Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՀՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 23, 2023
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՀՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ՙԱջակցութիւն պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն՚ ծրագրի շրջանակներուն մէջ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններուն հետեւանքով զոհուած, գերեվարուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն£

Հանդիպման սկիզբը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը աղօթք բարձրացուց հայրենեաց քաջարի պաշտպաններու հոգիներու խաղաղութեան համար£ Այնուհետեւ ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրեն Կարէն Նազարեանը Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամը Մասյացոտն թեմի հոգեւոր դասին հետ համագործակցաբար նիւթական, բարոյական ու հոգեխնամ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ որդեկորոյս ընտանիքներուն£ Ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել ինչպէս Արարատի, այնպէս ալ Գեղարքունիքի ու Սիւնիքի մարզերուն մէջ, որու ծիրին մէջ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի 50 ընտանիքներու£

Հայոց Հայրապետը, սրտակցութիւն յայտնելով որդեկորոյս ընտանիքներուն, իր խոնարհումը բերաւ քաջարի նահատակներուն, որոնք յանուն հայրենիքի գոյատեւման ընծայաբերեցին ամենաթանկըª իրենց կեանքը£ Այս առնչութեամբ Հայոց Հովուապետը նշեց, որ հերոս զաւակներու քաջութեան օրինակը պիտի առաջնորդէ հայորդիները քաջարի ոգիով շարունակելու տէր ըլլալ իրենց երկրին, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին£

Աւարտին, ի պատասխան զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներու հարցերուն, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պատերազմին ընթացքին անյայտ կորսուած զինուորականներու յայտնաբերման եւ ռազմագերիներու վերադարձման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Next Post

ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ

Next Post
ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ

ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.