Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան 2022-ի տարեգիրքին մէջ հրապարակուեցան քաղցկեղով հիւանդութեան 2021-ի ամբողջական տուեալները: Վիճակագրութեան համաձայն, մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ չարորակ գոյացութիւններու յայտնաբերումի պարագաները աճած են 7,5 առ հարիւրով` հասնելով 54.519-ի: Ուստի, Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր 54-րդ մարդուն մօտ կը յայտնաբերուի քաղցկեղ: Գաւառային առումով, նուազագոյն ցուցանիշը Սիւնիքի մէջ է` 1391,2 պարագայ 100 հազար բնակչութեան մէջ, իսկ բարձրագոյնը Լոռիի` 2186,1 պարագայ: Երեւանի համեմատութիւնը 2072,4 է հարիւր հազար բնակչութեան մէջ: