Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊՀ ԱՐԵՒԵԼԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

June 22, 2023
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊՀ ԱՐԵՒԵԼԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ ուսանողները եւ դասախօսական անձնակազմը` գլխաւորութեամբ բաժանմունքի ղեկավար փրոֆեսոր Ռուբէն Մելքոնեանի:

Մելքոնեան, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուց բաժանմունքին այս տարուան ձեռքբերումները եւ ընդգծեց, որ շրջանաւարտ ուսանողները իրենց ձեռք բերած գիտելիքներով օգտաշատ ծառայութիւն կը բերեն հայրենի պետութեան եւ հայ ժողովուրդին:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, մաղթեց անոնց արդիւնաւոր գործնէութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Վեհափառ Հայրապետը ներկաները շնորհաւորեց նաեւ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի հիմնադրման 55-ամեակին առիթով` կարեւոր նկատելով բաժանմունքին առաքելութիւնը հարեւան ժողովուրդներու եւ երկիրներու անցեալին, ներկային, մշակութային ժառանգութեան ու հայ ժողովուրդին հետ առնչութիւններու ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ մասնագէտներու պատրաստման գործին մէջ:

Հայոց Հովուապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ ուսում եւ կրթութիւն ստացած շրջանաւարտները կարեւոր ներդրում ունեցած են պետականաշինութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի շատ երկիրներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու արդիւնաւորման եւ բարիդրացիական կապերու ձեւաւորման գործին մէջ: Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յորդորեց բաժանմունքին շրջանաւարտները հայրենասիրական ոգով, ազգային արժէքներուն նկատմամբ մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ, գիտական նոր ուսումնասիրութիւններով իրենց մասնագիտութեան շրջանակներուն մէջ նպաստեն հայրենիքի զարգացման ու յառաջընթացին:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց Մայր Աթոռի եւ Արեւելագիտութեան բաժանմունքին միջեւ առկայ փոխգործակցութեան` ընդգծելով, որ բաժանմունքին շրջանաւարտները դասաւանդած են նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ինչ որ եւս կապեր ձեւաւորած է ապագայ եկեղեցականներուն եւ արեւելագէտ երիտասարդներուն միջեւ:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց շրջանաւարտներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Ատրպէյճանի վերահասկողութեան տակ անցած հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան եւ համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղուած Մայր Աթոռի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ Հայ Եկեղեցու դերակատարութեան:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Next Post

ԼԸ ՏՐԻԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԼԸ ՏՐԻԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ԼԸ ՏՐԻԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.