Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ՚ª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

July 6, 2023
in Գաղութային
0
ՙԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ՚ª ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

 

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի ՙՇնորհալի՚ երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայª Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ ՙԿիլիկիա՚ նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 3 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ ՙԼիքաա՚ հանդիսասրահին մէջ£

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման խօսք արտասանեցին երգչախումբի անդամներէն Թամար Գուճանեան Նազարեանն ու Շողիկ Եփրեմեանը£ Անոնք ըսին, որ ազգային երգերը ներշնչման աղբիւր են մեր քաջարի հայորդիներուն համար եւ հարկ է վառ պահել այդ շունչըª հակառակ օտար ազդեցութիւններուն£ Թէկուզ ներկայիս վերիվայրումներ կ?ապրի մեր հայկական ներկան, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայը միշտ ալ կարողացած է իր գոյութիւնը պահել. անոնք շարունակեցինª ըսելով, որ անկախութիւնը կը վերահաստատուի շնորհիւ պայքարի ոգին արթուն պահող երիտասարդներու£ Վերջապէս, կարեւորեցին հայկական մշակոյթին պահպանումն ու շարունակականութեան ապահովումը, որուն համար ՙՇնորհալի՚-ն այս համերգին հանդէս կու գայ փունջ մը ազգային երգերով£

Յստակ էր հանդիսատեսներուն խանդավառութիւնը հնչած երգերով, որոնց շարքին էին ՙԿամաւորի Երգ՚-ըª Ղազար Քէօշկէրեանի մեկնաբանութեամբ, ՙՄենք Անկեղծ Զինուոր Ենք՚ª Յովիկ Թաֆրանեանի կատարողութեամբ, եւ ՙՁայն Մը Հնչեց՚ª Արման Տէր Պետրոսեանի երգեցողութեամբ£

Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը առաւօտուն հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ յատուկ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական օծման 28-րդ տարեդարձը, ՙՇնորհալի՚ երգչախումբը անակնկալ մը պատրաստած էր Հայրապետին, որ բանաստեղծութիւն մըն էրª ձօնուած Արամ Ա. Կիլիկիոյ Հայրապետին. զայն արտասանեց Վարդի Սալխանեանը£

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը բեմ բարձրացաւ ու իր գնահատանքը յայտնեց ՙՇնորհալի՚ երգչախումբի անդամներուն եւ ՙԿիլիկիա՚ նուագախումբին, ինչպէս նաեւª խմբավար հայր սուրբին£ Նորին Սրբութիւնը յիշեցման կարգով ըսաւ, որ ազգային երգերը սովորական երգեր չեն, այլ անոնց մէջ կը բաբախէ հայկականութիւնª իր երկունքներով եւ թռիչքներով£ Հայութիւնը իր հարազատ էութեամբ, գոյութենական պայքարով, անցեալով, ներկայով եւ ապագայի տեսլականով մեր երգերուն մէջ են£ Հետեւաբար, սովորական արուեստի իմաստով պէտք չէ երգենք մեր երգերը, այլ պէտք է ապրինք զանոնք, ըսաւ ան£ Հայրապետը քաջալերեց, որ հայ ընտանիքներուն մէջ, մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ, մեր ազգային երգերը մնայուն ներկայութիւն ըլլան, որպէսզի անոնց շունչով մենք ապրինք ու մեր հայութիւնը աւելիով ամրապնդենք, եզրափակեց իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը£

Աւարտին, բոլոր ներկաները միասնաբար, յոտնկայս, երգեցին ՙԿիլիկեան Ուխտի՚ Հայրապետական մաղթերգը£

Յայտնենք, որ համերգը ուղղակիօրէն հեռարձակուեցաւ Կաթողիկոսարանի ՙCilicia TV՚-ի Facebook-ի եւ Youtube-ի էջերուն միջոցաւ£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԾՐԱԳԻՐ

Next Post

ՙԹԱՏՐՈՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԵՆ ՏՈԿՈՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ՚

Next Post
ՙԹԱՏՐՈՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԵՆ ՏՈԿՈՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ՚

ՙԹԱՏՐՈՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԵՆ ՏՈԿՈՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.