Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԻ ԹԻՐԱԽԻՆ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԶԵԿՈՅՑԸ

June 22, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԻ ԹԻՐԱԽԻՆ.  ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԶԵԿՈՅՑԸ

 

Ատրպէյճանը կը շարունակէ ցեղապաշտական կարծրատիպեր քարոզող լեզուի օգտագործումը եւ թշնամանքի հրահրումը: Հանրային քննարկումները նշանաւորուած են քաղաքական գործիչներու հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ Հայաստանի դէմ հրահրող հռետորաբանութեան կիրառմամբ, այդ շարքինª ամենաբարձր քաղաքական մակարդակով, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ ընկերային լրատուամիջոցներուն մէջ ատելութիւն պարունակող բովանդակութեան լայն տարածմամբ: Այս մասին գրուած է Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի (ՑԱԵՀ)` Ատրպէյճանի վերաբերեալ 6-րդ զեկոյցին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ խտրական վերաբերմունք կայ հայերուն դէմ: ՑԱԵՀ-ը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ հարեւան երկրի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ ատելութեան խօսքի օգտագործում կը նկատուի երիտասարդներու շրջանակին մէջ դպրոցին մէջ եւ դպրոցէն դուր, ինչ որ կրնայ հետագայ թշնամանքի համար հող նախապատրաստել:

ՑԱԵՀ-ը նաեւ կ՛անդրադառնայ 2021 թուականի Ապրիլին Պաքուի մէջ ՙՌազմաւարի պուրակի՚ բացման, ինչ որ նոյնպէս մեծ քննադատութիւն յառաջացուցած է:

ՙԶԱԵՀ-ը կը կիսէ այլ միջազգային մարմիններու, այդ շարքին` Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատարի եւ Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման մասին յանձնաժողովի արտայայտած լուրջ մտահոգութիւնները ՙյարձակումի՚ լեզուի դիմելու եւ պարբերաբար թշնամական թեզերու յառաջ քաշման առնչութեամբ, որոնք կը քարոզեն ցեղապաշտական կարծրատիպեր եւ յաւերժացնում թշնամանքը՚, նշուած է զեկոյցին մէջ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ բազմաթիւ հաղորդումներու մասին, որոնք ՑԱԵՀ-ը ստացած է հայերու դէմ բռնութեան, կամայական սպանութիւններու, անոնց գոյքի ոչնչացման մասին 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Next Post

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Next Post
ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

ՀՀ ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.