Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

July 4, 2023
in Հայաստան
0
ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

 

Պաշտօնական այցով Լեհաստան գտնուող ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Վարշավայի Քազիմիր Փուլասքի անվտանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն-հիմնադրամի փորձագէտներուն:

Հանդիպման ընթացքին ՀՀ ԱԺ նախագահը հակիրճ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգինª շեշտելով, որ շարք մը միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն մէջ Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներու վերաբերեալ փաստերը խօսուն են:

Ան ներկաներուն յիշեցուցած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ անցնիլ մեծ դժուարութիւններու միջովª բախելով անվտանգութեան սպառնալիքներուն: Այս ծիրին մէջ հայ պատուիրակները մանրամասնած են Հայաստանի հանդէպ ատրպէյճանական շարունակուող յարձակման հետեւանքներըª շեշտելով, որ Ատրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները եւ կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: ՙԱտրպէյճանը, կոպտօրէն խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն արգելափակած է Լաչինի միջանցքը, որ յանգեցուցած է ծանր մարդասիրական ճգնաժամի: Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 հայ կ՛ապրին լիակատար պաշարման պայմաններու մէջ՚, նշած է ՀՀ ԱԺ նախագահը:

Պատասխանելով տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու վերաբերեալ փորձագէտներու հարցումներունª Ալէն Սիմոնյանը բարձր գնահատած է արեւմտեան գործընկերներու (ԱՄՆ, ԵՄ, Ֆրանսա, Գերմանիա) ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման գործընթացին մէջ:

Լեհ գործընկերները նշած են, որ հակամարտող երկիրներու համար ամենաբարդը կողմերը բաւարարող վերջնական լուծում գտնելն է, սակայն անկէ ավելի բարդ է իրավիճակը առանց լուծման թողելը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու:

ՀՀ ԱԺ նախագահը հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանը իր հարեւաններէն տարածքային պահանջներ չունի եւ պիտի շարունակէ ընել հնարաւորը տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար: Հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնուած է նաեւ այն, որ Ատրպէյճանը մշտապէս կը մերժէ խաղաղութեան ուղղուած բոլոր ջանքերը, կ՛անտեսէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին որոշումները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին պարտադիր որոշումըª իրականացնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու բացայայտ քաղաքականութիւն:

Եզրափակելով հանդիպումըª ՀՀ ԱԺ խօսնակը հաւաստիացուցած է, որ մեր երկրին մէջ իսկապէս կը հաւատան, որ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, մարդու իրաւունքները խաղաղ գոյակցութեան երաշխիքներ են:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱԳՆ-ՆԵՐԸ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՋԱՆՔԵՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԴՆԵՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post

ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ 2023-Ի ԾՐԱԳԻՐԸ. ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 60 ՈՒՍՈՒՑԻՉ 18 ԵՐԿՐԷ

Next Post
ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ 2023-Ի ԾՐԱԳԻՐԸ.  ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 60 ՈՒՍՈՒՑԻՉ 18 ԵՐԿՐԷ

ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ 2023-Ի ԾՐԱԳԻՐԸ. ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 60 ՈՒՍՈՒՑԻՉ 18 ԵՐԿՐԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.