Քանի մը օր առաջ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հանդիպում մը կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի Զուիցերիոյ անդամներուն միջեւ£
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահուհի Դոկտ. Ռիթա Ֆամոս եւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի ատենապետուհի Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան£
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի անցնող տասնամեակներու գործունէութեան, ապա որոշուեցաւ առաջնահերթութիւններու նոր ծրագիր մը մշակել յառաջիկայ շրջանին համար£ Այս ծիրին մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետին եւ Դոկտ. Ֆամոսին միջեւ եւ պիտի ճշդուին յանձնախումբին նոր անդամները£