Ֆրանսայի նախագահի Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ, նախկին արտաքին գործերու նախարար Իվ Լը Տրիան երէկ սկսաւ իր խօսակցութիւնները Լիբանանի մէջ նախագահութեան թեկնածուներուն եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Այս ժողովներու ծիրին մէջ, ան ժողով գումարեց թեկնածու Սըլէյման Ֆրանժիէի հետ: Ֆրանժիէ ժողովը համարեց դրական: Լը Տրիան ժողով գումարեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի հետ: Ան նաեւ այցելեց Լիբանանեան ուժերու նախագահ Սամիր Ժաաժաաին, որ ժողովի աւարտին յայտարարեց, թէ ֆրանսացի պատուիրակը չէ եկած մեզի պարտադրելու ոեւէ թեկնածու: Ան կոչ ուղղեց հարցը փոխադրելու խորհրդարան, հեռու ամէն արտաքին միջամտութենէ եւ ընտրելու գերիշխան երկրի նախագահ մը: