«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, իսկ մեր գաղափարը՝ երբեք»: Կախաղանի վրայ այս բառերը արտասանած Հնչակեան Քսան հերոսներուն գաղափարակիցները Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, հաւաքուած էին Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ՝ ոգեկոչելու համար Քսաններու նահատակութեան 108-ամեակը եւ քննարկելու մերօրեայ մարտահրաւէրները, կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին:
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան եւ վարչութեան անդամ ընկերներ Ալեքսան Քէօշկէրեան, Համբիկ Թաթուլեան եւ Վազգէն Համալեան, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ անդամները, Սուրիոյ հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններու ՍԴՀԿ Վարիչ մարմիններու ատենապետներ Ընկ. Աւետիս Խոշաֆեան եւ Ընկ. Խորէն Չարըքեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, դեսպանութեան ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեան, հոգեշնորհ տէր Յովակիմ Վրդ. Փանճարճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, ՀԿԲՄ-ի ատենապետ եւ Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեան, ՀՄՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միսաք Նաճարեան, ՍԴՀԿ մասնաճիւղերու վարչութիւններու, յարակից միութիւններու ղեկավարներն ու վարչական անդամները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ բազմութիւն մը:
Ոգեկոչումի հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄՄ-ի փողերախումբը՝ նուագելով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հնչակեան կուսակցութեան քայլեգները, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ Ընկ. Տիգրան Միհրանեան: Ան այս օրը համարեց «նուիրական ուխտի նորոգման օր» եւ գոհունակութեամբ դիտել տուաւ, որ այս առիթը կը նշուի միասնական ոգիով: Ընկ. Միհրանեան վերահաստատեց, որ հնչակեանը երդուած է կառչած մնալ Հնչակեան ուխտին եւ գաղափարին:
Իր ուղերձին մէջ, Ընկ. Վանիկ Տագէսեան նշեց, որ կախաղանի վրայ Քսաններու նահատակութիւնը պատուոյ շքանշան մըն է Հնչակեան կուսակցութեան յեղափոխական դրօշին վրայ, իսկ միւս կողմէն՝ մշտական ամօթանքի խարան մըն է իթթիհատական կառավարութեան եւ Թուրքիոյ ճակտին»: Ան յիշեցուց, որ հնչակեան հերոսներուն անքակտելի սկզբունքներէն են բռնակալին դէմ պայքարը, հայրենիքի փրկութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու ազատ ապրելու մտադրութիւնը:
Խօսելով լիբանանեան զարգացումներուն մասին, ան ցաւ յայտնեց, որ կրկին անդամալուծութեան մատնուած է պետական համակարգը եւ նախագահի ընտրութիւնը դարձած է անկարելի, յառաջացնելով ընկերա-տնտեսական եւ ապրուստային բազում խնդիրներ: «Այս ծանր տնտեսական ընկերային իրավիճակին դիմաց Հնչակեան կուսակցութիւնը, իր յարակից միութիւններով, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը փորձէ թիկունք կանգնիլ իր շարքին եւ համակիրներուն, թեթեւցնելու մեր հայրենակիցներուն վրայ ծանրացած բեռը», յայտարարեց Ընկ. Տագէսեան: Այս իրավիճակին մէջ, ան շեշտեց ներքին համերաշխութեան պահպանումի եւ միջկուսակցական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, մերժելով թրքական ներթափանցումի զանազան փորձերը: Ընկ. Տագէսեան առաջարկեց Լիբանանի հասարակութիւնը ծանօթացնել Արցախի հակամարտութեան էութեան՝ սատար կանգնելով ազատ ինքնորոշումի իրաւունքին:
Օրուան գլխաւոր ուղերձը վերապահուած էր կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանին: Ան նշեց, որ Քսաններուն մէջ խտացած է օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին ամբողջ պատմութիւնը, ցաւն ու տառապանքը, ապա արժանապատիւ կեանքի բարձրանալու էջը: Անոր խօսքով, Քսաններու արժանիքներէն են անսակարկ սէրը հայրենիքին հանդէպ, անձնազոհութեան անվերապահ պատրաստուածութիւնը եւ վտանգը կանխագուշակած հեռատեսութիւնը: «Մեր ճակատագիրը կրնար շատ տարբեր ըլլալ, եթէ օրին իրականութիւն դառնար Հնչակեան ծրագիրը»: Յիշեցնելով, որ Հայաստանի վերածնունդը տեսնելու Քսաններուն երազը իրականացաւ ընդամէնը երեք տարի ետք, Ընկ. Սարաֆեան նմանութիւններ թուեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ այսօրուան իրավիճակներուն միջեւ: «Հայաստանն ու Արցախը կ’ապրին ճակատագրական օրեր եւ պարտաւորութիւն կը զգանք ըլլալ ու խօսիլ անկեղծ», ըսաւ ատենապետ ընկերը: Ցաւ յայտնելով, որ հայը դասեր չէ քաղած պատմութենէն, Ընկ. Սարաֆեան այսօրուան զարգացումները համեմատեց 1919-20 ժամանակահատուածին հետ: Ան նշեց, որ Արցախի առաջին պատերազմին յաղթանակը վերածուեցաւ դիւանագիտական պարտութեան, մինչ երկրորդ պատերազմը բացայայտեց անպարտելիութեան պատկերը: «Դժբախտաբար, Արցախի հարցը չկրցանք ներկայացնել միջազգային հանրութեան եւ բացատրել, թէ ինչու Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշումի եւ անկախութեան իրաւունք», ըսաւ Ընկ. Սարաֆեան: Ան յիշեցուց, որ հայրենի իշխանութիւնները 25 տարի շարունակ խաբած են ժողովուրդը, պնդելով որ ունին շրջանի հզօրագոյն բանակը եւ թէ թշնամին պիտի չյարձակի: «Դժբախտաբար իրականութիւնը այդպէս չէր եւ մենք յաղթողի հոգեբանութենէ մեկնած մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցինք Թուրքիոյ վրայ, թէեւ օր ըստ օրէ յայտնի էր, որ Ատրպէյճան մեծապէս կը պատրաստուի, ամէն օր բազմացնելով սպառազինութիւնը»: Ան ցաւ յայտնեց, որ հայրենի բոլոր իշխանութիւնները վախցած էին իրականութիւնը արծարծելէ, խորհելով որ պիտի ստանան դաւաճանի պիտակաւորում: «Մեր դիւանագիտական ձախողութեան պատճառով միջազգային ընտանիքը չզօրակցեցաւ Արցախին, մինչ մենք վստահեցանք մեր դաշնակիցին եւ խորհեցանք, թէ պատերազմի պարագային ան պիտի պաշտպանէր մեզ», ըսաւ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան: Ան յիշեցուց, որ նոյնը պատահած էր Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, ուր Փարիզի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ներկայացուց պահանջներու անիրապաշտ ցուցակ մը, որ կրնար նոյնիսկ առաջնորդել Հայաստանի մնացեալ բեկորներու կորուստին: «Այսօր մեզի համար յստակ է, որ Արցախեան պարտադրուած պատերազմը տակաւին իր աւարտին հասած չէ եւ իսկապէս խաղաղութեան օրակարգը այլընտրանք չունի, որովհետեւ այլընտրանքը պատերազմն է: Չենք կրնար այնպիսի քայլեր առնել, որ արագացնեն պատերազմը»: Ան բացատրեց, որ այսօր կարելի չէ անիրագործելի նպատակներ առաջադրել, այլ կարեւոր է իրատես արտաքին քաղաքականութիւն վարել, որուն համար անհրաժեշտ է համերաշխութիւնը՝ արտաքին հարցերուն մէջ, պահանջեց Ընկ. Սարաֆեան: Ան կոչ ուղղեց զերծ մնալբւ ներքին լարուածութենէն, որովհետեւ շրջանային իրավիճակը շատ լուրջ է գերպետութիւններու պայքարի լոյսին տակ: Ան անհրաժեշտ համարեց ձգտիլ խաղաղութեան, թէեւ հակառակորդը հայատեաց է ու անոր կարելի չէ վստահիլ: «Այսօր պէտք է ժամանակը օգտագործենք զինուելու եւ պատրաստուելու յաջորդ պատերազմին: «Ինչպէս 1920-ին մեզի օգնութեան չեկան մեծ պետութիւնները, նոյնն ալ այսօր է եւ մենք ենք մեր միակ ապաւէնը: Մենք պիտի լուծենք մեր հարցերը, որուն համար պէտք է միասնականութիւն», ահազանգեց Ընկ. Սարաֆեան, որպէս պատշաճ օրինակ ներկայացնելով լիբանանահայութիւնը, որ 1975-90 պատերազմին ընթացքին ցուցաբերեց համերաշխութիւն
Ընկ. Սարաֆեան պահանջեց նախ ընդունիլ, որ պարտուեցանք, յանցաւոր համարելով թէ՛ նախկին, թէ՛ ներկայ իշխանութիւնները: Անոր համաձայն, հայերը կորսնցուցած են առաջին պատերազմէն ետք իրենց ունեցած երկաթէ շերեփը եւ այսօր ունին թուղթէ շերեփ: «Ինչպէս առաջին հանրապետութեան իշխանութիւնները նկատեցին, այսօր եւս պէտք է իմանանք, որ լեզու պէտք է գտնենք Թուրքիոյ հետ, ոչ թէ այսօր առաջադրենք պայմաններ», ըսաւ Ընկ. Սարաֆեան: Դիտել տալով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ի վերջոյ պիտի հասնին խաղաղութեան պայմանագրի, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը մտահոգիչ եւ անընդունելի համարեց «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծարգիրը, որ Ատրպէյճան կը փափաքի պարտադրել: «Բարեբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները այսօր կը մերժեն այդ, զայն համարելով կարմիր գիծ», ըսաւ ան: Ընկ. Սարաֆեան իր ուղերձի աւարտին կոչ ուղղեց վարելու բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ, չհակադրուելով Ռուսիոյ կամ Արեւմուտքին:
«Հայատանը մեր վերջին հանգրուանն է, հետեւաբար հայրենիքը պէտք է ըլլայ բարգաւաճ, խաղաղ պայմաններու մէջ տեսնէ իր զաւակներու ապագան», շեշտեց Ընկ. Սարաֆեան: Ան իր ուղերձը եզրափակեց կոչ ուղղելով յանձնառու մնալու իրենց արիւնը հայրենիքին համար նուիրած նահատակներու կտակին եւ տէր կանգնելու հայրենիքին:
Գեղարուեստական պատշաճ յայտագրի ծիրին մէջ, ասմունքով հանդէս եկաւ Ընկ.հի Անի Եփրեմեան, իսկ լիբանանահայ երգիչ Ընկ. Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց կուսակցական երգերու փունջ մը: Ներկաները ապա միասնաբար հանդիսութիւնը փակեցին «Ուխտի Հրաւէր»-ով: