ԼԻԲԱՆԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴ ՄԱՐԶԸ
Անցեալ շաբաթ բարեկամ մը ինծի ըսաւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ մէկը պիտի անիծես, անոր ըսէ որ հիւանդանոցին դուռը հասնի: Այս խօսքը շատ ճիշդ է Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ: Ներկայիս քանի՞ լիբանանցի կրնայ մտնել հիւանդանոց: Պետական համակարգի տնտեսական անկումին պատճառով կառավարութիւնը չ’օգներ քաղաքացիին բացի յատուկ պայմաններէ: Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկը լիբանանեան ոսկիի արժեզրկումին պատճառով հասած է վտանգաւոր վիճակի մը եւ 10 առ հարիւրի նուազեցուցած է իր օժանդակութեան չափը, նախկին 90 առ հարիւրի փոխարէն: Քաղաքացին մնացած է առանձին այս դժուարութեան առջեւ:
Ըստ վիճակագրական տեղեկութեան, 2010 թուականին քաղաքացին միջին հաշիւով կը ծախսէր 250 ԱՄՆ տոլար իր առողջութեան համար: Ներկայիս ան կը ծախսէ 439,6 ԱՄՆ տոլար: 2010 թուականին, կառավարութիւնը կը վճարէր 540 ԱՄՆ տոլար իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար: Ներկայիս այդ գումարը նուազած է 350,7 ԱՄՆ տոլարի: Ներկայիս քաղաքացին կը վճարէ առողջապահութեան մարզի ծախքին 33 առ հարիւրը ունենալով իր ապահովագրութիւնը, մինչ 19,1 առ հարիւրը կը կատարուի անձնական ձեւով: Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկը կը վճարէ 23,4 առ հարիւրը, կառավարութիւնըª 12,4 առ հարիւրը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (IMF) դրական գնահատանք տուած է Հայաստանի տնտեսութեան վիճակին: Տնտեսական 12,6 առ հարիւր համեմատութեամբ աճը նկատի առնուած է այդ գնահատականին մէջ: Պիւտճէի կամ ամավարկի բացը նուազած է 2,1 առ հարիւրի: Իսկ պետական պարտք-երկրի եկամուտ համեմատութիւնը հասած է 46,7 առ հարիւրի: Այս երկու ցուցանիշերը դրական նշաններ են Հայաստանի տնտեսութեան մասին: Հիմնադրամը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 18,4 միլիոն ԱՄՆ տոլարի պարտք երկրի ներկայ ցուցանիշերը կայուն պահելու համար, այդ գումարը օգտագործելով զարգացումի ծրագիրներու մէջ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Մարտին Գալստեան յայտնեց, որ իր ունեցած տեղեկութիւններով, Հայաստանի տնտեսական աճը 2023-ին պիտի դանդաղիª հասնելով 6,9 առ հարիւրի, իսկ սղաճը պիտի հասնի 4 առ հարիւրի: Աճի հիմնական գործօնները շինարարութեան եւ ծառայութիւններու մարզերն են, որոնք ներկայիս կը համարուին տնտեսութեան շարժիչները:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԱՓՐԻԿԷԻ ԴԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն եւ գաղութատիրութեան աւարտէն ետք, Ափրիկէի շատ երկիրներ մնացին իրենց նախկին գաղութարարի ազդեցութեան տակ: Անոր վաճառեցին իրենց արտադրած հում նիւթը, անոր համալսարանները ուղարկեցին իրենց զաւակները եւ օգտագործեցին անոր լեզուն: Այս է պատճառը որ Ափրիկէի շատ երկիրներ մնացին աղքատ, որովհետեւ հում նիւթը եւ արտադրութիւնը իրենց նախկին գաղութարարին վաճառեցին շուկայէն պակաս գինով: Այս աղքատութիւնն է հիմնական պատճառը, որ ափրիկեցի մարդը ձգեց իր երկիրը եւ փորձեց հասնիլ Եւրոպա ապօրինի միջոցներով:
Ներկայիս կայ ուղղութիւն մը Ափրիկէին վերադարձնելու իր արժանի տեղը միջազգային ընկերութեան մէջ: Այս քաղաքականութիւնը կը վարեն Ռուսիան եւ Չինաստանը: Հարաւային Ափրիկէի ընդգրկումը ՊՐԻՔՍ-ի տնտեսական համախմբումին մէջ անոր փաստն էր: ՊՐԻՔՍ-ը կը փորձէ Ափրիկէն եւ երրորդ աշխարհի երկիրներ ընդգրկել իր դրամատան եւ համակարգին մէջ, առաջարկելով Արեւմուտքի դրամական կառոյցներէն աւելի լաւ պայմաններª ցած տոկոս, պարտքը վերադարձնելու աւելի երկար ժամանակ եւ աւեի նպաստաւոր պայմաններ: ՊՐԻՔՍ պիտի յաջողի՞ հաստատել գերիշխան, արժանապատիւ երկիրներու համակարգ մը: Այդ հարցումին պիտի պատասխանէ ժամանակը: Սպասենք եւ տեսնենք:
ԵՒՐՈՊԱ
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ
Եւրոպայի Վիճակագրութեան գրասենեակին տեղեկատուութեամբ, Եւրոպական միութեան ճարտարարուեստի արտադրութիւնը աւելցած է 0,2 առ հարիւր համեմատութեամբ, երբ կը սպասուէր 0,8 առ հարիւրի յաւելում: Գերմանիոյ արտադրութիւնը մնաց նոյնը: Ֆրանսայի արտադրութիւնը աւելցաւ 0,8 առ հարիւր համեմատութեամբ: Իսկ Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ նուազում արձանագրեց 1,9, 1,8 եւ 3,5 առ հարիւր համեմատութեամբ: Գերմանիա արձանագրեց տնտեսական անկումի երկրորդ քառորդը ու պաշտօնապէս մտաւ անկումի մէջ: Երկիրը ըլլալով Եւրոպայի արտադրութեան 30 առ հարիւրի աղբիւրը, որեւէ անկում անոր տնտեսութեան մէջ պիտի ունենայ ժխտական հետեւանքներ ցամաքամասին վրայ: Ցուցանիշերը դրական չեն Գերմանիոյ պարագային, որովհետեւ աժան ուժանիւթը որ ան կը ստանար Ռուսիայէնª չկայ այլեւս: Ուժանիւթի բարձր գին, պարտքի բարձր տոկոս եւ սղաճ, երեք գործօններն են որոնք կը տկարացնեն Եւրոպան եւ ապագան յոյս չի ներշնչեր, թէ այդ հարցերը մօտ օրէն պիտի գտնեն իրենց լուծումը:
Իտալիոյ պետական պարտքը աւելցաւ 22 միլիառ եւրոյով Ապրիլ ամսուան ընթացքին եւ ան հասաւ 2,81 հազար միլիառ եւրոյի: Ներկայիս պարտքը կը կազմէ երկրի եկամուտին 155 առ հարիւրը եւ ան շատոնց անցած է վտանգի սահմանը: Քորոնայի համաճարակէն ետք երկրին տնտեսութիւնը սկսած էր վերականգնիլ, երբ սկսաւ Ուքրանիոյ պատերազմը իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով: Սղաճի պատճառով սկսաւ աւելնալ պարտքը մեծ համեմատութեամբ: Սղաճը զսպելու համար Եւրոպական դրամատունը բարձրացուց պարտքի տոկոսը, աւելցնելով բեռը մեծ պարտք ունեցող երկիրներուն, ինչպէսª Յունստան եւ Իտալիա:
ԱՄՆ
ՊԱՐՏՔԻՆ ՉԱՓԸ
ԱՄՆ-ի գոնկրէսի թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք, նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ծախեց նոր պարտամուրհակներª երկրին առեւտուրի եւ ամավարկի բացը գոցելու համար: Պարտքին չափը հասաւ 32 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Այս պարտքը արդէն շատոնց անցած է 100 առ հարիւրի սահմանը իր վտանգի չափով:
ԱՄՆ-ի մէջ համալսարանի ուսանողներու պարտքին չափը 1,78 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլար է: Երբ տնտեսութիւնը ըլլար լաւ վիճակի մէջ, այս պարտքը դիւրութեամբ վճարելի պիտի ըլլար: Սակայն, տուներու վարձքի յաւելումը, սղաճը եւ աշխատավարձի անգոհացուցիչ ըլլալը, արգելք կը հանդիսանան որ ուսանողը աշխատանքի սկսելէ ետք կարենայ դիւրութեամբ վերադարձնել այդ գումարը: Ըստ հարցախոյզի մը, ուսանողներուն 59 առ հարիւրը յայտնած է, թէ դժուարութիւն պիտի ունենայ վերադարձնելու պարտքը: Նախագահ Պայտըն փորձեց կարգ մը մեղմացուցիչ քայլեր առնել, 400 միլիառ ԱՄՆ տոլարի վճարումը ձգելով կառավարութեան վրայ, հարկատուներու հաշուոյն: Սակայն Դաշնային դատարանը մերժեց այդ քայլը:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ԳԻՆԸ
Արեւմուտքի եւ մանաւանդ ԱՄՆ-ի մէջ տնտեսագէտներ սկսան համոզուիլ, որ կարգ մը երկիրներու դէմ ԱՄՆ-ի կիրարկած պատժամիջոցները սկսած են վնասել Արեւմուտքի երկիրներու վարկին եւ դրամանիշի փոխարժէքին: Տարիներու ընթացքին պատժամիջոցները շատ չնչին յաջողութիւն արձանագրեցին: Քուպա, Վենեզուելա եւ Իրան ամենամեծ օրինակներն են այս վարկածին: Ուքրանիոյ մէջ սկսած ռուսական գործողութենէն ետք Արեւմուտքը տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատեց Ռուսական դաշնութեան դէմ. սառեցուց ռուսական ընկերութիւններու եւ պետութեան ի պահ դրած գումարը եւ գոյքը Արեւմուտքի դրամատուներու մէջ, արգիլեց ռուսական քարիւղի եւ բնական կազի առեւտուրը ու սառեցուց ամէն յարաբերութիւն ռուսական դրամատուներու հետ: Պետութիւններ, ձանձրացած այս քայլերէն, նկատեցին Արեւմուտքի այս քայլերուն վտանգը եւ մտածեցին թէ ապագային իրենք կրնան ըլլալ թիրախը: Ուրեմն, սկսան հեռանալ ԱՄՆ-ի պարտամուրհակներէն, զանոնք վաճառելով ու փոխարէնը ոսկի գնելով: Սկսան առեւտուր կատարել իրարու հետ, օգտագործելով իրենց դրամանիշերը ԱՄՆ տոլարին փոխարէն: Ուրեմն, ԱՄՆ-ի դրամանիշի երկու հիմերը սկսան շարժիլ: Հեռու չէ այն օրը, երբ ԱՄՆ-ի դրամանիշը պիտի կորսնցնէ իր փոխարժէքը: Հոլովոյթը սկսած է արդէն, որովհետեւ երբ զէնք մը գործածուի ան շատ անգամ ձեզի դէմ կը դառնայ: Այս է որ կը պատահի ԱՄՆ-ի դրամանիշի պարագային: Կարճատես քաղաքականութիւնը վնաս պիտի հասցնէ իր տիրոջ: Աշխարհ կ’ուղղուի դէպի բազմաբեւեռ համակարգ մը, հեռու Արեւմուտքի հաստատած միահեծան համակարգէն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՎԱՐԿԱՆԻՇԵՐ (Ratings)
Վարկանիշը այն ցուցանիշն է, որուն միջոցով կը չափուին դրամատուներու, ընկերութիւններու եւ պետութեան պարտամուրհակները: Վարկաւորումը կը կատարեն վարկանշային ընկերութիւններ (օրինակª Standard & Poor’s, Moody’s և Fitch): Որքան բարձր է պարտքի վարկանիշը, այնքան ցած է վտանգը, հետեւաբար ցած է պարտամուրհակի կամ պարտքի տոկոսը: Հակառակը նաեւ ճիշդ է, այսինքն որքան ցած է վարկանիշը այնքան բարձր է վտանգը ու բարձր պարտամուրհակի կամ պարտքին տոկոսը: Վարկանշային ընկերութիւններ խիստ քննադատութեան արժանացան 2007-09 թուականներու դրամական տագնապին ժամանակ, երբ բարձր գնահատուած պարտամուրհակներու արժէքը անկում արձանագրեց: Օրինակի համար, Լիբանանի մէջ 2019 թուականի տնտեսական տագնապէն առաջ վտանգի նշաններէն մէկն էր Լիբանանի պարտքի տոկոսին բարձրացումը, նկատի առնելով երկրի տնտեսութեան վարկաւորումը, որ սկսած էր նուազիլ:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ