Երէկ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ու ինկան 37 վիրաւորներ: Պայթումը այնքան մեծ էր, որ շէնքէն մաս մը փլաւ եւ վիրաւորներ կը փնտռուին փլատակներուն տակ: Վիրաւորներէն չորսը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ: Երկու կորսուած անձեր կը փնտռուին: Շէնքին մէջ կը գտնուի ձեւաւորումի ամերիկեան ակադեմիան: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց իր ցաւը այս դէպքին համար: