ՙԴՈՒՌԷ ԴՈՒՌ…՚ ԹԱԿՈՂՆԵՐԸ
(կատակերգութիւն)
Բեմադրիչª ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Թատրոնը ամբողջ կեանք է, իր բովանդակութեամբ ու դերակատարութեամբ, դաստիարակութեամբ ու կենսունակութեամբ, ներկայացումով ու մատուցումով, որ անփոխարինելի եւ անկրկնելի է, ոչ միայն որպէս յարաշարժ գրականութիւն, այլ նաեւª խօսուն ու շարժուն բեմականութիւն:
Զուր տեղ չէ, որ ան կը նկատուի ժողովրդական, ժողովրդանուէր ու ժողովրդամատոյց արտայայտամիջոցª բեմ-դերակատար, սրահ-հանդիսական անմիջականութեամբ, մտերմութեամբ ու հարազատութեամբ:
Հայ թատրերգութիւնը, իր զանազան շերտաւորումներով ու կազմաւորումներով, էութեամբ ու ստեղծագործութեամբ, միշտ ալ մնացած է փնտռուած ՙկենդանի արուեստ՚ մը, տակաւին հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ, ուր թատրոնը դարձած է պաշտամունքի հասնող բեմանիւթ, թէ՛ նոր սերունդին, թէ՛ չափահասին, թէ՛ երէցին համար:
Լիբանանահայութեան թատերասէր հասարակութիւնը, իր մեծամասնութեամբ կառչած մնացած է արուեստի այս ընտանիքին, անհամբեր սպասելով անոր ներկայացումին, ըմբոշխնելու ու վայելելու մէն մի երեւումը, իր բազմատեսակ երանգներով, պատումներով ու զարգացումներով:
Այս է պատճառը, որ 50-ական թուականներէն սկսեալ եւ յաջորդական տարիներուն, լիբանանահայ թատրոնը ապրեցաւ բազմակի վերածնունդներ, միութենականէն մինչեւ անհատականը:
Որքա՜ն խանդավառութիւն ու կենսունակութիւն կար ժողովուրդին մօտ, որքա՜ն սէր ու հաւատքª թատրոնին նկատմամբ, որուն դերակատարները, անձնազոհաբար, նուիրաբար եւ յօժարաբար բեմ կը բարձրանային, գլխաւորութեամբ արհեստավարժ բեմադրիչներու եւ բեմավարներու, որոնք գիտէին ինչպէս մարզել ու մշակել անոնց դերասանական կարողութիւնները, նաեւ հանդիսատեսը ներգրաւելով այս երփներանգ եւ ոգեշնչող բնագաւառէն ներս:
Դժբախտաբար, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը եկաւ խաւարելու, ինչպէս բազմաթիւ մարզեր, նաեւ խամրելու թատրոնին աշխուժութիւնը թէեւ, մերթ ընդ մերթ, որոշ ժամանակներու, ան փորձեց իր ձայնը լսելի դարձնել, բայց, ոչ նախորդ շրջաններու ժրաջանութեամբ ու ջանասիրութեամբ հասկնալի պատճառներով:
Վերջերս, Լիբանանի մէջ, պարզուեցաւ, որ հայ թատրոնը դարձեալ հրապարակի վրայ է, երբ բազմաթիւներ իրենց յայտագիրները ծանուցեցին, ներկայացումներու, թատերասրահներու եւ թուականներու անուանումներով, ձեւով մը, լիբանանահայ արուեստի աշխարհը ողողելով իրենց աչքառու ու համարձակ ծրագիրներով:
Կրթական տարեշրջանի յաջող աւարտին զուգահեռ, արուեստն ալ եկաւ հնչեցնելու իր ձայնը, թատրոնին կից, երաժշտային, պարային, նկարչային եւ յարակից այլ ելոյթներով, որոնք, իսկական փառատօնի մը վերածեցին համայնքային կեանքը:
Հոս պէտք է նշմարել կամ արձանագրել, որ թատրոնի պարագային, դերակատարական մասնակցութիւնները չէին կրնար լրիւ իրենց հունին ու սլացքին մէջ մնալ, երբ անոնց մեծ մասին համար թատրոնի ընտելանալը մէկ օրէն միւսը չէր ըլլար, այլ կը կարօտէր ժամանակի, փորձի ու հասունացման:
Սակայն, այդ բոլորով, մասամբ թէ այսպէս, յաղթահարելու համար, մէկ կողմէնª պատկան մարմիններու, բեմադրիչներու եւ օգնականներու շնորհալի ու գովելի ճիգերը, միւս կողմէնª դերակատարներու զօրաւոր կամքը ու նուիրուելու պատրաստակամութիւնը, առաւելª թատերասէր հանրութեան զօրակցութիւնը, եկան ապացուցելու, որ դժուարութիւնները անցողակի են, բայց յաջողութիւններըª անխուսափելի:
Այս յուսադրող ու հոգեցունց մթնոլորտին մէջ, որ մեզ կը վերյիշեցնէ հայ թատրոնի պայծառ օրերը, յատկանշական վերերեւում մըն էր հանրածանօթ ու վաստակաւոր բեմադրիչª Յարութ Գնդունիի նոր բեմադրութիւնըª ՙԴուռէ դուռ՚, հեղինակութեամբ զուիցերիացի Մարք Քամոլեթթի (Յակոբ Տէր-Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, 16,17 եւ 18 Յունիս 2023-ին):
(Թատերասրահը բազմամարդ էր եւ ասիկա փաստ մըն էր, որ ներկայացումը հաւանականութիւն կրնայ ունենալ կրկնուելու մօտիկ ապագային, թատերասէրներու բուռն փափաքին վրայ):
Թատերախաղը, իր ընդհանրութեան մէջ կատակերգութիւն մըն է, բայց զուսպ, հաւասարակշիռ ու մակարդակային բովանդակութեամբ, հեռու աժան, հասարակային կամ աղմկոտ արտայայտութիւններէ:
Նիւ՞թը. գլխաւոր հերոսª Պեռնարին (Սիմոն Եափուճեան), երեք սիրուհի նշանածներուն հետ ունեցած սիրային յարաբերութիւններն են, առանց որ մէկը միւսէն տեղեակ ըլլայ, որոնց սակայն, ՙմիջամուխ՚ կ’ըլլան, անուղղակիօրէն թէ ուղղակիօրէն, իր նախկին ընկերը եւ երեք իր օդանաւի հիւրընկալողները, առաւելª իր տան սպասուհին, ուրկէ կը սկսին ու կը զարգանան գողտրիկ արկածախնդրութիւնները….:
Խաղարկող դերակատարներուն հիմնական կորիզը, ինչպէս ակնկալելի էր, նորեկ էր կամ առաջին անգամ ինքզինք ստուգատեսի առջեւ կը գտնէր, բայց շնորհիւ բեմադրիչին հոգատարութեան, հետեւողութեան ու խորհրդատուութեան, անոնք կրցան իրենք զիրենք արդարացնել, այն հեռանկարով, որ յառաջիկային աւելի արդիւնաբեր կրնան դառնալ:
Այսպէս.
– Սիմոն Եափուճեանª Պեռնարի դերով, (որ առաջին անգամ չէ որ բեմ կը բարձրանայ), կրցաւ աշխոյժ ու համակրելի խաղարկութիւն մը ցուցաբերել, որուն օգնեցին իր ձայնային եւ շարժուձեւային իւրայատկութիւնները, սպասելով նոր յառաջդիմութիւններով հանդէս գալու կարելիութիւններուն:
– Կարինէ Ներսէսեան, Կլորիայի դերով, բեմական հմայիչ ներկայութիւն մը, իր արտաքին հաղորդականութեամբ ու կայտառ երեւումներով, ակնկալելով որ իր արտասանական խօսքերն (հնչիւնաբանական առումով), կը դառնան աւելի բիւրեղացած (առանց աճապարելու):
– Այտա Մահսերեճեան, Պերթայի դերով, յատկանշական ու տպաւորող մասնակցութիւն մը, իր համոզիչ խաղարկութեամբ եւ կերպարին հարազատ բնաւորութեամբ, մանաւանդ իր շփումներուն ու յարաբերութիւններուն տալով իրապաշտական լիցք մը, յառաջիկային զինք դարձեալ տեսնելու բեմահարթակին վրայ:
– Մելիք Պետրոսեան, Ռոպէրի դերով, սկիզբը երկչոտութիւն ապրեցաւ, սակայն, հետզհետէ ինքզինք գտնելով, յաջողեցաւ իր կերպարին տալ վարժ կենդանութիւն մը, յուսալով որ իր շարժումներուն մէջ կը մնայ անբռնազբօսիկ, ըլլալով խոստմնալի ուժ մը:
– Բալիկ Սրապոնեան, Կապրիէլլայի դերով, իսկականª իր անունին իմաստով, նրբութեամբ, հեզութեամբ կերպար մը, որ իր յատկութիւնները կրցաւ ծառայեցնել իր դերին յաջողութեան ու խաղարկութեան արդիւնաւէտութեամբ, հաճելի ներկայութիւն մը դառնալով, պայմանաւ որ ձայնային մարզութեան յաւելեալ մղում մը տայ:
– Քրիսթինա Սրապոնեան, Կրէչըլի դերով, զօրաւոր անհատականութեան ու խիստ պահանջկոտութեան տիպար մը, որ բաւական ցայտուն եւ արագընթաց դերակատարութեամբ, բեմական ուժ մը դառնալու տուեալներով օժտուած է:
– Որմազդի (Բալիկ Սրապոնեան), ձայնի ու լուսաւորումի (Սուրէն Խտըշեան), լուսանկարչութեան (Կրասիա Սրապոնեան), բեմավարներու (Հրակ Մամիկոնեան եւ Զարմինէ Չիլափոշեան), երաժշտութիւն (Քրիսթինա Սրապոնեան) պատասխանատուներուն կատարած աշխատանքները գնահատելի էին, իսկ բեմական կահաւորումը (տեքոր) Յակոբ Սրապոնեան եւ Դանիէլ Քէօրօղլեան, աւելի քան յարմարող էր օրուան նիւթին:
– Կ’արժէ հոս յիշեցնել, որ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի թարգմանութիւնն է այս կատակերգութիւնը, իր լեզուական, շարադրական հեզասահութեամբ եւ գնահատութեամբ:
– Միտք բանիւ, այս թատրերգութիւնը, իր երկու բաժիններով (արարներով), այո՛, հետաքրքրութիւն սրեց ներկայ թատերասէրներուն, նախª իր կատակախառն նիւթին գրաւչութեամբ, ապա, ներկայ ժամանակներու կեանքէն առնուած պատկերներու գրաւչութեամբ ու մանաւանդ այժմէականութեամբ, ուր ամէն ինչ մատչելի, դիւռըմբռնելի ու հաճոյալի էին, միանգամա՛յն:
Շնորհաւորելի է թատերագէտ, թարգմանիչ, բեմադիր-բեմադրիչ ու դասախօս Յարութ Գնդունիի այս նոր իրագործումը, որ նոր վարկանիշ մը կու տայ իր հարուստ ու բեղմնալի վաստակին, նաեւª լիբանանահայ թատրոնի եւ արուեստով ճոխացման, իրեն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, թատերախումբին անդամներով, դերակատարներով թէ բարեկամական լայն շրջանակներով:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ