Թիւ 11
ՙՄահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալª անմահութիւն՚:
Եղիշէ պատմիչ
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդը դէմ կրցած է դնել հազարաւոր մարտահրաւէրներու: Պայքարած է, դիմացած է իր հողին վրայ ներխուժող ուժերու դէմ: Ասորեստան, Պարսկաստան, Մակեդոնիա, Հռոմ, Բիւզանդիոն, մոնկոլ-թաթարներ, սելճուքներ, մեմլուքներ, օսմանցիներ եւ շատ այլ ուժեր եղած են անոնք: Անոնցմէ մաս մը քաղաքակրթուած բարբարոս, ուրիշ մաս մըª անկիրթ եւ արիւնարբու: Քանի՜-քանի՜ նահատակներ տուած է մեր ազգը այդ ճամբուն վրայ: Այս բոլորը կը յիշենք, որովհետեւ ամէն տարի Յունիս ամսուան ընթացքին կը յիշատակենք հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի երախտաւորներու յիշատակը, հերոսներ որոնք պայքարեցան հայուն վերադարձնելու իր արժանապատուութիւնը, կայսրութեան մը մէջ ուր փոշիացած էին ժողովուրդներու մշակոյթը, առաքինութիւնները, արժանապատուութիւնը: Ճիշդ է որ կը պատկանէին Հնչակեան կուսակցութեան, սակայն անոնց նպատակը հայ մարդը ազատագրելն էր դարերու հնացած, յետամնաց լուծէն: Քսան երախտաւորներ, որոնք նահատակուեցան, պատգամ մը փոխանցեցին հայ ժողովուրդինª արթննալու իր քունէն ու փրկուելու գալիք ոճիրէն: Սակայն, հայկական քաղաքական ուժեր, գինովցած Երիտասարդ թուրքերու վարչակարգի սուտ խոստումներէն, քայլ չառին: Հայ ժողովուրդը պահեցին քնացած ու իրենք ալ քնացան մինչեւ որ պատահեցաւ նահատակներուն նախատեսածը: Կաղապարներու հաւատացող եւ անհեռատես քաղաքական այրեր վճարեցին եւ հայ ժողովուրդին վճարել տուին այդ ծանր գինը: Պատմութենէն պէտք է քաղենք դասեր: Ամբոխավարութիւնը եւ միակ կարծիք պարտադրելը միշտ սուղ արժած են մեր ժողովուրդին: Պատմութիւնը վկայ: Բազմակարծութիւնը եւ երկխօսութիւնն են բանալին մեր բոլոր հարցերուն: Մեծ ժողովուրդներ նոյն սխալը չեն կրկներ: Այս է կտակը քսան երախտաւորներուն, որ պէտք է պահենք մեր աչքի լոյսին պէս: Արթննանք մեր քունէն:
Փարամազի եւ ընկերներուն նահատակութիւնը մեզի պէտք է ծառայէ որպէս պատգամ բոլոր դարերու համար: Եղիշէ պատմիչին խօսքըª ՙՄահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալª անմահութիւն՚, կը պատկանի այդ նահատակներու հոյլին: Իր հայրենիքին եւ կրօնքին համար նահատակուողը անմահ էր Աստուծոյ աչքին: Այս էր որ դարձաւ հիմքը Դաւիթ Բէկի, Զօրավար Անդրանիկի եւ այլ ազգային ազատագրական պայքարի նուիրեալներու պայքարին, ազատագրելու համար հող հայրենին: Նահատակին հոգեբանութիւնը ուրիշ աշխարհի կը պատկանի: Այդ աշխարհը աննիւթականն է, Աստուծոյ գոյերու աշխարհն է: Աշխարհ մը, ուր նիւթը, կեանքը կը խոնարհին աննիւթականին, յաւետենականին առջեւ: Նիւթին հաւատացող մարդիկ պիտի չհասկնան այս պարագան: Այո՛, նահատակը աննիւթական, յաւիտենական կեանքի հաւատացողն է: Պայքարող մարդուն, կեանքը նուիրելու պատրաստ մարդուն համար այս աշխարհը անցողիկ է, գնայուն: Մնացողը իր վեհ, աննիւթական գաղափարն է, որ զինք պիտի առաջնորդէ յաւիտենականութեան: Ահա այս գաղափարներով է որ քսան երախտաւորները նահատակուեցան:
Իտալացի Վերածնունդի գեղանկարիչ, քանդակագործ Միքելանճելօ, արեւմտահայ բանաստեղծ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան եւ լիբանանցի գրող Միխայիլ Նայիմէ հիւրերն են մեր այսօրուան ՙՄշակոյթի Անդրադարձ՚ին: Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով փաստեցին, որ արժանապատիւ կեանքը անհրաժեշտ է մարդուն համար օդի եւ ջուրի նման: Կեանքը պայքար է մարդուն եւ իր շրջապատին միջեւ, պահելու համար իր արժանապատիւ կեանքը: Կեանք, որ Արարիչին շնորհն է եւ մարդը իրաւունք չունի զայն պղծելու կամ անարգելու: Բնութեան անգիր օրէնքն է որ կը գործէ, որ շատեր կը կոչեն նախախնամութիւն:
ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՕ (1475-1564)
Միքելանճելօ կամ Michelangelo di Lodovico Buonarroti Simoni իտալացի քանդակագործ էր, նկարիչ, ճարտարապետ եւ բանաստեղծ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի: Միքելանճելոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեցին դասական Յունաստանի եւ Հռոմի արուեստը, որ ծաղկած էր Ք.Ա. 8-րդ դարու եւ Ք.Ե. 5-րդ դարերուն միջեւ: Միքելանճելօ եւ Լէոնարտօ Տա Վինչի զոյգը ամենահեղինակաւոր արուեստագէտներն են, որոնք արուեստի ինքնուրոյն ուղի բացին Արեւմուտքի մշակութային կեանքին մէջ: Արեւմուտքի եւ համաշխարհային մշակոյթը շատ բան կը պարտի այս երկու հսկաներուն:
Միքելանճելօ ծնած է Իտալիոյ Թոսքանա նահանգին մէջ, որ այն ատեն կեդրոնն էր Վերածնունդի շարժումին: Գիտութիւն, արուեստ, գրականութիւն յարատեւ վերելքի մէջ էին: Եւ այդ վերելքին մէջ մեծ դեր ունեցաւ նկարիչը: Ֆլորանս քաղաքի քաղաքապետարանը եւ իշխող Մետիչի ընտանիքը մեծ մեկենասներ էին, որոնց շնորհիւ արուեստի մեծ գործեր արտադրուեցան:
Նկարիչին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգեց նաեւ Պղատոնի Ակադեմիան, որ հիմնուած էր Մետիչի ընտանիքին կողմէ, ուր կը դասաւանդէին այդ ժամանակուան ամենալաւ ուսուցիչները:
Քանդակագործութիւնը եղաւ այն արուեստի ճիւղը, որ հիւսեց արուեստագէտին դաբնեպսակը: Իր նշանաւոր քանդակը La Madonna della Pieta կամ Our Lady of Piety կը համարուի գլուխգործոց մը: Այդ քանդակը կը յատկանշուի իր իրականութեամբ ու իր ժամանակէն առաջ գացող մակարդակով:
Միքելանճելոյին վստահուեցաւ Հռոմի Վատիկանի ՙՍիսթայն Չեփըլ՚ի առաստաղին որմնանկարը գծել: Միքելանճելոյի ՙՎերջին դատաստան՚ը կը համարուի այդ ժամանակուան եւ բոլոր ժամանակներու գլուխգործոցը: Ան կը ներկայացնէ Աստուծոյ կողմէ մարդուն դատասատանը:
Հակառակ իր հասած փառքին, իր բարձրակարգ արուեստին շնորհիւ, Միքելանճելօ մնաց միշտ հաւատացեալ, քիչով գոհացող համեստ մարդը:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ (1828-1868)
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան կը համարուի ԺԹ. դարու մեր մեծ քնարերգակներէն կամ ռոմանթիք բանաստեղծներէն մէկը: Իտալիոյ Փատուա քաղաքի Մուրատեան վարժարանին մէջ կատարելագործած է իր ուսումը: Այդտեղ աշակերտած է մեծ բեմադրիչներ Պետրոս Մինասեանին եւ Արսէն Բագրատունիին:
1845 թուականին կը վերադառնայ իր ծննդավայրըª Պոլիս, ուր կը վարէ մանկավարժական-հասարակական լայն գործունէութիւն: Եղած է իր ժամանակի ամենամեծ մակնավարժներէն մէկը: Հայոց լեզու եւ գրականութիւն, ֆրանսերէն դասաւանդած է Թարգմանչաց, Լուսաւորչեան եւ Հռիփսիմեանց վարժարաններուն մէջ: Օտարախօս հայ մանուկներ մղած է սորվելու իրենց մայրենի լեզուն: Մեր նշանաւոր գորղներէն Սրբուհի Տիւսաբ Պէշիկթաշլեանին կը պարտի իր հայեցի դաստիարակութիւնը: 1846 թուականին հիմնած է Համազգեաց ընկերակցութիւնը, որուն գաղափարական ղեկավարը եղած է:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան հայ քնարերգակներու ամենակարկառուն դէմքերէն մէկն էր: Այդ դպրոցի հիմնադիրը հայ գրականութեան մէջ, նաեւ առաջին հայկական թատրոնի հիմնադիրներէն մէկն էր: Գրած է քերթուածներ, թատրերգութիւններ, ճառեր: Ան նշանաւոր գրող էր, մշակութայն գործիչ: Մեծ ճիգ թափած է Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ համերաշխութեան հաստատումին համար: Իր քերթուածներուն մեծ մասը գրած է գրաբարով, որ այն ատեն տակաւին տարածուած լեզուն էր արեւմտահայութեան մէջ: Իր երկերը կը կրեն ազնուազգի ներշնչում, ունին դասական յղկում, անկեղծութիւն ու ջերմութիւն: Իր քերթուածներէն մաս մը երգի վերածուած է:
Իր ՙԵղբայր Եմք Մենք՚ քերթուածին մէջ բանաստեղծը կ’երգէ եղբայրութեան գեղեցկութիւնը: Կը գովերգէ ՙեղբայր՚ բառին գեղեցկութիւնը: Եղբայրութիւնը կը համարէ ազգի մը ամենավսեմ առաքինութիւններէն մէկը, մէկ ազգին զաւակները իրարու միացնող օրհնութիւն մը:
Եղբայր եմք մենք
Ի բիւր ձայնից բնութեան շըքեղ
Թէ երգք թռչին սիրողաբար,
Մատունք կուսին ամենագեղ
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար,
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն£
Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք,
Որ մըրըրկավ էինք զատուած.
Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն.
Քան զանձկալի Եղբայր անուն£
Երբ ալեւոր Մայրն Հայաստան
Տեսնէ զորդիս իւր քովէ քով,
Սըրտին խորունկ վէրքըն դաժան
Քաղցր արտասուած բուժին ցողով.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն£
Մեկտեղ լացինք մենք ի հընում…
Եկէք դարձեալ յար անբաժան
Խառնենք զարտոսր եւ ըզխնդում,
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն£
Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,
Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն£
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԻԽԱՅԻԼ ՆԱՅԻՄԷ (1889 – 1988)
Քսաներորդ դարու Լիբանանի ամենափայլուն զաւակներէն մէկը: Փիլիսոփայ, արձակագիր եւ բանաստեղծ Միխայիլ Նայիմէ մեծ արժէք ստեղծողն էր: Ան իր երկարակեաց կեանքի ընթացքին եղաւ բեղուն հեղինակ: Նայիմէ կը համարուի հոգեւոր թեքումով Ի. դարու արաբ ամենամեծ գրողներէն մէկը:
Նայիմէի երկերը կը յատկանշուին իրենց հոգեւոր բարձր մակարդակով: Ան կը յատկանշուի նաեւ ըլլալով այն քիչ լիբանանցի եւ արաբ գրողներէն, որոնք կապ հաստատած են թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Արեւելքի գրականութեան հետ: Իր ռուսերէն սորվիլը մեծ արժէք բերաւ յայտնի գրողին ու հարստացուց իր գրականութեան դաշտը: Ան ծնած է Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ, յոյն ուղղափառ ընտանիքի մը յարկին տակ: Սորվելէ ետք իր ծննդավայրին մէջ, ան տեղափոխուեցաւ Պաղեստին, ուր հետեւեցաւ Նազարէթ քաղաքի ռուսական վարժարանի դասընթացքին, սորվելով ռուսերէնը: Ապա Ռուսիոյ Փոլթավա քաղաքին մէջ կատարելագործեց իր ուսումըª հետեւելով Աստուածաբանութեան ճիւղին: 1911 թուականի անցաւ ԱՄՆ, ուր միացաւ եղբայրներուն ու շարունակեց իր ուսումը: Այդ տարիներուն, լիբանանցի այլ գրողներու հետ, որոնմէ մէկն էր Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, հիմնեց գրական ակումբ մը ՙԱլ Ռապիթա Ալ Քալամիյյա՚ անունով:
Մեծ փիլիսոփայ Օշօ գնահատած է Նայիմէի ՙThe Book of Mirdad՚ երկը որպէս անկրկնելի գոհար մը հոգեւոր գրականութեան մէջ: Այս երկը կը համարուի այլաբանութիւն մը կամ allegorical book of philosophy: Գիրքը գրուած է անգլերէնով 1948 թուականին, ապա թարգմանուած է արաբերէնի: 1973 թուականին հնդիկ գրող Ռամանանտ զայն վերածեց երեք արարնոց թատրերգութեան:
Գիրքը կը ներկայացնէ վանքի վանահայր Միրտատի եւ անոր աշակերտներուն միջեւ երկխօսութիւններու շարք£ Միրտատի գիրքը հիմնուած է տարբեր փիլիսոփայութիւններու վրայ, ներառեալ ռուս Լէօ Թոլսթոյի եւ սուֆի իսլամի փիլիսոփայութիւնը: Միրտատի կողմէ ներկայացուած գիրքի այլաբանութիւններուն միջոցով Նայիմէն կը ներկայացնէ քանի մը նիւթեր եւ կոչ կ’ընէ միացնելու տարբեր մարդոց խումբերը համընդհանուր սիրոյ մէջ, ինչպէս նաեւ քննադատած է նիւթապաշտութիւնը եւ պարապ կրօնական ծէսերը:
Միրտատի երկխօսութիւնները կու տան ուսուցում, որ մեզի ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կարելի է վերափոխել մեր գիտակցութիւնը եւ բացայայտել մեր մէջի Աստուածըª լուծուելով Անոր մէջ:
ՊՐԻՍՄԱԿ