Մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ կան այնպիսի դէպքեր եւ փուլեր, որոնք միշտ ուսանելի են, յատուկ նշանակութիւն ունին մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ,
յատուկ են իրենց ընդհանուր պատկերին մէջ,
յատուկ են իրենց բարոյական բովանդակութեամբ.
վերջապէս յատուկ են իրենց հետեւանքներով եւ անոնցմէ քաղուելիք դասերով:
Այդ դէպքերէն մէկն է 1915 թուականի Յունիս 15-ին քսան հնչակեաններու կախաղան բարձրացումը Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ:
108 տարի անընդմէջ, հնչակեան ուխտեալներս, մեր հաւատաւոր համակիրները եւ համայն հայ ժողովուրդը, կ’ոգեկոչենք Քսան կախաղաններու յիշատակը, կը խոնարհինք անոնց հայրենասիրութեան, նուիրուածութեան եւ գաղափարին հանդէպ ունեցած հաւատքին առջեւ:
Յարգելի բարեկամներ, սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
108 տարի անընդմէջ, ամէն տարի նորովի ըմբռնումով կը վերյիշենք անոնց մարգարէութիւն դարձած վերջին պատգամները. ամէն տարի աւելի ու աւելի կ’արժեւորենք մեր նախնիներու յեղափոխական գործունէութիւնը, որ իրենց առաջնորդեց դէպի կախաղան, տիրանալու ազգի և մարդկութեան նուիրեալի մը հասանելի ամենաբարձր՝ հերոս նահատակի տիտղոսին:
Քսաններուն կեղծ դատավարութիւնը իթթիհատական ռազմական ատեանին առջեւ, անոնց խրոխտ եւ անվախ բարձրանալը կախաղան եւ նահատակութիւնը, ինքնին արտասովոր եղելութիւն մըն է, պատուոյ շքանշան մըն է Հնչակեան Կուսակցութեան յեղափոխական դրօշին վրայ, իսկ միւս կողմէն մշտական ամօթանքի խարան մըն է Իթթիհատական կառավարութեան եւ Թուրքիոյ ճակտին:
Պատմութեան մէջ նման խմբային դատավարութիւններու եւ խմբային մահապատիժներու գործադրութեան օրինակներու քիչ կը հանդիպինք:
Այսուհանդերձ, անկախ աշխարհագրական եւ ժամանակագրական տարբերութիւններէն, ասոր նման դատավճիռներուն ընդհանուր յայտարարները եղած են մէկ կողմէ բռնակալին ծառայող անարդար դատաւորները, իսկ միւս կողմի վրայ գտնուած են բռնակալին դէմ կանգնած, հայրենիքի փրկութեան, ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազատ ապրելու գերագոյն նպատակին համար կռիւ մղող ազատամարտիկները:
Վերոնշեալ սկզբունքները, որոնց համար զոհուեցան մեր ընկերները, այս օրերուս միջին մակարդակի ժողովրդավար երկրի մը մէջ ապրողներուն համար կը թուին սովորական իրաւունքներ, եւ դարձած են համամարդկային քաղաքական մշակոյթի տարրական սկզբունքներ: Մինչդեռ 108 տարի առաջ այս գաղափարներուն մասին խօսիլն իսկ այդ ազատատենչ մարդիկը հասցուցին կախաղան:
Հետեւաբար, այստեղէն ի յայտ կու գայ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Քսաններու պատմական կարեւորութիւնը եւ իրագործումը, ոչ թէ միայն մեզի՝ հայերուս համար, այլեւ ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող իրաւազրկուած, ճնշուած եւ իր պապենական հողերուն վրայ ստրուկ դարձած ժողովուրդներու ազատութեան համար:
Անոնք օսմանեան աւատապետական, «շարիաթի» կայսրութեան մէջ այնպիսի յառաջդիմական գաղափարներ ուզեցին մտցնել, որոնք այս օր իսկ շատ մը յետամնաց պետութիւններ տակաւին չեն կրցած ըմբռնել եւ գործադրել զանոնք:
***
Յարգելի բարեկամներ, սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
2005 թուականին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ ընկերակիցներու սպանութենէն ետք, Լիբանան մտաւ անելանելի փակուղիի մը մէջ:
18 տարի անցած է այդ օրէն եւ Լիբանան ամէն օր կը մխրճուի նոր ճգնաժամերու մէջ: Այսօրուան դրութեամբ անդամալուծուած է ամբողջ պետական համակարգը, կրկին անգամ երկրին նախագահի մը ընտրութիւնը դարձած է անկարելի:
Լիբանանեան թղթոսկիի աւելի քան 60 անգամով արժեզրկումը, փտածութիւնն ու սղաճը, օտարամուտ աժան աշխատուժի մրցակցութիւնը եւ այլ տասնեակներով խնդիրներ օր ըստ օրէ կը բարդացնեն Լիբանանի քաղաքացիին կեանքը:
Այս ծանր տնտեսական ընկերային իրավիճակին դիմաց Հնչակեան կուսակցութիւնը, իր յարակից միութիւններով, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը փորձէ թիկունք կանգնիլ իր շարքին եւ համակիրներուն, թեթեւցնելու մեր հայրենակիցներուն վրայ ծանրացած բեռը, կասեցնելու երիտասարդ մարդուժի արտահոսքը եւ դէմ դնելու գաղութիս նօսրացման:
Քաղաքական իրավիճակի բարելաւման նպատակով, Հնչակեան կուսակցութիւնը լիբանանեան բոլոր խորհրդարանական ուժերուն կոչ կ’ուղղէ օր առաջ ընտրելու նախագահ մը, որ կը վայելէ ժողովուրդին յարգանքը, ազնիւ է, եւ ներքաշուած չէ փտածութեան եւ կասկածելի գործարքներու մէջ:
Սիրելի ներկաներ,
Գալով գաղութիս ներհայկական կեանքին, մենք կը վերահաստատենք, որ մեր ռազմավարութիւնը կը մնայ անփոփոխ` ամէն գնով պահել եւ պահպանել ներքին համերաշխութիւնը, աւելի աշխուժացնել եւ զարգացնել միջկուսակցական եւ միջմիութենական համագործակցութիւնը:
Որպէս լիբանանահայեր, բացի մեր ընդհանրական համալիբանանեան մարտահրաւէրներէն, մեր վրայ կու գան աւելնալու երեք յանձնառութիւն:
1- Լիբանանեան քաղաքական շրջանակներէն ներս դիմադրել Թուրքիոյ ներթափանցումը:
2- Աշխատանք տանիլ Հայաստանի վարկանիշը բարձրացնելու յաչս լիբանանեան հասարակութեան:
3-Լիբանանի հասարակութեան ծանօթացնել Արցախի հարցի իսկական բնոյթը: Սատար կանգնիլ Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման, ինչպէս նաեւ պապենական հողին վրայ ապահով եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին:
Յարգելի բարեկամներ, սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Քսաններու ոգեկոչումը մեր տարեկան ուխտի նորոգման օրն է, իւրաքանչիւր հնչակեանի համար հրաւէր մըն է աշխատանքի եւ նոր յանձնառութեան, գաղափարին կառչածութեան եւ հաւատարմութեան, կոչուելու մեր քաջ նախնեաց արժանաւոր ժառանգորդներ:
Կեցցէ՛ Քսանները ծնող հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը,
Կեցցէ՛ ընկերվարական, ժողովրդավար Հայաստանը: