Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՔԱՆԴԵԼ՚

June 24, 2023
in Միջազգային
0
ՙՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՔԱՆԴԵԼ՚

 

Ռուսական Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարով յայտարարեց, թէ այն ուժերը, որոնք իշխանութեան հասցուցին Ուքրանիոյ մէջ ներկայիս իշխող վարչակարգը, անոր առջեւ դրին Ռուսիոյ հետ հոգեւոր յարաբերութիւնը քանդելու նպատակ: Ուքրանիոյ վարչակարգը քանդեց երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղող տնտեսական, պատմական եւ մշակութային կապը: Ուքրանիոյ մէջ իշխող վարչակարգը կը փորձէ ուքրանացի ժողովուրդին պարտադրել արեւմտեան արժէքներ:

Միւս կողմէ, Ռուսական դաշնութեան ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին հինգ անձեր, որոնք կը փորձէին երկրէն դուրս հանել մէկ քիլոկրամ սիզիում 137, որ կը համարուի շողարձակող մետաղ եւ կ’օգտագործուի վնասակար պայթուցիկ պատրաստելու համար: Ձերբակալուած անձերը այս նիւթը պիտի օգտագործէին վնաս հացնելու համար Ռուսիոյ վարկին արտաքին աշխարհին մէջ:

Ռուսական դաշնութեան Ապահովութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ Արեւմուտքը կը փորձէ ամէն միջոցով վնասել Ռուսիա-Ղազախստան յարաբերութեան: Ըստ խորհուրդին, Արեւմուտքը Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ ամէն սադրանքի կը դիմէ ազգային շահեր շահագործելով ու համացանցը օգտագործելով որպէս միջոցª տարածելու համար այս սադրանքը: Արեւմուտքը չ՛ուզեր որ Ռուսիա եւ իրեն դրացի բարեկամ երկիրներ ըլլան համերաշխ ու զարգանան միասնաբար:

Ռուսական դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ԱՄՆ ամէն միջոցի կը դիմէ Հնդկաստանը միացնելու համար իր աշխարհաքաղաքական դաշնակիցներու խումբին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Next Post

ԹՐՔԱԿԱՆ ԼԻՐԱՅԻ ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄ

Next Post
ԹՐՔԱԿԱՆ ԼԻՐԱՅԻ ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄ

ԹՐՔԱԿԱՆ ԼԻՐԱՅԻ ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.