Այս տարի Քսան Հնչակեան կախաղաններու Լիբանանի ոգեկոչման, ուրախ ենք հիւրընկալելու Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Համբիկ Սարաֆեանը եւ Կեդրոնական վարչութեան միւս անդամները, ինչպէս նաեւ յատուկ այս առթիւ ժամանած` Սուրիոյ զոյգ շրջաններու Վարիչ մարմիններու ատենապետները եւ անդամները:
Յարգելի ներկաներ,
108 տարի առաջ Յունիս 15-ի լուսաբացին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղանափայտի մատոյցին արտասանուած՝ «Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, իսկ մեր գաղափարը՝ երբեք»,
«Վաղը արեւելքի հորիզոնին պիտի ողջունէք ընկերվարական Հայաստանի ծնունդը» եւ միւս պատգամները, իրարայաջորդ հնչակեան սերուդներուն ժառանգուած նուիրական կտակներ են, որոնք իրենց ամբողջական լրումին հասնելուն կը սպասեն:
Այսօր այդ նուիրական ուխտի նորոգման օրն է կրկին, եւ հնչակեան հաւատաւորներու եւ համակիրներու կողքին, ուրախ ենք տեսնելու լիբանանահայ գաղութի բոլոր բաղկացուցիչ միաւորներու ներկայացուցիչները, եւ գոհունակութեամբ նշելու, որ անգամ մը եւս համահայկական մթնոլորտի մէջ հաւաքուած ենք բոլորս հաղորդուելու Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած Քսաններուն մեզի ձգած պատգամներով, անոնց հոգեւոր շունչին ներքոյ վերլուծելու Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ պարզելու Հնչակեան կուսակցութեան տեսակէտերը եւ կեցուածքը` մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Կրկին անգամ կը նորոգենք մեր երդումը՝ կառչած մնալու Հնչակեան ուխտին եւ գաղափարախօսութեան:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հնչակեան կուսակցութիւնը,
Փառք ու պատիւ Քսաններուն: