Թրքական ապահովական ուժերը Պոլիսի մէջ ձերբակալեցին անձ մը, որ կ’անդամակցի ՙԻսլամական Պետութիւն՚ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութեան: Ան կը պատրաստուէր ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու: Ձերբակալուած անձին տան մէջ գտնուեցաւ տեսերիզ, որ կը սորվեցնէր ռումբ պատրաստելու միջոցները: Օրեր առաջ թրքական ապահովական ուժերը նոյն կազմակերպութեան անդամ չորս անձեր ձերբակալած էին Սուրիոյ մէջ: