Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ԵԽԽՎ-Ի ԸՆԴՈՒՆԱԾ ՙԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔՈՎ ԱԶԱՏ, ԱՆՎՏԱՆԳ ՄՈՒՏՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄԸ՚ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

June 24, 2023
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ԵԽԽՎ-Ի ԸՆԴՈՒՆԱԾ ՙԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔՈՎ ԱԶԱՏ, ԱՆՎՏԱՆԳ ՄՈՒՏՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄԸ՚ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

 

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը ողջունած է ԵԽԽՎ-ի ընդունած ՙԼաչինի միջանցքով ազատ, անվտանգ մուտքի ապահովումը՚ բանաձեւը:

ՙՈղջունելի է Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընդունած բանաձեւը, որով Ատրպէյճանին կոչ կը կատարուի ապաշրջափակելու միջանցքը, անյապաղ կատարելու ՄԻԵԴ-ի եւ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական ատեանի` Արդարադատութեան Լահէյի միջազգային դատարանին որոշումները, վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ, ապահովելու բեռներու եւ մարդոց երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքով` երկու ուղղութեամբ՚, ըսուած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի խօսքին մէջ:

Արթուր Թովմասեանը կարեւոր կը համարէ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանին հասցէական կոչ կը կատարուի հրաժարելու հայութեան դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերը լուծել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային չէզոք ներգրաւման ապահովման միջոցով:

ՙԽաղաղութեան ուղղուած որեւէ մեխանիզմի կիրառում ընդունելի է մեր կողմէ, ողջունելի են միջազգային դիտորդական, փաստահաւաք առաքելութիւնները, որոնք լոյս կը սփռեն առկայ իրավիճակին վրայ ու կը զսպեն Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը՚, ըսած է ան:

Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր համարած է նաեւ Վեհաժողովին այն շեշտադրումը, որ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ եւ կրնայ յանգեցնել հայ բնակչութեան կողմէ իր բնօրրանը լքելուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ Ե՛Ւ ՄԱՔՐՈՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ Ե՛Ւ ՄԱՔՐՈՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԱՌԿԱՅ ԵՆ Ե՛Ւ ՄԱՔՐՈՏՆՏԵՍԱԿԱՆ, Ե՛Ւ ԱՐՏԱՔԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.