Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է լիբանանահայ ճանչցուած գրող եւ լրագրող Սարգիս Նաճարեանի` կարտինալ Պետրոս Աղաճանեանին նուիրուած ՙԵրանացման ճանապարհին՚ գիրքը: Գիրքը կը ներկայացնէ հետաքրքրական դրուագներ Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայ եկեղեցւոյ հայրապետ, կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի կեանքէն: Անոնք, ինչպէս տեղեկացուց Սարգիս Նաճարեանը, վկայութիւններ են կարտինալին անցած ճանապարհին, եկեղեցական, ազգանուէր գործունէութեան ու այն մեծ ժառանգութեան, որ թողած է կարտինալը:
ՙԳրքոյկը լոյս տեսած է Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի քաջալերանքով եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան աջակցութեամբ: Գիրքը թող համեստ վկայութիւն ըլլայ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին՚, նշեց Սարգիս Նաճարեան` տեղեկացնելով, որ Վատիկանի մէջ ընթացքի մէջ են Պետրոս Աղաճանեանը երանելիներու կարգին դասելու ուսումնասիրութիւնները:
Աղաճանեանը ղեկավարած է Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը` Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայ եկեղեցւոյ հայրապետը եղած է, աւելի ուշ Հռոմի պապ Փիոս ԺԲ.-ը (1946թ.) անոր կարտինալի աստիճան շնորհած է:
Վատիկանը կ՛ուզէ կարտինալ Պետրոս Աղաճանեանը երանելիներու կարգին դասել: Վատիկանի հոգեւորականները Աղաճանեանի կենսագրութեան քննարկումը սկսած են 2022 թուականի Հոկտեմբեր 28-ին:
Գրող, լրագրող Սարգիս Նաճարեանը երկար տասնամեակներ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ՙՄասիս՚ պարբերաթերի խմբագիրը եղած է: Ղեկավարած է Հայ Կրթական Բարեսիրական միութիւնը, գործուն մասնակցութիւն ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան զանազան մարմիններու մէջ: Անբասիր գործունէութեան համար Սարգիս Նաճարեանը արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, այդ շարքին` Հռոմի պապէն ու հայ կաթողիկէ պատրիարքներէն: