութիւնն ու յառաջդիմութիւնը:

Կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, պատմութիւն թէ քաղաքականութիւնª թատրոնը ունի նոյն դերակատարութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ, հետեւաբար, եթէ այս օրերուն լիբանանահայ հանդեսատեսին նախասիրութիւնը կ՛երթայ կատակերգութեանª երբեք հարց չէ:

Թատրոնին վերապահուած է նաեւ այլ պաշտօն մը, որ այս օրերուն նոյնքան կարեւոր է լիբանանահայ հաւաքական կեանքին մէջ: Թատրոնի փորձառութիւնը կը տարածուի նաեւ սրահէն դուրս` ստեղծելով հաւաքական պատկանելիութեան եւ ընդհանուր կապի զգացում մը: Վարագոյրը բացուելէն մինչեւ վերջաւորութեանª հաւաքական ու յաճախ յոտնկայս ծափահարութիւնները, թատրոնը քով-քովի կը բերէ տարբեր անձեր. կը դառնայ մարդոց հաւաքավայր:  Հերոսներու նուաճումներուն եւ դժբախտութիւններուն ականատես ըլլալու ընդհանուր փորձառութիւնը կը խթանէ հաւաքական կապ մըª յառաջացնելով քննարկումներ եւ հաւաքական յիշողութիւններª սկսեալ սրահի աստիճաններուն վրայէն մինչեւ յաջորդող օրերը սալոններու մէջ:

Արդարեւ, աշխարհի մէջ, որ այսօր տարուած է արհեստագիտական եւ թուայնացած նորութիւններով, թատրոնի եւ թատերախաղերու կենդանի փորձառութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի մարդկային կեանքին մէջ: Թատրոնը, անցեալ ու ապագայ, կը գերազանցէ ժամանակը եւ կը հրաւիրէ մեզ պահ մը կանգ առնելու, խորհելու եւ զգալու: Ան ժամանցի եւ ՙպատմութիւն դիտելու՚ միջոց է, բայց նաեւ ունի դաստիարակիչ առաքելութիւն եւ ինքնաճանաչման խորք:

Բայց ինչպէս Սթայնպէք կ՛ըսէ, ՙզայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ՚: Բարեբախտաբար, լիբանանահայ թատրոնի վերակենդանացումը փաստեց, որ տակաւին ունինք ՙտոկուն եւ նուիրուած մարդիկ՚. վարձքը կատար բոլորին:

Իսկ մեր սիրելի ու հաւատարիմ հանդիսատեսներուն, շնորհակալութեան խօսքէն անդին, կը յուշենք ամերիկացի ժամանակակից թատերագիր Լին Նոթէճի (Lynn Nottage) հետեւեալ խօսքը. ՙԹատրոնը հաւաքական աքթ մըն է, որ մարդիկ կը խմբէ մութ սենեակի մը մէջ, ուր անոնք կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու փորձառութիւնը: Ան կը մեկտեղէ մեզ իբրեւ հաւաքականութիւն՚:

 

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ՚ª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Next Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԿՈՉ` ՅԱՆՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Next Post
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԿՈՉ` ՅԱՆՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԿՈՉ` ՅԱՆՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.