Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ Ե՛Ւ ՄԱՔՐՈՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ

June 24, 2023
in Հայաստան
0
ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ Ե՛Ւ ՄԱՔՐՈՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ

 

ՙMoody’s՚ վարկանշային գործակալութեան գնահատականները պաշտօնական առումով, ի հարկէ, կը համապատասխանեն այն զարգացումներուն, որոնք ձեւաւորուած են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ վերջին ամիսներուն: Այդ միտումները առկայ են ե՛ւ մաքրոտնտեսական, ե՛ւ արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու հատուածին մէջ:

Նման տեսակէտ յայտնեց տնտեսագէտ Ատոմ Մարգարեանը` անդրադառնալով միջազգային հեղինակաւոր վարկանշային գործակալութեան կողմէ Հայաստանին տրուած դրական գնահատականներուն:

ՙMoody’s՚ վարկանշային գործակալութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի ՙBa3՚ ինքնիշխան վարկանիշը` հեռանկարը փոխելով ՙբացասական՚-էն դէպի ՙկայուն՚: Վարկանիշի վերանայման հիմքին մէջ ինկած է գործակալութեան այն գնահատումը, որ Հայաստանի տնտեսական եւ հարկապիւտճէտային հեռանկարները բարելաւուած են, իսկ վտանգները հաւասարակշռուած են` համեմատած նախորդ վարկանիշի շնորհման (2022 թուականի Մարտ) ժամանակ դէպի ներքեւ վտանգներու գերակշռութեան հետ: Գործակալութիւնը կը կանխատեսէ, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին Հայաստանի տնտեսական աճը կը շարունակէ կայուն մնալ: Մասնաւորապէս, 2023 թուականին համար կը կանխատեսուի շուրջ 7 տոկոս տնտեսական աճ:

ՙԱյն գործօնները, որոնք նպաստած են յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին տնտեսական աճին, պայմանաւորուած են խոշորածաւալ ներդրումներով ու դրամագլուխի ներհոսքով: Ինչ խօսք, բարելաւուած է նաեւ հարկապիւտճէտային իրավիճակը` ե՛ւ մուտքերու, ե՛ւ ծախսերու համահարթեցման առումով՚, ըսաւ Մարգարեան:

Տնտեսագէտին կարծիքով` դրամի բաւականաչափ մեծ արժեւորումը ազդած է արտահանումներու կառուցուածքին եւ բովանդակութեան վրայ: Ընդ որում` շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ վերարտահանումներու գործօնը` ընդհանուր թրենտի ձեւաւորուամ մէջ, հետեւաբար այս տարուան համար կանխորոշուած 7 տոկոս տնտեսական աճը իրատեսական է յատկապէս նախորդ տարուան երկնիշ տնտեսական աճի համապատկերին մէջ: Ընդհանուր առմամբ` դրական միտումներու բնաբանը, որ ինկած է հիմնաւորումներու եւ փաստարկումներու հիմքին մէջմ, թոյլ կու տայ արձանագրելու, որ պետական պարտքին բեռը նուազած է, ինչին նպաստած են յատկապէս ֆինանսական հատուածին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները:

ՙԱյս ժամանակահատուածին յատկապէս պահուստներու աւելացման ու պետական պարտքի կառուցուածքային փոփոխութեան լոյսին տակ կ՛անհանգստացնէ այն հանգամանքը, որ պիւտճէտային բարելաւումներու եւ պակասի ֆինանսաւորման համար նախատեսուած ներքին աղբիւրներու չարաշահման պայմաններուն մէջ կը նուազի մասնաւոր հատուածը: Դրամագլուխը որոշակիօրէն կը մղուի դէպի գանձապետական պարտատոմսերու շուկայ, ուր անոնք գրաւիչ են ու վստահելի, մինչդեռ տնտեսութեան իրական հատուածին մէջ դեռ առկայ են որոշ խնդիրներ՚, ըսաւ Մարգարեանը:

Անոր կարծիքով` ՙMoody’s՚-ի վարկանիշը, որ տրուած է Հայաստանին, ընդհանուր առմամբ կ՛արտացոլացնէ իրավիճակը եւ դրական ազդակ կը հանդիսանայ ներդրողներուն համար, առաւել եւս, որ հարկապիւտճէտային հեռանկարներն ալ բարելաւուած են:

Անդրադառնալով տնտեսական վտանգներու հաւասարակշռութեան հարցին` Մարգարեան ընդգծեց, որ վտանգները, այդուհանդերձ, պէտք է դասակարգել: Թէեւ ֆինանսական վտանգներու հաւասարակշռումը ֆինանսական կայունութեան եւ դրամավարկային քաղաքականութեան առումով դրական յոյսեր կը ներշնչէ, բայց ահա ռազմաքաղաքական վտանգները, կապուած սահմաններուն վրայ առկայ իրավիճակին հետ, լուրջ սպառնալիքներ կը պարունակեն: Օրինակ` ներդրումային խոշոր նախագիծերէն մէկը` Երասխի մէջ մետաղաձուլարանի կառուցման աշխատանքները, կ՛իրականացուին ատրպէյճանցիներու կրակահերթերու ներքոյ:

ՙԿայ եւս մէկ կարեւոր հանգամանք: Կեդրոնական դրամատունը կը սեղմէ ոտնակները եւ սկսած է ետքայլ ընել` երթալով տոկոսադրոյքի իջեցման ուղղութեամբ, ինչ որ նոյնպէս պայմանաւորուած է դրամավարկային իրավիճակի որոշակի կայունութեամբ՚, եզրափակեց տնտեսագէտը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ԵԽԽՎ-Ի ԸՆԴՈՒՆԱԾ ՙԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔՈՎ ԱԶԱՏ, ԱՆՎՏԱՆԳ ՄՈՒՏՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄԸ՚ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Next Post

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Next Post
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.