Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մոհամմատ Պըն Զայէտ Ալ Նահիան ժողով գումարած է Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանի հետ: Օրակարգին հիմնական նիւթն էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան զարգացումը: Երկու կողմերը շեշտեցին շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան բարելաւումին զարկ տալու հրամայականը: