Երէկ թրքական լիրայի փոխարժէքը մեծ անկում արձանագրեց ԱՄՆ տոլարին դիմաց: Ան հասաւ մինչեւ 25 թրքական լիրայիª մէկ տոլարի դիմաց, նախկին 19 լիրայի փոխարէն: Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը պարտքի տոկոսը 8,5 առ հարիւրէն բարձրացուցած էր 15 առ հարիւրի: Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամմատ Շիմշէք յայտարարեց, թէ իրենց դրամական քաղաքականութեան նպատակն է լիրայի փոխարժէքի եւ գիներու կայունացում կարճ ժամանակի մէջ: