Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման 2023 թուականի ծրագրի Յուլիս 3-ին տեղի ունեցած պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը:
Նախարարը շնորհաւորած է մանկավարժները ծրագրի մեկնարկին առիթով եւ մաղթած է յաջող ընթացք. ՙՄենք առանձնակի կը կարեւորենք սփիուռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումըª Հայաստան-Սփիւռք փոխհամագործակցութեան ծիրին մէջ եւ կը փորձենք առաւելապէս օգտակար ըլլալ ձեր կատարած աշխատանքին: Նախարարութեան գերակայ ուղղութիւններէն են նոր կրթական չափորոշիչներուն համապատասխան որակեալ եւ արդիւնաւէտ կրթութեան կազմակերպումը եւ օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ հայերէնի գրաւչութեան բարձրացումը, հայկական մշակոյթի եւ աւանդոյթներու հանրահռչակումը՚:
Նախարար Անդրէասեան անդրադարձած է ՙՀՀ կրթութեան զարգացմանª մինչեւ 2030 թ. պետական ծրագրին՚ª ընդգծելով սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան կազմակերպման խնդիրը. ՙՄեր ռազմավարութեան առանցքային նպատակներէն են սփիւռքի համար ՀՀ հանրակրթութեան համահունչ կրթական մատչելի ծառայութիւններու ապահովումը, սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախները Հայաստանի կրթական համակարգին համարկումը, սփիւռքահայ կրթօճախներու կարիքներուն համապատասխան հայալեզու տպագիր եւ ելեկտրոնային ուսումնական պաշարներու համալրումը, սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման եւ խրախուսման մեխանիզմներու ստեղծումը՚:
Նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ համատեղ գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ իրականացուող աշխատանքները, իսկ այս տարուան վերապատրաստումը անգամ մը եւս բոլորը պիտի համախմբէ ընդհանուր նպատակներու շուրջª ստեղծելով զարգացման նոր հնարաւորութիւններ:
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ սփիւռքի մէջ գործող հայկական եւ հայկական բաղադրիչով ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ (պետական եւ ոչ-պետական վարժարաններ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, լրացուցիչ կրթութեան հաստատութիւններ, մէկօրեայ կրթօճախներ, մշակութային կեդրոններ եւ այլն) դասաւանդողներու վերապատրաստման ծրագիրը:
2023 թուականի վերապատրաստման ծրագրին կը մասնակցի 60 ուսուցիչ 18 երկրէ:
Ընդհանուր առմամբª սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը ունի նոր գիտելիքի փոխանցման եւ կարողութիւններու ձեւաւորման նպատակ: Այն ուղղուած է նաեւ անձնական մակարդակով ուսուցիչի խրախուսանքի բարձրացման, նիւթին հանդէպ հետաքրքրութեան աշխուժացման, սփիւռքի կրթական համակարգի հետ կապերու ամրապնդման: