Գաղափարական ուխտի վերանորգման օր է այսօր. յատկապէս Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ուխտապահ շարքայիններուն, համակիրներուն եւ զինուորեալներուն համար:
Միջազգային քաղաքական կեանքի խճճուած եւ լպրծուն այս օրերուն, հայրենական կեանքի ճգնաժամային մերօրեայ ճնշիչ պայմաններուն, ազգային գետնի վրայ համատարած գաղափարազրկութեան եւ անտարբերութեան այս ժամանակաշրջանին, առաջին հերթին անհրաժեշտութիւնը կը զգանք պարտադրաբար մեր հայեացքները յառելու այնպիսի հերոսական տիպարներու, մշտվառ փարոսներու եւ կամ տիտաններու ուղղութեամբ, որոնք ոգի եւ յոյս կը ներշնչեն՝ դուրս գալու յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան ոլորապտոյտէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ օրերուն էր՝ երբ ժողովուրդ մը ամբողջ կ’առաջնորդուէր կառափնարան, երբ ազգ մը հանուր կը դառնար հայրենահան ու տարագիր՝ Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ՝ Հնչակեան Քսան տիտաններ իրենց վերջին պատգամները կը փոխանցէին ազգին ու Հնչակեան Կուսակցութեան մնացորդացին: Պատգամներ՝ որոնք այնքան այժմէական են այսօր. չեն կրնար մթագնիլ երբեւիցէ:
Անոնք՝ կախաղաններու վրայ անշնչանալէ առաջ, մարգարէական հեռատեսութեամբ եւ քաղաքական ու գաղափարական խորաթափանցութեամբ աղաղակեցին՝ «դուք մեր մարմինները կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղափարը՝ ոչ»: Եւ ապա՝ «Դուք Արեւելքի հորիզոնին պիտի տեսնէք սոցիալիստական Հայաստանը»: Ի՜նչ գօտեպնդող խիզախութիւն եւ օրինակելի վարքագիծ՝ երբ մահուան ժանտ ուրուականին առաջ՝ անոնք պայքարի եւ գոյատեւման սերմերը կը սփռէին նորածաղկ սերունդներու սիրտերուն մէջ: Քսան տիտանները ոտնակոխելով վախի, տատամսումի եւ յուսաբեկութեան դոյզն նշանները՝ վաղուան սերունդները կը հրաւիրէին արիանալու եւ խտանալու՝ յանուն հայրենիքի ազատութեան, գաղափարի զուլալութեան եւ արդարութեան հաստատման:
Թրքական մոլեռանդութեան թունդ խորհրդանիշ՝ իթթիհատականներու աչքի փուշն էին հնչակեանները, որոնք անզիջում կերպով կը մարտնչէին այդ ցեղամոլներուն դէմ: Որմէ ետք՝ կուսակցութեան պարագլուխները քաղաքական ու մարտական ծանրակշիռ որոշումով մը ծրագրած էին կանխել իթթիհատականներու սադայէլական դաւադրութիւնը: Հնչակեան Կուսակցութեան եօթերորդ համագումարը քաղաքական յանդուգն քայլ էր ցեղասպանները հակահարուածելու առումով: Թէ պատմութիւնը ինչպէս ընթացաւ, ծանօթ է բոլորին: Թրքական արմատականութեան առաջին ու հիմնական թիրախը Փարամազն ու իր ընկերներն էին, որովհետեւ հայութեան միւս հատուածները սա կամ նա կերպով ծուարած էին օսմանցիութեան շղարշին տակ, հանգիստ կը զգային յայտնապէս, ինչու չէ՝ նպաստած էին իթթիհատականներու քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական յաջողութեանց: Ահա այստեղ է, որ իր ողջ մեծութեամբ կը ցցուի Քսան տիտաններուն անձնազոհութեան տարողութիւնը, պատմական դերը:
Ուխտի մեր վերանորոգումը խարսխուած է երկու հիմնաքարերու վրայ.- հաւատարմութիւն հայրենիքի եւ հաստատակամութիւն գաղափարի: Քսան տիտաններուն անյեղլի պատգամն է ասիկա: Եւ ի՜նչ պայծառատեսութեամբ անոնք կը նախատեսէին ապագան, յայտարարելով թէ՝ «դուք մեզ քսաններս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի»: Ահա 108 տարիներէ ի վեր, սերունդէ սերունդ, բոլորուելով հնչակեան դրօշին շուրջ, կը համալրեն Քսաններուն շարքերը, կ’երդնուն ի խնդիր Քսաններուն տեսլականին կենսակոչման: Այս պատահականութի՞ւն է միթէ, թէ՞ գաղափարականութեան հզօրութիւն: Մինչեւ իսկ տասնամեակներ ետք բանաստեղծը կը գրէր՝ «Պայազիտի բարձունքէն ես վաղուան հունձքը տեսայ»…
Հունձքը՝ իր բաղկացուցիչ անդամներով, այսօր կանգնած է «այո՛» ըսելու Քսաններու ուղիին. «այո՛» ըսելով ծառանալու կրաւորականութեան եւ թուլամորթութեան դէմ: Եւ այս երկինքին տակ, ո՞րն է առաքելութիւնը այդ անդամին՝ որպէս ընկերվարական մարդ, հայ եւ հնչակեան, եթէ ոչ՝ կանգնիլ արդարութեան եւ ազատութեան ամէն մէկ շարժումի եւ ձգտումի կողքին: Այս նուիրական երդումին վերահաստատումն է որ կը կատարենք այսօր՝ խոնարհելով Քսան Կախաղաններու յիշատակին ընդառաջ:
Տիտանները կը վերանան մարմնապէս, բայց երբեք՝ գաղափարապէս: Չեն թեքիր աջէն ու ահեակէն փչող քամիներու պարագային: Ժամանակը չի կրնար փոշի կապել անոնց պատգամներուն վրայ՝ այնքան ատեն որ նորագիր երդուեալներ կը հաւատան Քսաններու առաքելութեան: Անոնք կրնան նշմարել վաղուան լոյսն ու յոյսը եւ տողանցել խրոխտօրէն ի հեճուկս ամէն տեսակի խոչերու եւ խութերու:
Այս օրերուն, ակնյայտ է, որ դիտաւորեալ աշխատանք կը տարուի գաղափարապաշտութիւնը փոխարինելու նիւթապաշտութեամբ: Համամարդկային ու ազգային արժէքներու դէմ խօլ պայքարը կը միտի այլանդակել երդուեալ մարդու առաքելութիւնը այս երկրագունդին վրայ: Մարդկային արժէքներով նախանձայոյզ բոլոր տարրերուն եւ շերտերուն համար, այս երեւոյթը, զօրաշարժի մղող մարտահրաւէր մը կրնայ հանդիսանալ, ուր իր խօսքը ունի նաեւ Քսան տիտաններուն յետնորդ երիտասարդութիւնն ու անդամաշարքը: Այս իսկ պատճառով, մեր այսօրուան երդումը կը զգենու նաեւ ընկերվարական բնոյթ՝ ազգային-ազատագրականի կողքին:
Քսան տիտաններուն ղեկավարը՝ Փարամազ, դիպուկ եւ գործնական ասոյթ մը կտակած է բոլոր ժամանակներուն համար.- «Հոն՝ ուր կախաղաններն են ճօճւում, ազատութիւնն է մօտալուտ»: Պարզ է՝ ազատութիւնը կը նուաճեն նահատակութեան ճամբով: Եթէ չկան ազատութեան բագինին ինքնամատոյց մարտիկներ, եթէ կը խուսափին անձնուիրութեան եւ յանձնառութեան առաքինութիւններէն, ապա ի զուր է երեւակայել ազատութեան մասին: Այս խիստ օրինաչափութիւնը, առաջին իսկ օրէն, լաւապէս ըմբռնած էին հնչակեան դրօշին վրայ իրենց ձեռքերը դրած բոլոր զինուորեալները՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Արեւելեան Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ: Նոյնը կրկնուեցաւ Սարդարապատի մէջ եւ արցախեան յաջորդական պատերազմներուն: Նոյնինքն Փարամազ՝ յանուն իր ժողովուրդին ազատութեան՝ եռոտնուկի վրայ ճօճուեցաւ իր ընկերներուն հետ՝ մշտատեւ օրինակն ըլլալու համար ազատութեան դաժան ճանապարհին: Ահա հո՛ս է մեծութիւնը անմահներուն:
Քսան տիտանները վաղո՜ւց չկան: Քսան տիտանները ասուպի նման եկան ու գացին՝ կիսատ թողելով իրենց երազանքներն ու ծրագիրները: Քսան տիտանները կախաղաններո՛ւ վրայ իսկ անմահացան: Եւ… Քսաններու երդումն ու ճանապարհը կը շարունակուի՝ քանի քսան հազարներ կը հետեւին հայրենիքի ազատութեան դժուարին ճանապարհին:
Փա՛ռք հնչակեան Քսան տիտաններուն: