Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ԿՈՉԵՐ ՊՇԱՐՐԻԻ ՄԷՋ

July 4, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ԿՈՉԵՐ ՊՇԱՐՐԻԻ ՄԷՋ

 

Հիւսիսային Պշարրի գաւառը երէկ հրաժեշտ տուաւ Հայսամ եւ Մալէք Թոքերուն, որոնք սպաննուեցան Քորնէթ Սաուտայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան պատճառով: Թաղումի արարողութիւնը կատարեց մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը, որ կոչ ուղղեց սահմանագծելու շրջանը եւ կանխելու խռովութիւնները: Ան նաեւ պահանջեց անյապաղ ձերբակալել եւ պատժել ոճրագործները: ՙՄենք կը հաւատանք պետութեան, գիտենք մեր սահմանը եւ ոճրագործը, որովհետեւ տեղի ունեցածը պարզապէս անցողակի արկած մը չէ՚, ըսաւ Ռահի:

Հայսամ եւ Մալէք Թոքերու յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին, Պշարրիի երեսփոխան Ուիլիամ Թոք իր եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժաաժաայի անունով յայտարարեց. ՙմենք չենք կրաժարիր մեր հողին եւ ժողովուրդին արժանապատուութենէն, իսկ անոնց արիւնը մեր պատմական հողի կարմիր գիծ է՚, աւելցնելով որ զսպուածութեան կոչը թողութեան նման չէ: Իսկ Թոք գերդաստանը լարուած յայտարարութեամբ մը ապահովական ուժերուն եւ դատական առնչակից մարմիններուն կոչ ուղղեց անյապաղ բացայայտելու յանցագործները եւ ոճիրին մանրամասնութիւնները: ՙՏարակարծութեան պատճառաբանութիւնները պատմական եւ աշխարհագրական հիմք չունին, որովհետեւ մեր գաւառին սահմանը գծուած է օսմանեան տիրապետութեան օրերէն ի վեր՚, նշուած է յայտարարութեան մէջ: Յիշեցնելով, որ միշտ եղած է բանակին ու պետութեան կողքին, գերդաստանը ցաւ յայտնեց, որ բանակը չէ կրցած խաղալ արդար իրաւարարի դերը, այլ նոյնիսկ սպաննած է Մալէք Թոքը:

Միւս կողմէ, յարակից Տըննիյէ գաւառի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքական շուկայէն հեռու պահելու միջադէպը, աւելցնելով որ բանակը բոլորին երաշխաւորն է:

Share61Tweet38
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՓԱ՛ՌՔ ՔՍԱՆ ՏԻՏԱՆՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.