Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱԳՆ-ՆԵՐԸ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՋԱՆՔԵՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԴՆԵՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

July 4, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱԳՆ-ՆԵՐԸ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՋԱՆՔԵՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԴՆԵՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Երեւանի մէջ կայացած են քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի հանրապետութիւններու արտաքին գործերու նախարարութիւններուն միջեւ:

Խորհրդակցություններու ծիրին մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեան ընդունած է Հնդկաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան արտաքին քաղաքականութեան ծրագրաւորման վարչութեան պետ Սումիթ Սեթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Հնդկաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու գերակայ խնդիրները, երկուստեք անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու կազմին մէջ գործող քաղաքականութեան մշակման եւ ծրագրաւորման վարչութիւններու հիմնական գործառոյթներուն:

Կողմերը ընդգծած են երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու աճող աշխուժութիւնը, քննարկած հայ-հնդկական բարձր մակարդակի շփումներու, միջգերատեսչական կապերու աշխուժացման եւ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգի կարեւորութիւնը: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են յաւելեալ ջանքեր ներդնելու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու աւելի խորացման ուղղութեամբ:

Անդրադարձ կատարուած է միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակի, ինչպէս նաեւ երկկողմ տնտեսական, մշակութային, կրթական կապերու ամրապնդման, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան, երկիրներու միջեւ հաղորդակցութեան կապուղիներու հաստատման խթանման:

Նախարարի տեղակալ Սաֆարեանը հնդկական կողմին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին շրջանին եւ առ այսօր իրականացուող յարձակողական գործողութիւնները, որոնք կը վտանգեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը£ Ընդգծուած է Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի շուտափոյթ յաղթահարման կարեւորութիւնը£

Share61Tweet38
Previous Post

ՎՐԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ՎՏԱՐՈՒՄ

Next Post

ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Next Post
ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

ՀՀ ԱԺ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.