Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

June 27, 2023
in Հայաստան
0
ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԲԵՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

 

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույօն: Հանդիպման ներկայ եղած են ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալներ Արթուր Մարտիրոսեանը եւ Ալֆրետ Քոչարեանը:

Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կրթութեան, մշակոյթի ու երիտասարդութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու աւելի ամրապնդման, բազմոլորտ համագործակցութեան օրակարգի ընդլայնման ու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով համատեղ իրականացուող ծրագիրներունª ԿԳՄՄ նախարարը յատկապէս կարեւորած է Ֆրանսայի աջակցութիւնըª ուղղուած ՀՀ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման խորացման եւ ծրագրի ընդլայնման, որ կը նպաստէ դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնի դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած շարք մը այլ ծրագիրներ:

Ժաննա Անդրէասեանը դեսպանին տեղեկացուցած է, որ 2023 թուականին Հայ ֆիլմի 100-ամեայ յոբելենական ծրագիրներու շրջանակին մէջ Հայաստանը մասնակցած է Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ՙԱշխարհի ամբողջ յիշողութիւնը՚ վերականգնուած ֆիլմերու միջազգային յոբելենական 10-րդ ֆիլմի փառատօնին, ուր ցուցադրուած են Համօ Բեկնազարեանի ՙԴուստր՚, ՙՏունը հրաբուխի վրայ՚ եւ ՙԵրկիր Նայիրի՚ ֆիլմերը: Քաննի 76-րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնին ՙՔաննի դասականներ՚ բաժնին մէջ ցուցադրուած է հայկական ֆիլմի ժառանգութեան բացառիկ նմոյշներէնª Ֆրունզէ Տովլաթեանի ՙԲարեւ ես եմ՚ վերականգնուած ֆիլմը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմին աջակցութեամբ իրականացուող ՙՀայաստան. մշակութային ժառանգութեան պահպանում, արժեւորում եւ մասնագէտներու պատրաստում՚ ծրագրին:

Դեսպան Անն Լույօն ներկայացուցած է ֆրանսական կողմին պատրաստակամութիւնըª շարունակելու համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի ոլորտներուն մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող  շարք մը այլ հարցեր:

Share61Tweet38
Previous Post

ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 100 ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՚ ԾՐԱԳՐԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՓԱՍՏԱԳՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԳԻՏԱԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 100 ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՚ ԾՐԱԳՐԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՓԱՍՏԱԳՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԳԻՏԱԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 100 ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՚ ԾՐԱԳՐԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՓԱՍՏԱԳՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԳԻՏԱԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.